Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Արդէն Բաց է


Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան` որպէս առանձին ուիքիհարթակ, արդէն բացուած է։ Հանրագիտարանը դեռ նոր է, համարեա դատարկ, եւ շուտով Արեւելահայերէն Ուիքիփետիայէն արեւմտահայերէն յօդուածները պիտի տեղափոխուին Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա, եւ հանրագիտարանը բնականոն հունով արդէն պիտի շարունակէ զարգանալ։

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առաջին յօդուածը կը պատմէ Մայրենի լեզուի օրուան մասին`https://hyw.wikipedia.org/wiki/Մայրենի_Լեզուի_Օր

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի` որպէս առանձին հանրագիտարան դառնալու ջանքերուն նպաստած են «Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն աջակցած են Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ստեղծման եւ հովանաւորած նախագիծի միջոցառումները:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանի խօսքով, Արեւմտահայերէն Ոիքիփետիան կրնայ կարեւոր խթան հանդիսանալ արեւմտահայերէնի գործածութեան համար:

«Վիքիմեդիա Հայաստան»-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան նշած է, որ սա արեւմտահայերէնին վերածնունդ տալու կարեւոր քայլ է, հզօր հնարաւորութիւն է  արեւմտահայերէնը պահպանելու  եւ զարգացնելու որպէս գիտելիք ստեղծելու եւ ստանալու լեզու:

«Ուիքիփետիան կարեւոր հարթակ է, ուր արեւմտահայերէնը կարելի է գործածել զանազան ձեւերով` կարդալով, խնբագրելով, բարելաւելով եւ ստեղծելով արեւմտահայերէն յօդուածներ: Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը արդիւնաւէտ հիմքերու վրայ է: Յոյս ունինք, որ լեզուին տիրապետող բոլոր անհատները այս առիթը կ’օգտագործեն համացանցին մէջ արեւմտահայերէն բովանդակութիւնը զարգացնելու համար», ըսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտոր Ռազմիկ Փանոսեան:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորիս համար: Ուիքիփետիայի խմբագրման հնարաւորութիւններուն ծանօթ բոլոր անձիք կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել հանրագիտարանի զարգացման գործին: