«Արշիլ Կորքի. 1904-1948» Խորագիրով Ընդարձակ Ցուցահանդէս՝ Վենետիկի Արուեստի Փառատօնին


ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Արթնիուզ».- Մօտաւորապէս վեց ամիսէն պիտի բացուի Վենետիկի մէջ երկու տարին անգամ մը տեղի ունեցող միջազգային արուեստի հսկայ փառատօնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի ամերիկահայ արուեստագէտ Արշիլ Կորքիի արուեստին նուիրուած ծաւալուն ցուցահանդէս մը։

Փառատօնը պիտի սկսի Մայիս 8ին, եւ փառատօնի ծիրին մէջ, «Քա՛ Փեսարօ» ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ պիտի իրականցուի «Արշիլ Կորքի. 1904-1948» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր նաեւ պիտի ներկայացուի անոր ողբերգական կեանքի պատմութիւնը։

Ցուցահանդէսը պիտի ներառնէ մօտաւորապէս 80 գործեր՝ սկսելով Կորքիի ստեղծագործական կեանքի առաջին քայլերէն մինչեւ գերիրապաշտ եւ վերացական արուեստի իր գլուխ գործոցները, որոնք Վենետիկ պիտի տարուին Բրիտանիոյ «Թէյթ» պատկերասրահէն, Ուաշինկթընի Արուեստի ազգային ցուցադրասրահէն, Փարիզի «Ժորժ Փոմփիտու» արուեստի եւ մշակոյթի ազգային կեդրոնէն ու այլ հաւաքածոներէ։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 22 Սեպտեմբեր 2019։

Նշենք, որ Կորքի կը հանդիսանայ գերիրապաշտ արուեստէն դէպի վերացական-արտայայտչապաշտութիւն անցումին կամուրջին գլխաւոր սիւներէն մէկը։