Արժանթինի Փոխնախագահը Մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ոգեկոչման


«Prensa Armenia».- Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին օրը, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ բողոքի մեծ ցոյց մը իրականացած է Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց:

«Աւելի քան 100 տարի անց՝ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ մնալ անպատիժ` իբրեւ պետական քաղաքականութիւն կիրառելով ժխտողականութեան ծրագիրը: Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի` Արժանթին աշխարհի մէջ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի առաջամարտիկներէն է», ըսուած է հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութիւններու յայտարարութեան մէջ:

«Մեր ուղերձը ընդդէմ այս դեսպանութեան է, որ կը ներկայացնէ ցեղասպան ու ժխտող պետութիւնը, որ չէ փոխուած եւ կը շարունակէ սրել իր դիրքորոշումը իբրեւ անհանդուրժող եւ մենատէր պետութիւն», ըսած է Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց կազմակերպուած քայլերթին կազմակերպիչներէն՝ Հարաւային Ամերիկայի հայկական երիտասարդական դաշնութեան նախագահ Կարօ Սէֆէրեան:

Երթէն առաջ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ մատուցուած է սուրբ պատարագ, որուն մասնակցած է Արժանթինի փոխնախագահ Կապրիէլա Միչեդդին:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը այսօր յիշելը կ՝օգնէ մեզի թոյլ չտալու, որ նման կոտորածներ կրկին պատահին: Երբ կը խօսինք ցեղասպանութեան մասին, մենք գործ ունինք մարդկութեան դէմ յարձակման հետ», նշած է Միչեդդին, որ այնուհետեւ կարդացած է Ուիլեըմ Սարոյեանի բանաստեղծութիւններէն մէկը: Ան յիշեցուցած է, որ Արժանթինը օրէնքի ուժով ճանչցած է ցեղասպանութիւնը 2007ին:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ պատգամաւորներ, որոնք մաղթած են, որ հայ ժողովուրդը գտնէ արդարութեամբ հաստատուած խաղաղութիւնը: