Արիս Պապիկեան Վերընտրուեցաւ Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Երեսփոխան


«Թորոնթոհայ»- Գանատահայ Նահանգային խորհրդարանի անդամ,  Յառաջդիմական-Պահպանողականներու կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան Յունիս 2-ին տեղի ունեցած Նահանգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերնըտրուեցաւ Սքարպորօ-Աճընթքորթի շրջանէն:

68-ամեայ Պապիկեան Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած յաղթական երեկոյթի ժամանակ ըսաւ, որ հաւատարիմ է իր կուսակցութեան խոստումներուն՝ վերակառուցելու Scarborough Health Network-ի Birchmount հիւանդանոցը և Sheppard Subway-ի ընդլայնմանը:

Ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներով Պապիկեան յաղթեց, ստանալով ընտրողներու ձայներուն 49,1-ը։

Երեսփոխան Պապիկեանին պաշտօնապէս շնորհաւորեցին Գանատայի և Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբերը, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը, Թորոնթոյի Ս․ Աստուածածին եւ Ս․ Երրորդութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցիները։

Արիս Պապիկեան Օնթարիոյի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւորի պաշտօնին կոչուած է 2009-ին եւ այդ պաշտօնը վարած է 6 տարի:

Ան երկար տարիներ վարած է Armenian National Federation of Canada-ի նախագահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ վարած է Canadian Ethnocultural Council-ի քարտուղարութիւնը: Իբրեւ լրագրող անդամակցած է National Ethnic Media and Press Council of Canada-ի: Գանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրման 125-ամեակին առթիւ ան արժանացած է Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին գնահատական շքանշանին:

Պապիկեան մեծ ներդրում ունեցած է հայ համայնքի կեանքին մէջ: Գանատահայ համայնքին իր 32 տարուան անխոնջ ծառայութեան ընթացքին ան 4 տարի գործած է որպէս պատասխանատու վարիչ տնօրէն Գանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին մէջ: Պարգեւատրուած ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մետալով։