Արդարութեան եւ Ճանաչման Համար Պայքարը Մեր Պայքարն է. Մաքրոնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին


Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մասնակցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամենամեայ ընթրիքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն, Իլ-տէ-ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեգրես, Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւորներ, ներառեալ` հայ պատգամաւոր Փաթրիք Տէւէճեան, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Գեբենեգեան, Ֆրանսայի հայկական եւ հրէական համայնքներու ներկայացուցիչներ: Ընթրիքի պատուոյ հիւրը եղած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան: Ընթրիքի ընթացքին ունեցած ելոյթով Մաքրոն անդրադարձած է հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցերու, ներառեալ` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրներուն:

«Արդարութեան եւ ճանաչման համար պայքարը մեր պայքարն է: Մենք այդ պայքարը կը տանինք յիշելով եւ Հանրապետութեան օրացոյցին վրայ ցեղասպանութեան յիշատակման համար օր ամրագրելով», նշած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ այդ հարցին շուրջ որոշումը պիտի ընդունուի յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:

Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին` Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ պիտի փորձէ ներգրաւել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը կանոնաւոր երկխօսութեան մէջ. «Երբեմն, հակառակ լրատուամիջոցներու ցանկութիւններուն»: «Ես անոր ըսած եմ այն ամէնը, ինչ կայ: Մեր արդիւնքը այս պարագային շարք մը լրագրողներու ազատ արձակումն է: Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան վերաբերեալ բազմաթիւ լաւ հիմնաւորուած կասկածներ կան, սակայն իմ կարծիքով արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Ֆրանսայի ուղերձը դատարկութեան մէջ ուղղուած խօսք չէ», նշած է ան:

Ֆրանսայի նախագահը ջերմօրէն ողջունած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը` նշելով, որ վերջինիս ձայնը կը հնչէ երբեմն անհաւասար միջավայրի մը մէջ, սակայն անիկա շատ աւելի կարեւոր է, քան շատերուն բարձրակոչ յայտարարութիւնները: