«Արմէն» Ճամբարը Պիտի Դառնայ Ընկերամշակութային Կեդրոն


«Ասպարէզ»․- Պոլսոյ քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուցած է Թուզլայի հայկական «Արմէն» ճամբարը («Քամփ Արմէն») ընկերային-մշակութային կեդրոնի մը վերածելու առաջարկը, միաժամանակ արտօնելով, որ հոն դարձեալ հայերու համար որբանոց մը կառուցուի։

Ինչպէս յայտնի է, ճամբարը երկար տարիներով գրաւուած էր, սակայն «Նոր Զարթօնք» շարժումի երիտասարդներուն կողմէ տարուած երկարատեւ պայքարէն ետք կարելի եղաւ զայն վերադարձնել Կետիկփաշայի Աւետարանական եկեղեցիին։ Ճամբարը ետ առնելու նպատակով այդ երիտասարդներուն կողմէ յառաջ տարուած պայքարը ուժ կ՛առնէր նաեւ այն յիշեցումէն, թէ տարաբախտ Հրանդ Տինք եւս ատենօք ապաստան գտած էր այս ճամբարին մէջ։ 2015ին այդ որբանոցը հասաւ փլուզման եզրին եւ այդ ժամանակ էր, երբ բողոքի պայքարը սկսաւ։

Ըստ պատրաստուած ծրագիրին՝ հաստատութեան մէջ պիտի կառուցուի համակարգիչի ու արհեստագիտութեան կեդրոն, երեք աշխատանոցներ, ձեռագործի ու երաժշտական գործիքներու աշխատանոց, ճաշարան, 200 անձ ընդունող լսարան, ուսանողներու համար կացարան եւ հիւր ուսանողներու բաժին։ Համալիրէն ներս պիտի բացուի նաեւ որբանոցին անցեալը ցոլացնող ցուցահանդէս մը։ Կեդրոնը պիտի ապրեցնէ Հրանդ Տինքի յիշատակը ու տարին 12 ամիս ծառայութիւն պիտի մատուցանէ համայնքին։ Նաեւ պիտի պահպանուի կառոյցին նախնական տեսքը։