Արդէն Սկսած Ենք Կերտելու Նոր Հայաստան. ՀՀ Նախագահին Ուղերձը


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է, ուր կ՛ըսուի․

«Հանրապետութեան մէջ առկայ քաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու նպատակով՝ երեկ տարբեր մակարդակներով յագեցած քննարկումներէ ետք՝ ներգրաւուած քաղաքական ուժերը հանդէս եկան յայտարարութիւններով, որմով տրամաբանական աւարտին կը մօտենան երկրին մէջ ծաւալած ժողովրդավարական զարգացումները:

«Այս առիթով կ՝ողջունեմ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած համաժողովրդական շարժման, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի, «Ելք» դաշինքի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանատու կեցուածքը, որ կը բխի Հայաստանի եւ մեր ժողովուրդի գերակայ շահերէն եւ դուռ կը բանայ ազգային համերաշխութեան:

«Այս կեցուածքով մեր ժողովուրդը կրկին անգամ ցոյց տուաւ, որ ճակատագրական պահուն ունակ է համախմբուելու եւ ազգանպաստ որոշումներ կայացնելու:

«Այս օրերուն Հայաստանը համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան առարկան է: Մենք կ՝անցնինք փորձութիւններու մէջէն եւ վստահ եմ, որ Մայիս 8ին պիտի ամրագրուին յանուն բարեփոխումներու համազգային շարժման ձեռքբերումները, որուն մէջ իրենց բաժինը ունին բոլորը՝ քաղաքական ուժերէն սկսեալ մինչեւ մեր ժողովրդի բոլոր հատուածները Հայաստանի, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ:

«Անիկա պիտի բարձրացնէ մեր հեղինակութիւնն ու վարկը աշխարհի մէջ:

«Այս ամէնուն մէջ կ՝ուզեմ յատկապէս բարձր գնահատել մեր պայծառ երիտասարդութեան ներգրաւուածութիւնը եւ վճռորոշ դերը: Երիտասարդութիւն, որ իր ստեղծարար եռանդով, նպատակասլացութեամբ եւ հանդուրժողականութեամբ այս բախտորոշ օրերուն ամէնուր կը սփռէր լոյս, համերաշխութիւն, սէր եւ հաւատք:

«Հպարտ եմ մեր ժողովուրդով՝ Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներով, մեր միասնականութեամբ եւ համերաշխութեամբ: Հաւատացած եմ եւ կը տեսնեմ, որ արդէն սկսած ենք կերտել նոր Հայաստան, որ դէպի իրեն պիտի քաշէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, իր մէջ պիտի կուտակէ եւ իրացնէ անոնց տաղանդը, ձեռներէցութիւնը եւ եռանդը»: