Արսինէ Խանճեան Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասին Մասին Ֆիլմ Մը Պիտի Բեմադրէ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հայաստանի գլխաւոր հարստութիւնը իր մշակոյթն ու արուեստագէտներն են», ըսաւ դերասանուհի եւ շարժապատկերի արտադրիչ Արսինէ Խանճեան, որ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի։ Խօսելով Հայաստանի մշակոյթի ոլորտին ու ապագայ իր ծրագիրներուն մասին՝ ան յայտնեց, որ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնը այլեւս կայացած ծրագիր մըն է եւ դարձած է համաշխարհային երեւոյթ՝ ի պատիւ եւ ի նպաստ Հայաստանի։

Իր յառաջիկայ ծրագիրներուն անդրադառնալով՝ Խանճեան դիտել տուաւ, որ այժմ գլխաւորաբար երկու նախագիծերու վրայ կ՛աշխատի։ Առաջինը թատերական է. Չեխովի «Պալենիի Այգին» ներկայացման մէջ գլխաւոր դերը պիտի ստանձնէ եւ թատերախաղը պիտի ներկայացուի Թորոնթոյի մէջ։ Բացի այդ, իբրեւ բեմադրիչ պիտի պատրաստէ ժապաւէն մը՝ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մասին։ Նախագծի անունը «Քորթըրզ» է, թարգմանաբար՝ «Թաղամասեր»։ Արդարեւ, Երուսաղէմը բաժնուած է չորս թաղամասի եւ հայկականը անջատ թաղ մըն է եւ ինք պիտի անդրադառնայ ա՛յդ թաղամասին։

«Այս նախագիծը հոյակապ է ինծի համար։ Պիտի աշխատիմ այլազգի բեմադրիչներու հետ եւ ամէն մէկը իր թաղին մասին պիտի պատմէ։ Իւրաքանչիւրը 30 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէն մը պիտի ըլլայ եւ իբրեւ արդիւնք՝ պիտի ունենանք չորս ժապաւէններ», ըսաւ Արսինէ Խանճեան։