«Արմենփրես»ը 100 Տարեկան է


Հայաստանի առաջին` «Արմենփրես» պետական լրատուական գործակալութիւնը կը նշէ հիմնադրման 100ամեակը:

«Արմենփրես»ը հիմնադրուած Է 1918 թուականի Դեկտեմբեր 18ին, երբ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Ազգային Խորհուրդի որոշումով ստեղծուեցաւ նախադէպը չունեցող պետական լրատուական` Հայկական հեռագրական գործակալութիւնը: Այժմ «Արմենփրես» լրատուական գործակալութիւնը կը գործէ որպէս փակ բաժնետիրական ընկերութիւն, որու բաժնետոմսերը կը տնօրինէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Գործակալութիւնը ամենահինն է Հայաստանի մէջ: Ներկայիս ան կը թողարկէ շարք մը լրատուական ժապաւէններ` պաշտօնական, քաղաքական, տնտեսական, հասարակական,  մարզային, տարածաշրջանային, միջազգային, մշակութային, մարզական, հարցազրոյցներ, լուսանկար- նորութիւններ:

2017ի Նոյեմբերին ՀՀ կառավարութիւնը «Հայաստանի Հանրապետութիւն-ռեսպուբլիկա Արմէնիա» եւ «Հանրապետութիւն» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնները «Արմենփրես» փակ բաժնետիրական ընկերութեան միացման ձեւով վերակազմակերպելու որոշում ընդունեց:

«Արմենփրես»ը հայաստանեան լրատուադաշտի մէջ կը պահպանէ իր առաջատարի դերը եւ ամուր հիմքեր կը ստեղծէ տարածաշրջանային եւ միջազգային լրատուական հարթակներու վրայ` գործակալութեան ներկայութիւնը ապահովելու եւ զարգացնելու առումով: Գործակալութիւնը աշխոյժօրէն լուսաբանած, հանրահռչակած եւ միջազգային առաջատար լրատուամիջոցներու մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները, հակահարուած տուած է ազրպէյճանական քարոզչութեան, եղած է եւ կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, թրքական մերժողականութիւնը բացայայտելու առաջին դիրքերու վրայ:

Գործակալութիւնը օրական կը հրապարակէ քանի մը հարիւրի հասնող լուրեր հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն լեզուներով: Ան աշխոյժօրէն կը գործէ ընկերային գրեթէ բոլոր հարթակներու վրայ: Ան Հայաստանի մէջ եզակիներէն է, որու ֆէյսպուքեան էջը վաւերացուած է, որ կը ցուցակագրուի News google.com եւ Bing news միջազգային համակարգերու եւ «Եանտեքս» նորութիւններու կողմէ: Գործակալութեան կայքը կը համապատասխանէ ժամանակակից պահանջներուն եւ հասանելի է թէ համակարգիչներու, թէ «խելացի» հեռախօսներու համար:

«Արմենփրես»ը ունի բազմաթիւ բաժանորդներ ինչպէս Հայաստանի այնպէս ալ արտերկրի մէջ:  Գործակալութեան բաժանորդներու շարքին զանգուածային լրատւութեան միջոցներէն բացի դեսպանատուներն են, միջազգային կազմակերպութիւնները, դրամատուները, վերլուծական կեդրոնները եւ այլն: