Արա Վարդանեան «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Պիտի Ըլլայ Եւս 3 Տարի


Այսօր տեղի ունեցող «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստի ընթացքին Արա Վարդանեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի պաշտօնին ընտրուեցաւ եւս 3 տարի ժամկէտով:

Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները իրենց ելոյթներուն մէջ դրական գնահատեցին Արա Վարդանեանի աշխատանքը: Անոնք նկատեցին, որ իրենց բարձրացուցած խնդիրներուն Արա Վարդանեան շատ արագ կ՛արձագանգէ եւ կարճ ժամանակի մէջ լուծում կու տայ:

Խօսելով հիմնադրամի աշխատանքի ձեռքբերումներէն` Արա Վարդանեան նշեց, որ իրեն համար ամենագլխաւորը այն երեխաներու, այն մարդոց ուրախութիւնն է, որ տեղի կ՛ունենայ տարբեր ծրագիրներու ժամանակ:

«Նախորդ տարի լրացաւ հիմնադրամի 25ամեակը, եւ մենք յայտարարեցինք, որ հիմնադրամը իր ծրագիրներով ուղղակի կամ անուղղակի օգնած է 500 հազար մարդու: Այսինքն` այսքան մարդու կեանքի մէջ մենք կրցանք փոփոխութիւններ մտցնել: Այս տարիներու ընթացքին ունեցած ենք 700 հազար նուիրատու: Այս թիւերը կը խօսին այն մասին, որ ե՛ւ նուիրատուները կ՛աւելնան, ե՛ւ ծրագիրները», ըսաւ Վարդանեան:

Անդրադառնալով հիմնադրամի գործունէութեան նկատմամբ վստահութեան հարցին` Արա Վարդանեան նշեց, որ այդ առումով բաւական բարձր մակարդակ ունինք:

«Այսօրուան ժամանակաշրջանին դժուար է որեւէ բան թաքուն պահել, եթէ ըլլայլ ամենաչնչին բողոքը, ընկերային ցանցերու շնորհիւ շատ արագ կը բարձրաձայնուի: Վերջին 10 տարուան մէջ չեմ յիշեր որեւէ դէպք, որ մեզի մեղադրեն այս կամ այն ծրագրի սխալ իրականացման, բարձր ծախսերու կամ մրցոյթի կանոնները խախտելու մէջ»,- ըսաւ ան:

1992 թուականին ՀՀ նախագահ Լեւոն Տէր- Պետրոսեանի հրամանագիրով ստեղծուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` որպէս եզակի կառոյց` կոչուած համախմբելու Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ապրող բոլոր այն հայերը ու անոնց համախոհները, որոնք պատրաստակամ են իրենց ջանքերը ուղղել Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու կայուն զարգացման: