Արցախեան Շաբաթ


Կարմիր Գիւղէն պատկեր մը

Միջազգային արձագանքներ՝ Արցախի մէջ վերջին շրջանին տիրող իրավիճակին

  • «Արցախփրես, Թորոնթոհայ»- Ֆրանսացի յայտնի քաղաքական գործիչ, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի փոխնախագահ Վալերի Պուայէ կոչ կ’ընէ Ֆրանսայի կառավարութեան, Եւրոպական Միութեան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին պաշտպանել Արցախի բնակչութիւնը և մշակութային ժառանգութիւնը: Ան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է․ «Երբ միջազգային հանրութիւնը ամբողջութեան ներգրաւուած է Ուքրանիոյ պատերազմին մեջ, ես ևս մեկ անգամ կը խնդրեմ կառավարութենէն, Եւրոմիութենէն եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն միջամտել և պաշտպանել Արցախի հայ բնակչութիւնը և մշակութային ժառանգութիւնը»։:
Վալերի Պուայէ Արարատի ֆոնին
  • Ֆրանսական «Լէ Ֆիկարօ» թերթի  փոխտնօրէն, լրագրող Ժան-Քրիստոֆ Պյուսօ Թուիթըրեան իր էջին վրայ գրած է, որ Փառուխ հայկական գիւղի շրջակայքը արդէն 10-րդ օրն է՝ ապօրինաբար գրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ եւ «հարիւրաւոր գիւղացիներ` ներառեալ երեխաները, տակաւին իրենց տունէն հեռու կ’ապրին, իսկ ազրպէյճանական բանակը ետ չի քաշուիր, առաւել` կ’ամրապնդէ իր դիրքերը»։
  • Պուայէ իր հերթին այս գրութեան առնչութեամբ Թուիթըրին մէջ գրած է, որ 2020-ի լայնածաւալ յարձակումի ընթացքին Ազրպէյճան Թուրքիոյ օգնութեամբ` թրքական ռումբերու, սպիտակ ֆոսֆորի եւ անօդաչուներու միջոցով կոտորածի ենթարակած է Արցախի հայերը: «Անոնց մէջ կենդանացած է ցեղասպանի ոգին: Իսկ աշխարհը լուռ կը հտեւի առանց որեւէ բան ընելու: Ոտնձգութիւնները կը շարունակուին անտարբերութեան մթնոլորտի մէջ»,
Մարինա Կալիւրանտ
  • Եւրոխորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու ղեկավար, պատգամաւոր Մարինա Կալիւրանտ իր մտահոգութիւնը յայնեց նախորդ շաբաթ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակման առնչութեամբ եւ յորդորեց՝ անմիջապէս ետ քաշել ուժերը շփման գիծէն: Ան ԵՄ-Ազրպէյճան խորհրդարանական կոմիտէի համանախագահ Ջաւանշիր Ֆէյզիևի հետ տեսազանգի միջոցով շեշտեց, որ Ազրպէյճան շտապ պէտք է թոյլ տայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան մուտք գործելու տարածաշրջան։
Իտալիոյի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիճի տի Մայօ
  • Ապրիլ 3-ին Իտալիոյի Արտաքին Գործոց նախարար Լուիճի տի Մայօ Հայաստան այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Իտալիան տեղեակ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ հետեւանքներու եւ խաղաղ բնակչութեան կրած տառապանքներուն մասին, ընդգծելով որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու քաղաքացիական բնակչութեան:

  •   Արցախի Ազգային ժողովը յայտարարութեամբ կոչ ըրաւ ձեւաւորել համահայկական համախմբում` Արցախի ճակատագրին վերաբերող հարցերու շուրջ։  «․․․Համոզուած ենք, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները, ունենալով Սփիւռքի հայկական համայնքներու լիարժէք աջակցութիւնը, մէկ բռունցք դառնալով, միասնաբար կրնան դիմագրաւել տարածաշրջանային մարտահրաւէրները` պաշտպանելով մեր ազգային շահերը:․․․ Ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի կողմէ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր ըլլալու պարտականութեան ամրագրումը եւ համահայկական միասնութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը միայն կրնան բաւարար պայմաններ ստեղծել հայ ժողովուրդի ապագան հայրենի հողին վրայ երաշխաւորելու համար:․․․ Հայոց պետականութեան լինելիութեան եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան բանալին կը գտնուի Արցախի մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Արցախի առօրեան

–    Ասկերանի շրջանի Յովսէփաւան եւ Իւանեան գիւղերուն մէջ կը կառուցուին նոր թաղամասեր։ Յովսէփաւանի մէջ շինարարութիւնը աշխոյժ ձեւով կը շարունակուի: Թաղամասը պիտի ունենայ 77 տուն, որմէ 22-ը` երեք, իսկ 55-ը` չորս սենեականոց: Այժմ կը կառուցուին տուներուն տանիքներըը: Իւանեան գիւղին մէջ 107  կառուցուելիք նոր տուներէն 9-ը պիտի ըլլան թեթեւ եւ հաւաքովի շինարարութեամբ։ Շինարարութիւնը կը կատարուի բարեգործական միջոցներով:

Կարիմիր Գիւղ

Ասկերանի Կարմիր Գիւղի գիւղապետ Յովիկ Պետրոսեան նշած է, որ գիւղի հիմնական զբաղումը անասնապահութիւնն է, հացահատիկի մշակութիւնն ու այգեգործութիւնը։ «Պատմական անցեալ ունեցող մեր բնակավայրը 106 բնակիչ ունի: 44-օրեայ պատերազմէն ետք տեղահանուած երկու ընտանիք ընդունած ենք: Բոլորը այս օրերուն լծուած են գիւղատնտեսական աշխատանքներու, հող կը մշակեն` ատով իսկ փորձելով շէնցնել հայրենի բնօրրանը: Դպրոցը ունի 19 աշակերտ: Ունինք գիւղապետարան, դարմանատուն, նաեւ վերանորոգուած հանդիսութիւններու սրահ` նախատեսուած 200 հոգիի համար, գիւղը ունի կազ եւ ելեկտրականութիւն»,-տեղեկացուցած է ան:

Խնուշինակ գիւղ

 Մարտունի շրջանի Խնուշինակ գիւղի բնակիչները նոյնպէս կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ: Գիւղապետ Կամօ Մուրսալեան տեղեկացուցած է, որ գիւղացիները կ’ապրին իրենց բնականոն կեանքով` յարատեւ խաղաղութեան սպասելով: Գիւղը ունի 535 բնակիչ, դպրոց կը յաճախէ 91 աշակերտ: Գիւղը ապահովուած են ելեկտրականութեամբ, կազով եւ շուրջօրեայ ջուրով:

  • Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է գիտաժողով, նուիրուած Մուրացանին։ Անոր ստեղծագործութիւններու ընդմէջէն ներկայացուած է ազգային միաբանութեան գաղափարը՝ ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Ներկայ եղած են դասախօսներ եւ ուսանողներ։
  • Ապրիլ 6-ին տեղի ունեցաւ Արցախ-Սփիւռք «Քոյր դպրոցներ» ծրագրին առաջին փուլը, որուն մասնակցեցան Մարտակերտի եւ Լիբանանի հայկական դպրոցներ:

Արցախի Կրթութեան Նախարարութեան եւ Նախագահի Սփիւռքի Հարցերով գրասենեակի կողմէ իրականացուող «Քոյր Դպրոցներ» ծրագրի առաջին փուլով Մարտակերտի հինգ միջնակարգ դպրոցներ` Մարտակերտի թիւ 1, Հաթերքի, Վաղուհասի, Գետաւանի եւ Մաղաւուզի դպրոցները քոյր դպրոց դարձան Լիբանանի ՀԲԸՄ Պօղոս Կ.Կարմիրեան դպրոցի, Հայ Աւետարանական քոլէճի, Վահան Թէքէեան վարժարանի, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան դպրոցի եւ Հայ Աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն դպրոցին հետ: ZOOM-ով տեղի ունեցաւ դպրոցներու միջեւ ծանօթութեան հանդիպումներ եւ առաջիկայ ծրագիրներու մշակման քննարկումներ: Նշեալ ծրագիրը պիտի դառնայ միասնական հայրենիք ստեղծելու գաղափարական ազդակներէն մէկը:

«Վոլէյպոլ»ի մրցում
  • Ապրիլ 5-ին, Ստեփանակերտի տասը դպրոցներու տղոց խումբերու միջեւ տեղի ունեցաւ «Վոլէյպոլ»ի մրցում: Մրցումին նպատակն է Ստեփանակերտի մէջ զարգացնել վոլէյպոլը, առողջ ապրելակերպով դաստիարակել նոր սերունդը եւ ընտրել ամենաուժեղ խումբը։  Խաղերուն կը մասնակցէին 7-12-րդ դասարաններու տղաքը: