Արսէն Գրիգորեանի Եւ Մակիչի Երգերը Թնդացուցին Հալէպի Նոր Գիւղը


“Գանձասար”․- Երէկ ինքնապաշտպանութեան կեդրոնի, այսօր կրկին ընտանեկան ջերմ հաւաքավայրի վերածուած Նոր Գիւղի պարտէզէն ներս Մայիս 27ի երեկոյեան կրկնակի տօն էր։

6 տարի հրթիռներու, ահաբեկչական յարձակումներու կուրծք տուած, հայ նահատակներու արեամբ ոռոգուած Նոր Գիւղը թնդաց ազգագրական երգերու վաստակաւոր մեկնաբան Արսէն Գրիգորեանի եւ արցախեան ազատամարտիկ, ազգային- յեղափոխական երգերու մեկնաբան Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Մակիչ) երգերով։

Մայիս 27ը կրկնակի տօն ու պատերազմէն խաղաղութեան անցումի պատմական օր էր հալէպահայութեան համար՝
Հայաստանի անկախութեան 99ամեակի յիշատակութեան ու Նոր Գիւղի ընտանեկան բարեկարգուած պարտէզին բացումով։

Տօնական այս հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի  մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, պատկան մարմնի ներկայացուցիչներ, Հայ-սուրիական Գործարարներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զեքի Ետալեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային մարմիններու եւ մշակութային, բարեսիրական, մարմնամարզական միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան նուիրուած երիտասարդներ եւ ՍԵՄականներ։

Տօնական այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Թալին Մինասեան, ապա ազգային-յեղափոխական եւ ազգագրական երգերով հանդէս եկան հայրենի երգիչներ Արսէն Գրիգորեան եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան։ Անոնք, իրենց խօսքը ուղղելով հալէպահայութեան, ըսին. « Մենք Հալէպ չենք եկած միայն երգելու համար, այլ հայրենի մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնը յայտնելու հալէպահայութեան, որ պատերազմի արհաւիրքին մէջ պահեց ու պահպանեց հայ համայնքը։ Հայաստանի սահմանները լոկ աշխարհագրական սահմաններ չեն, այլեւ բարոյական են ու բարոյական այդ սահմաններուն մէջ ներառուած է հալէպահայութիւնը, սուրիահայութիւնը, որ պատուով դուրս եկաւ այս պատերազմէն եւ հաւատարիմ մնալով իր սկզբունքներուն՝ հպարտութիւն ներշնչեց մեր բոլորին։ Մենք հպարտ ենք ձեզմով, որ ձեր ինքնապաշտպանութեամբ, ձեր գործունէութեամբ բարձր պահեցիք հայուն արժանապատուութիւնը։ Պատի՛ւ ձեզ»։

Բանաստեղծական մէջբերումներով օրուան խորհուրդը փոխանցեց Խաժակ Տիլպէրեան։

Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի անկախութեան առաջին քայլերը, Մայիս 27ին զուգադիպող Գէորգ Չաւուշի նահատակութիւնը, ապա շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արտիստ Արսէն Գրիգորեանը՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարի խորհրդական նշանակուելուն առիթով։

Տօնախմբութեան մասնակցեցան Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը եւ հալէպահայ երգիչ Ճորճ Քալայճեան։

Երեկոյթը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ուր միախառնուած էին ուրախութիւնն ու յուզմունքը։

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Նոր Գիւղի հայ նահատակամարով։