Արմէն Սարգսեանին Շնորհուեցաւ Համաշխարհային Պետական Գործիչի Մրցանակը․ «Կը Հաւատամ, Որ 21րդ Դարը Հայաստանի Դարն Է», Ըսաւ ՀՀ Նախագահը


Նիւ Եորքի մէջ Հոկտեմբեր 3ին տեղի ունեցաւ Արեւելք-Արեւմուտք հիմնարկի տարեկան 25րդ կալա մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ եղան անուանի պետական, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, դեսպաններ, գործարարներ, ամերիկահայ համայնքի անդամներ:

Միջազգային այս հեղինակաւոր կառոյցը իր տարեկան մրցանակը  աւանդաբար կը շնորհէ այն անձերուն, որոնք կը յատկանշուին իրենց փայլուն առաջնորդութեամբ, նորարարութեամբ եւ իբրեւ փոփոխութեան յառաջամարտիկ` գործելու կարողութեամբ:

Հիմնարկի համահիմնադիր, ամերիկացի դիւանագէտ Ճոն Էտուին Մրոզի անուան Համաշխարհային պետական գործիչի մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին:

Մրցանակը յանձնելու արարողութեան ժամանակ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արեւելք-Արեւմուտք հիմնարկի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ռոս Փերոթ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պատուոյ մրցանակին համար`  նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ելոյթի ընթացքին ըսաւ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է այստեղ ներկայացնել իմ ժողովուրդը եւ պետութիւնը: Ես իսկապէս ունիմ ապագայի մասին երազանք կամ տեսլական, որ կը ներառէ նաեւ այն փաստը կամ իրողութիւնը, որուն մենք կ՛առերեսուինք. այն է` աշխարհը դէպի ո՞ւր կը շարժի»:

«Եթէ 20րդ դարը բնական պաշարներու եւ, անկէ մեկնելով, քաղաքական ու այլ ուժերու դարն էր, ապա 21րդ դարը ուրիշ բան պիտի ըլլայ:

“21րդ դարը հետազօտութիւններու զարգացման, նոր արհեստագիտութիւններու դար է: 21րդ դարը այն ժամանակաշրջանն է, երբ ամէն բան պիտի կատարուի եւ ղեկավարուի նոր գաղափարներու, նոր հետազօտութիւններու միջոցով, անո՛նց կողմէ, որոնք արագ են, երիտասարդ` անկախ տարիքէն, եռանդուն: Այս պիտի ըլլայ 21րդ դարը, քաղաքականութիւնը այլ ձեւով պիտի իրականացուի:

«Ես իսկապէս կը հաւատամ, որ 21րդ դարը Հայաստանի դարն է, հետեւաբար, կը կարծեմ, որ մենք յաղթանակած պիտի ըլլանք: Ուրախ եմ հայ ազգի մասը ըլլալուս:

«Մենք փոքր երկիր ենք, բայց համաշխարհային ազգ` 21րդ դարու ազգ: Շատ չեն այսպիսի ազգերը, սակայն ես հաւատացած եմ, որ փոքր պետութիւն ունեցող, բայց համաշխարհային ազգերը, որոնք ունին համաշխարհային փոխկապակցուածութիւն, կրնան համախմբուիլ ու կառուցել իրենց երկիրը: Այս է ապագան», ըսած է նախագահ Սարգսեան: