Արամ Մանուկեանի Արձանի Տեղադրումը Կը Յետաձգուի


“Երկիր Մեդիա”․- Կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզաննա Առաքէլեան նշեց, որ մի քանի օր ետք պիտի նշենք առաջին հանրապետութեան 100ամեակը, եւ ընդգծեց, որ սա առիթ է, որպէսզի վերյիշենք մեր պատմութեան, Առաջին հանրապետութեան կերտողները: Ան կառավարութեան հարց տուաւ, թէ յառաջիկայ օրերուն ի՞նչ ձեռնարկներ կը նախատեսուին, յատկապէս` ի՞նչ ճակատագիր ունեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանը, ե՞րբ պիտի տեղադրուի։

Փաշինեան պատասխանեց, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք արդէն երկու խորհրդակցութիւն ունեցած է 100ամեակի ձեռնարկներու թեմայով եւ շատ կարեւորութիւն կու տայ այդ յոբելեանին` անիկա բացառիկ արժէքային նշանակութիւն ունի:

Ան ըսաւ, որ թէեւ քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու պատճառով որոշ չափով ուշադրութիւնը  շեղուած է 100ամեակի ձեռնարկներէն, եւ հաւաստիացուց, որ անոնք տեղի պիտի ունենան պատշաճ կերպով։

«Երէկ մենք կառավարութեան նիստի ընթացքին արձանագրեցինք, որ 100ամեակը միայն Մայիս 28ը չէ, որովհետեւ Մայիս 28ին 100ամեակը կը լրանայ, բայց յառաջիկայ մէկ տարին, ըստ էութեան, 100ամեակ է, եւ մենք մշակոյթի նախարարի հետ այդ թեման քննարկած ենք, ու պէտք է պատշաճ մակարդակով ցուցադրութիւններ կազմակերպենք թանգարաններու մէջ: Դուք գիտէք, որ Սարդարապատի մէջ տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ, որ ռազմական շքերթի տարրեր պիտի պարունակէ: Նոյն օրը երեկոյեան Հանրապետութեան հրապարակի վրայ տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ, եւ ես վստահ եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ պիտի գան Հանրապետութեան հրապարակ` այդ տօնը նշելու: Պիտի ըլլայ հրավառութիւն:

«Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրումը որոշակիօրէն կը յետաձգուի, եւ մենք նաեւ այս թեման քննարկած ենք ե՛ւ կառավարութեան, ե՛ւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեր գործընկերներուն հետ: Ի հարկէ, մենք շատ կարեւոր կը նկատենք արձանի տեղադրման արարողութիւնը, եւ անիկա անպայման տեղի պիտի ունենայ: Որոշակի հարցեր ու մտահոգութիւններ կան արձանի տեղի հետ կապուած, որովհետեւ գիտէք` մօտ 100 մեթր հեռաւորութեամբ վրայ կը գտնուի Գարեգին Նժդեհի արձանը, եւ քաղաքաշինական առումով պէտք է հասկնալ` որքանով ճիշդ է նման մօտեցումը: Առնուազն, եթէ աւելի լաւ տեղ չգտնուի, արձանագրենք, որ այդ տեղը արդէն իսկ կայ: Մենք բոլոր ջանքերը պիտի գործադրենք, որ Առաջին հանրապետութեան 100ամեակը ոչ միայն Մայիս 28ին, այլ շարունակաբար, պատշաճ մակարդակով անցնի, որովհետեւ անիկա իսկապէս մեծ տօն է եւ մեծ իրադարձութիւն մեր ժողովուրդի համար», յայտարարեց Փաշինեան: