Արեւելեան Ճաշերը՝ Երեւանի Մէջ


Անի Բրդոյեան-Ղազարեան


ԼԱՀՄԱՃՈ

Վերջապէս այսօր որոշուեցաւ ինչ ճաշ պիտի պատրաստեմ, ամէն օր ճաշի պատրաստութեան հոգը կայ. ամէն ինչ չեն ուտեր, երիտասարդ են, միշտ ալ կը հարցնեմ, պատասխանող չ՚ըլլար, կամ ալ՝ «Մա՛մ, ինչ կ՚ուզես եփէ, կ՚ուտենք», կ՚ըլլայ պատասխանը: Երանի՜ ուտեն ամէն ինչ…:

Միսը երէկուընէ ապահոված եմ, կանաչեղէնը՝ նոյնպէս, լաւ է որ այս թաղամասի փուռը մեր սովորութիւնը դարձած՝ մսաշօթի պատրաստութիւնը կ՚ընէ յարմար գինով: Հոս մսաշօթը չեն գիտեր, բայց «լահմաճո»ն կը յարգեն: Վերջին մի քանի տարիներուն այս արեւելեան ճաշատեսակը Երեւանի մէջ սիրուած խմորեղէններու շարքին կը դասուի, բոլոր փուռերը անխտիր կը պատրաստեն, նոյնիսկ երբեմն ցուցատախտակներուն վրայ խմորեղէնի ցանկին մէջ նշած կ՚ըլլան «լահմաճո»ն:

Շատ են սուրիացիք այս թաղամասին մէջ ու փռապանը լաւ յաճախորդ ունի, հեռուներէն ալ քովը կու գան մերինները մսաշօթ պատուիրելու համար, ճիշդ այնպէս ինչպէս վարժ էին ընելու ծննդավայրը՝ մանր աղացած միսին համեմներն ու կանաչեղէնը խառնելով կը տանէին փուռ: Երէկ գիշեր ես ալ խառնեցի ու սառնարանը տեղաւորեցի, մեր մեծերը այդպէս կ՚ընէին, որ միսը լաւ մը ուտէ համերը:

Փուռին դէմը կարգիս կը սպասեմ, վաթսուննոց կին մը կեցած, կը սպասէ թարմ ու բուրաւէտ պուլկիներուն, որոնց բոյրը արդէն իսկ կը մատնէ անոնց պատրաստ ըլլալը: Համով հայկական խմորեղէն մըն է, մանաւանդ՝ շոքոլայովը, ես ալ առնեմ մի քանի հատ: Փուռին վաճառող աղջիկը հարցական հայեացքով մը կը դիմէ ինծի, «Լահմաճո եմ բերել, որ սարքէք», կ՚ըսեմ ու խառնուրդը կը փոխանցեմ իրեն: Վաթսուննոց կինը ապշահար կը հարցնէ.

-Դուք էստե՞ղ էք աշխատում:

-Ո՛չ,- կ՚ըսեմ,- միայն խառնուրդը բերի, որ եփեն ու գամ առնեմ, երբ պատրաստ ըլլայ:

-Սենց բան չէի տեսել,- կը շարունակէ կինը:

ԹԱՊՊՈՒԼԷՆ, ՀՈՒՄՄՈՒՍԸ, ՄՈՒԹԱՊՊԱԼԸ ԵՒ ԱՅԼՔ

Մարշուտնիին (փոքր հանրակառք) մէջ նստած եմ, դէմս մայր մը ու իր եօթ-ութ տարեկան մանչուկը կը զրուցեն: Դպրոցական ծանր պայուսակին բեռը ձագուկը յոգնեցուցած ըլլալու է, որ բազմած է հանրակառքի աթոռին հանգիստը գտնողի մը տպաւորութեամբ: Մայրը ճաշի պատրաստութեան համար կը հարցնէ.

-Բալիկս, էսօր ի՞նչ ենք ուտելու, ի՞նչ ես ուզում սարքեմ:

Աս կինն ալ ինծի պէս շուարած կ՚երեւի ամէն օր ճաշի պատրաստութեան մտահոգութենէն:

-Ի՛նչ ուզում ես, սարքի, մա՛մ, սոված եմ:

-Բալէս, թապպուլէ սարքե՞մ, մի քիչ էլ ժառիթ առած (տապկուած) քարթոֆիլ(գետնախնձոր) կողքը:

-Հա՛, մա՛մ, շատ լաւ ա. ուզում եմ մի քիչ էլ հումմուս ու մութապպալ առնես մեր կողքի «Հալէպ» խանութից:

Շշմած մտիկ կ՚ընեմ: Գիտէի որ այս վերը յիշուած ճաշատեսակները մտած են ճաշարաններու ճաշացանկերուն մէջ, սակայն տուներէն նե՞րս, ու մանուկ մըն է զանոնք թուարկողը, ի՛նչ ալ անուշ կը հնչեն իր բերնէն հումմուսը, մութապպալը…:

Հոս, հալէպահայերու ուտեստեղէնի խանութներուն մէջ արեւելեան համեմներ, ձիթապտուղի ձէթ, հալվա, թթուաշ կամ թթու (թուրշու) արեւելեան ձեւով պատրաստուած, ծոթրին, սեւ ու կանաչ ձիթապտուղ, պղպեղի մածուկ…, եւ մա՛նաւանդ հումմուս ու մութապպալ կը ծախուին:

Հալէպահայերուն տարիներու բնակութեան հետ աճեցաւ այս խանութներուն թիւը, գրեթէ բոլոր շրջանները տարածուեցան անոնք ու հայաստանցիք ահաւասիկ ընտելացած են արեւելեան համեմներուն ու ուտեստեղէնին: Յաճախ այդ խանութներուն մէջ հանդիպած եմ հայաստանցիներու, որոնք ծոթրին ալ գնելու եկած են եւ ծոթրինը խնդրելու համար՝ «Զաթար ունէ՞ք» ըսելով դիմած են խանութպանին:

Ի՛նչ խօսք, արեւելեան ճաշատեսակներուն համն ու հոտը ուրիշ է, ահաւասիկ անոնք կը դասուին հայաստանեան խաշին, քապապին կողքին: Հա, չմոռնանք միջուկով կամ իջլի քէօֆթէն, ինչպէս վարժ են ըսել հայաստանցիք: Այս ճաշատեսակը միշտ կայ, բոլոր առիթներուն հայկական սեղանները զարդարող տեսակ է, ինչպէս նաեւ մոլերու սառնարաններուն մէջ պատրաստ, սառեցուած պնակներով կը վաճառուի: Հայաստանցի բարեկամ մը իջլի քէօֆթէին ակնարկելով՝ «Առանց իջլի քէօֆթէի քէֆչի լինի, իսկի սեղան սարքել չի լինի, տարեգլուխ չի լինի», ըսած էր առիթով մը:

Է՛հ, անուշ լինի: