Արժանթինի Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը


Արժանթինի Ազգային խորհրդարանի քննարկմանն ներկայացուած է ցեղասպանութիւններու, որոնց շարքին Հայոց ցեղասպանութեան, ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագիծը ներկայացուցած է պատգամաւոր եւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Նիլտա Հարրէն:

Ըստ օրինագիծին, իւրաքանչիւրը, որ «հրապարակաւ կը ժխտէ, նուազագոյնի կը հասցնէ, կ՛արդարացնէ կամ հաւանութիւն կու տայ ցեղասպանութեան որեւէ ձեւի կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն», պիտի դատապարտուի Արժանթինի Քրէական օրինագիծի համապատասխան յօդուածով:

«2006ին Ազգային ժողովը ընդունած է 26,199 օրէնքը Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, որուն զոհ գացած է հայ ժողովուրդը: Հետեւաբար, պարզ է, որ անիկա ընդգրկուած է մեր ներկայացուած նախագիծին մէջ»,ըսած է Հարրէն:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ հակադարձին ան ըսաւ. «Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կրնայ Թուրքիան արձագանգել: Բայց ես գիտեմ, որ Արժանթինի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է, իսկ Ազգային քոնկերսը կը ներկայացնէ անոր լիազօրութիւնները»:

Նշենք, թէ վերջերս Թուրքիոյ ԱԳ Չաւուշօղլու այցելեց Արժանթին, որ Թուրքիոյ ամենաբարձրաստիճան պաշտօնեայի վերջին 20 տարուան ընթացքին միայ այցելութիւն էր: Հայ համայնքը դատապարտած էր Չաւուշօղլուի այցը` ընդգծելով, որ ան կը ներկայացնէ պետութիւն մը, որ կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ նաեւ կ՛աջակցի Ազրպէյճանին Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ պատերազմական գործողութիւններուն:

author-avatar

This author has not supplied a bio yet.