Արամ Մանուկեանի Հող-Մասունքը Ամփոփուեցաւ Սարդարապատի Մէջ


 «Երկիրմեդիա»,- Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի տարածքին Մայիսի 28-ին տեղադրուած` Արամ Մանուկեանի արձանը կարելի է անուանել յուշակոթող- սրբատեղի, ուր Յունիս 7-ին ամփոփուեցաւ պետական գործիչին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին հող-մասունքը: Արամ Մանուկեանի 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի մէջ մասունքը զետեղելու արարողութիւնը կատարուեցաւ Արմաւիրի մարզի թեմի առաջնորդ Սիոն եպիսկոպոս Ադամեանի ձեռամբ: Ներկայ էին դաշնակցականներ, ՀՄԸՄ-ականներ ու Մանուկեանի յիշատակին հաւատարիմ հայորդիներ:

Նախքան մասունքը յուշակոթողին մէջ զետեղելը` ելոյթով ու երախտիքի խօսքով հանդէս եկաւ յուշակոթողի մտայղացման հեղինակ ու նախաձեռնող Յակոբ Ճամպազեան: «20-րդ դարը իր մէջ խտացուցած է հայ ժողովուրդի երկար պատմութիւնը, որու փառահեղ էջերէն մէկն է 1918-ի Մայիս 28-ը: Այսօր ինծի առիթ ընձեռուած է այդ խորհուրդին մասին խօսելու: Ինծի համար պատիւ է ըլլալ մտայղացման հեղինակը այս փառաւոր յուշակոթողին, որուն համար կ՛ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Սարդարապատի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեանին եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին: Հայոց Ցեղասպանութեան մահասարսուռ օրերէն երեք տարիներ անց ո՞վ կրնար երեւակայել, որ 1918-ի Մայիս 28-ին հայոց մթագնած երկնակամարին վրայ պիտի ծագէր անկախ պետականութեան արեւը: Յարգա′նք մեր յեղափոխական սերունդին, անոր յայտնի ու անյայտ բոլոր հերոսներուն, որոնք իրենց թանկագին կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքի  ազատութեան սրբազան բագինին վրայ, որպէսզի հայ ժողովուրդը յարութիւն առնէ մայիսեան արշալոյսով ու ապրի ազատ, անկախ` իր սեփական հողին վրակ»,- ըսած է ան:

Ըստ Ճամպազեանի` թէեւ Առաջին Հանրապետութեան անկախութիւնը կարճատեւ եղաւ, սակայն ազատ ու հայավայել ապրելու ոգին միշտ վառ ու անխաթար մնաց հայ ժողովուրդի տարասփիւռ հատուածներուն ու հայրենիքին մէջ: Ընդգծեց` պատահական չէր, որ 1988-ի փետրուարեան օրերուն հայ ժողովուրդը, ականջալուր Արամ Մանուկեանի վաւերական կտակին, քաջութիւն ունեցաւ փշրելու իրեն շղթայած եւ ազատութիւնը բռնաբարած համայնավար բռնակալութեան կապանքները` ստեղծելով Հայաստանի ու Արցախի անկախ հանրապետութիւնները:

Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Սարդարապատ յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամ Շաղիկ Մարուխեան։

Զինուորական համազարկով ու հոգևորականներու կատարած յատուկ կարգով Արամ Մանուկեանի հող-մասունքը զետեղուեցաւ անոր յուշակոթողին մէջ` յաւերժացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրի ներկայութիւնը Սարդարապատի վեհ բարձունքին: