Արթուր Ալեքսանեան Խոր Վիրապի Մէջ Վառեց Համահայկական 7-րդ Խաղերու Երկրորդ Ջահը


Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան Խոր Վիրապի մէջ` Գրիգոր Լուսաւորիչի կանթեղէն՝ վառած է Համահայկական խաղերու ջահը: 

Այս անգամ, Համահայկական խաղերուն համար նախատեսուած է վառել խորհրդանշական երեք ջահ:

Մէկը օրերս վառած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ Մուսա Լերան ստորոտին, երկրորդը` Խոր Վիրապի մէջ, իսկ երրորդը, քանի մը օրէն, պիտի վառի Արցախի Տիգրանակերտ հնավայրին մէջ:

Օգոստոս 6-ին, Համահայկական 7-րդ խաղերու հանդիսաւոր բացման օրը, ջահերը պիտի միանան Ստեփանակերտի մէջ՝ խորհրդանշելով Հայաստանի Հանրապետութիւն- Արցախ- Սփիւռք ամբողջութիւնը:

Համահայկական եօթներորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 6-էն 17: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: