Արմէն Սարգսեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի 4րդ Նախագահ


ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընտրեց Հայաստանի Հանրապետութեան 4րդ նախագահը:

Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկեց 90, դէմ` 10 պատգամաւոր:

«Քուէարկութեան մասնակցած է 101 պատգամաւոր: Քուէատուփին մէջ եղած է 101 քուէաթերթիկ, որոնցմէ անվաւեր համարուած է մէկ քուէաթերթիկ: Այսպիսով, Արմէն Սարգսեան ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ», յայտնած է­ ՀՀ Ազգային Ժողովի ժամանակաւոր հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մելիքեան:

ՀՀ նախագահի ընտրութեան քուէարկութեան արդիւնքները յայտարարուելէ ետք Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ կ՛ակնկալէ պատգամաւորներուն եւ ողջ հայ ժողովուրդին աջակցութիւնը: «Կ՛ակնկալեմ նաեւ ձեր եւ մեր ժողովրդի աջակցութիւնը ու մասնակցութիւնը մեր ապագայ բոլոր յաղթանակներուն, որոնք պիտի ըլլան ի շահ մեր պետութեան եւ մեր ժողովրդին»,- ըսած է Սարգսեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց քուէարկութեան մասնակցած բոլոր պատգամաւորներուն: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր կողմ քուէարկողներուն եւ բոլոր դէմ քուէարկողներուն: Կը ցանկամ բոլորիդ շնորհակալութիւն յայտնել մեր երկրին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններու գործընթացին մէջ ձեր կարեւոր ներդրման համար»,- ըսած է։

Արմէն Սարգսեան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ապրիլ 9ին, երբ կ՛աւարտի գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւններու ժամկէտը::