Արեւմտեան Հայաստանի Հայկական Պատմական Կառոյցներու Թալանն ու Աւերը Կը Շարունակուին


Կարնոյ Ս․ Մինաս եկեղեցին։

Ամէն շաբաթ մամուլին մէջ կը հանդիպինք Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներու եւ պատմական կառոյցներու անտէրութեան մատնուելու եւ թալանի ենթարկուելու լուրերուն։

 «Ակունք»ը տեղեկութիւններ քաղելով թրքական աղբիւրներէ, կը հաղորդէ, որ Կարնոյ (թրքական անուանումը` Էրզրում) մէջ 1790-ականներուն կառուցուած հայկական Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ մէջ գանձագողերը հայերու ոսկիները գտնելու մոլուցքով տարուած, անօրինական կերպով փոսեր բացած են: Իբրեւ թէ Ազիզիէի գաւառապետարանը դիմած է գերմանաբնակ հայու մը, որուն կը պատկանի այս եկեղեցին, որպէսզի ան իր համաձայնութիւնը տայ եկեղեցին նորոգելու համար, սակայն ան չէ համաձայնած։ Այսպիսով թրքական իշխանութիւնները եւ անոնց ծառայող մամուլը սկսած են նման դէպքերու մեղքը բարդել հայերու վրայ: 

Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Թոմարզա գաւառին մէջ գտնուող հայկական պատմական Ս Պօղոս–Պետրոս եկեղեցւոյ տանիքը աստիճանաբար ճաքեր կու տայ եւ կը փլի, իսկ եկեղեցւոյ սիւներուն ծեփերը կը թափին: Թոմարզայի մշակութային միութեան նախկին նախագահ Հասան Կիւրպիւզ կը նշէ, որ եկեղեցին աւերման եզրին է: «Մեր մեծագոյն ցանկութիւնն է, որ անհետացած որմնագիրներով այս եկեղեցին վերանորոգուի եւ ծառայէ զբօսաշրջութեան», ըսած է ան:

Ան կը նշէ, որ որոշ ժամանակ որպէս պահեստ օգագործուած, այնուհետեւ ժողովուրդին կինոթատրոն ծառայած եկեղեցին այժմ փլուզման եզրին է: Այս պահուն կը պահպանուին որմնանկարները: Աղաւնիի բոյնի վերածուած եկեղեցին, անուշադրութեան եւ անտարբերութեան հետեւանքով, աւերման վտանգի տակ է: «Կ՛ակնկալենք նահանգի Մշակութային եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պաշտօնեաներու արձագանգը: Թոմարզայի մէջ գտնուող եկեղեցին տեղական եւ արտերկրեայ պատմութիւն սիրողներու համար տեսարժան վայր է: Յուսով եմ` եկեղեցին չի վերանար եւ կը նորոգուի»:

Խարբերդի (թրքական պաշտօնական անուանումը՝ Էլազըղ) Ալաճաքայա գաւառէն 21 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մօտ 600-ամեայ պատմական բնակավայրը լիովին վերանալու վտանգի տակ է: Այդ շրջանին մէջ, ուր ենթադրաբար գտնուած են 2 հայկական եւ 1 մահմետական թաղամասեր, բացի բնակատեղիներէն, կան նաեւ եկեղեցի, ջրաղաց եւ գերեզմաններ:

Ժայռոտ եւ ընդարձակ տարածքին վրայ կառուցուած այդ պատմական բնակավայրին մէջ գտնուող կառոյցները բաւական ուշագրաւ են եւ կրցած են պահպանել իրենց պատմական առանձնայատկութիւնները եւ հասնիլ մեր օրերը:

Մինչ օրս որեւէ գիտական ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած այդ վայրին մէջ: Դարեր շարունակ բազմաթիւ բնական աղէտներու դիմակայած սոյն պատմական կառոյցները՝ վերջին շրջանին սկսած են աւերուիլ գանձ փնտռողներու կողմէ, որոնք չեն բաւարարուիր պատմութիւնը ոչնչացնելով, այլ նաեւ 600-ամեայ հայկական գերեզմանները բանալով՝ կը փորձեն գտնել ոսկիի նման արժէքաւոր մետաղներ:

Բացուած գերեզմանները չեն փակուիր եւ այդպէս ալ բաց կը մնան, եւ որ շրջակայ գիւղերու բնակիչները կը խնդրեն այդ պատմական շինութիւնները հնարաւորինս արագ պահպանման տակ առնուին եւ վերականգնուին, որպէսզի փոխանցուին յետագայ սերունդներուն:

Կեսարիոյ Ս․ Պօղոս–Պետրոս եկեղեցին։

 

Խարբերդի 600-ամեայ պատմական բնակավայր։