Արիս Պապիկեան Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխան ԸՆտրուեցաւ


Յարութիւն Դերձակեան


Գանատայի Օնթարիօ նահանգի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան Յունիս 7ին։ Ընտրութիւններուն մասնակցեցան Յառաջդիմական-Պահպանողական, Ազատական,  Նոր Ժողովրդավար եւ Կանաչներու կուսակցութիւնները։ Թորոնթոյի Էճինքորթ ընտրատարածքէն Յառաջդիմական-Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու Արիս Պապիկեան քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանէն ներս առաջին Գանատացի-Հայ երեսփոխանը ։

Ազգային յայտնի գործիչ Արիս Պապիկեան ժրաջանօրէն իր մասնակցութիւնը բերած է Գանատայի հայկական գաղութի կեանքէն ներս։ Ան մեծ աշխատանք տարած է գանատական, հայկական, բազմամշակութային, քաղաքական, ընկերային ծառայութեան, ուսումնական, գաղթականներու եւ այլ ոլորտներէն ներս։ 38 տարիներու ընթացքին, ան չորս տարի վարած է Օթաուայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը։ Այդ շրջանին Գանատական ծերակոյտէն եւ երեսփոխանական պալատէն ներս հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին հիմնական իր ներդրումը ունեցած է։ Մասնակցութիւն բերած է Թորոնթոյի շրջանի պետական դպրոցներու ուսումնական խորհուրդի այն նախաձեռնութեան, որով պետական երկրորդական վարժարաններու մէջ կը սկսէր դասաւանդուիլ ընդհանուր ցեղասպանութիւններու նիւթը։

Ան որպէս թղթակից եւ լրագրող, հիւրընկալուած է հեռատեսիլային կարգ մը կայաններու կողմէ եւ մասնակցած է ձայնասփիւռի մասնագիտական ծրագիրներու։ Իր յօդուածներն ու հարցազրոյցները տպուած են միջազգային բազմաթիւ թերթերու ու հանդէսներու մէջ։

2009 թուականին, Գանատայի կառավարութեան քաղաքացիութեան ու ներգաղթի Նախարար Ճէյսըն Քէնիի կողմէ Միսիսոկա տարածքաշրջանին համար երկու շրջան քաղաքացիութեան դատաւոր նշանակուեցաւ, ուր ծառայեց վեց տարի։

Հայկական գաղութային աշխատանքներուն եւ ծառայութիւններուն առ ի գնահատանք Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ արժանացած է ոսկէ մետալի, ինչպէս նաեւ Գանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրութեան 125ամեակի առիթով արժանացած է Մեծն Բրիտանիոյ Թագուհիի գնահատական շքանշանին։