Արցախեան Շաբաթ․ Ապրիլ 9-16


Մարտունիի Եմիշճան գիւղէն համայնապատկեր մը

Արցախի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններ

«Արցախփրես-Թորոնթոհայ»- Ապրիլ 13-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովին մէջ տուած ելոյթի ժամանակ տեղեկացուց, որ 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը ներկայ տուեալներով կը կազմէ 3825: Խօսելով Արցախի շուրջ Ազրպէյճանի հետ տեղի ունեցող բանակցութիւններու մասին, ան նշեց, որ «Այսօր միջազգային հանրութիւնը մեզի յստակ կ՛ըսէ. ըլլալ աշխարհի միակ երկիրը, որ երկկողմ մակարդակով չի ճանչնար Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը մեծ վտանգ է ոչ միայն Արցախի այլեւ Հայաստանի համար:  Այսօր միջազգային հանրութիւնը մեզի կ՛ըսէ․ «Քիչ մը իջեցուցէք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով ձեր նշաձողը եւ միջազգային մեծ ամրապնդում կ’ապահովէք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ:

 Ան նաեւ յայտնեց, որ Մարտ 10-ին ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահ երկիրներէն մէկը իրենց փոխանցած է Ազրպէյճանի պահանջքները` խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ: Այդ պահանջքներէն են.

– Փոխադարձաբար իրարու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, քաղաքական անկախութեան ճանաչում եւ յարգում,

– Իրարու նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան արձանագրում եւ իրաւական պարտաւորութիւններու արձանագրում ապագային իրարու նկատմամբ նման պահանջներ չառաջադրելու վերաբերեալ։

Փաշինեանի նշեալ ելոյթէն ետք Արցախի Արտաքին Գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան յայտատարեց, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը ոչ թէ նշաձող է, այլ կարմիր գիծ, զայն բարձրացնել եւ իջեցնել հնարաւոր չէ։ «Մենք ունինք ոչ թէ նշաձողի, այլ «կարմիր գիծ»երու խնդիր: Կայ «կարմիր գիծ», որ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի խախտելու: Արցախի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը միակամ են, որեւէ այլ կարծիք չկայ: Սա Արցախի ժողովուրդի կարծիքն է եւ ոչ միայն Արցախի, իւրաքանչիւր բնական մարդու, իւրաքանչիւր բնական հայու, որ Արցախը պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ», յայտարարեց ան:

— Ապրիլ 14-ին, Արցախի Ազգային Ժողովը արտահերթ նիստի ընթացքին միաձայնութեամբ յայտարարեց, որ անընդունելի կը համարէ Արցախի համար որեւէ այլ կարգավիճակ, քան ինքնորոշումն է եւ կը պահանջէ Հայաստանի իշխանութիւններէն, որ հրաժարին իրենց աղէտալի դիրքորոշումէն:

Արցախի Ապահովական Վիճակը

— Ապրիլ 15-ին Մարտակերտի շրջանի Սէյսուլան բնակավայրի մօտ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը խախտելով հրադադարը առաջ եկած են: Ռուսական խաղաղապահները, Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ բանակցելով, կարգաւորած են հարցը եւ ազերիները վերադարձած են իրենց դիրքերը:

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Ռուս խաղաղապահները ապահովուած են Լաչինի միջանցքով Ազրպէյճանի զինուած ուժերու չորս շարասիւներու ուղեկցումը։

Ռուս խաղաղապահները մարդասիրական օգնութիւն
կը տրամադրեն Արցախի բնակիչներուն

Խաղաղապահները պահպանութիւն կը կատարեն Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին վրայ, կը շարունակեն տարածքները մաքրել ականներէ եւ չպայթած զինամթերքներէ, անվտանգութիւնը ապահովելու եւ միջադէպերը կանխելու համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի գլխաւոր շտապներու հետ շարունակական փոխգործակցութեան մէջ են:

Ռուս խաղաղապահները մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած են Արցախի բնակչութեան, յատկապէս մեծահասակներու եւ երեխաներու համար փոխացած են  հագուստ, մանկական խաղալիքներ, դեղորայք եւ սնունդի փաթեթներ։  

Կեանքը Արցախի մէջ

Խրամորթցի կին մը ժենկեալով հաց կը թխէ սահման պահողներուն

Խրամորթցի քանի մը կիներ` Քարագլուխի, Խրամորթի, Խնապատի, ինչպէս նաեւ Խրամորթի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն, կամաւորներուն, զինուորներուն եւ սպաներուն համար 200-է աւելի ժենգեալով հաց եւ կարկանդակներ պատրաստած են:

—Մարտունիի Եմիշճան գիւղը կը շարունակէ արարել` յարատեւ խաղաղութեան հաստատման սպասումով: Գիւղապետ Արմիկ Առաքէլեան նշած է, գիւղացիք կը զբաղին անասնապահութեամբ` խոզապահութեամբ, մեղուաբուծութեամբ, հացահատիկի եւ բանջարեղէնններու մշակութեամբ: «Բոլորն ալ հողին ամուր կապուած մարդիկ են եւ իրենց տքնաջան աշխատանքով կը փորձեն շէն պահել գիւղը»։ Ըստ անոր, թէեւ  համայնքապետարանի եւ դարմանատան շէնքերը վթարային են, սակայն ատիկա չի խանգարեր, որպէսզի անոնք բնականոն աշխատին: Դպրոցը ունի 17 աշակերտ: Բնակիչները ապահովուած են կազով, ելեկտրականութեամբ եւ շուրջօրեայ ջուրով։

Խաչմաչ գիւղ

—Ասկերանի Խաչմաչ գիւղին մէջ գիւղատնտեսական գործերու եռուզեռ է։ Բնակիչները հիմնականօրէն կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ, անասնապահութեամբ։ Գիւղապետ  Մխիթար Ղահրիեանը նշած է, որ «բնակիչները կը շարունակեն արարել հայրենի գիւղին մէջ, հող կը մշակեն, ծառ կը տնկեն, գիւղը կը շէնցնեն: Մեր տարածքը բարենպաստ է անասնապահութեան համար։ Պատերազմէն ետք տեղահանուած տասներկու բնակիչ հաստատուած է գիւղ, անոնք ապահովուած են աշխատանքով։ Պատերազմէն ետք վնասուած տուները նորոգուած են կառավարութեան աջակցութեամբ։ Գիւղը ունի ժամանակակից պայմաններով համայնքային կեդրոն, ուր կը գործեն բուժկէտը, մշակոյթի տունը, գրադարանը: Ճանապարհները սալապատուած են: Դպրոցը ունի 42 աշակերտ, սակայն շատ կը ցանկանք ունենալ նաեւ մանկապարտէզ, որպէսզի գիւղի երեխաները մանկապարտէզ եւս յաճախեն: Բնակիչները ապահովուած են կազով, ելեկտրականութեամբ եւ ջուրով>>:

Սսրբապատկերի օծման արարողութիւն, Ստեփանակերտ

—Ապրիլ 12-ին, Ստեփանակերտի Աստուածամօր Ս․ Հովանի մայր տաճարին մէջ թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ կեդրոնական խորանի Ս․ Մարիամ Աստուածածնի պատկերով նոր սրբապատկերի օծման եւ կախման արարողութիւնը: Արարողութենէն ետք Մայր տաճարին մէջ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ միասնական աղօթք հնչեց:

Ապրիլ 11-13, ժամը 19:00-ին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի նախաձեռնութեամբ Արցախի գործող բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հնչեց միասնական աղօթք եւ կազմակերպուեցաւ Խոկման արարողութիւն:

—«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի արտաքին կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան տեղեկացուցած է, որ Թուֆենկեանը կը սկսի նոր` «Ե՛կ, Աշխարհը Պիրինք Արցախ» ծրագիրը: Նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Սփիւռքի յայտնի ու խոստումնալից հայ գործիչները պիտի այցելեն Արցախ ու հանրային ելոյթներ ունենան բնակչութեան համար:

Ծրագրին նպատակն է ներգրաւել տեղի բնակչութիւնը եւ օգնել բարձրացնել Արցախի հեղինակութիւնը Հայաստանի եւ միջազգային մակարդակի վրայ: Այցելութիւնները պիտի ըլլան ոչ միայն հանրային ելոյթներ, այլ նաեւ կլոր սեղան-քննարկումներ, հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ, վերապատրաստումներ եւ այլն։ Նախաձեռնութեան առաջին հիւրերն են՝ գրող, արձակագիր Արամ Աւետիս` Երեւանէն, եւ երգիչ, երգահան, ու գրող Ափօ Սահակեան` Երուսաղէմէն:

—Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ապրիլ 15-ին այցելեց Ստեփանակերտի մէջ նոր բացուած «ԼիլՄեդ» բժշկական կեդրոնը, որ կը մատուցէ բուժական ծառայութիւններ։   Նախագահը կարեւոր նկատեց մասնաւոր եւ պետական ժամանակակից բժշկական նոր կեդրոններու հիմնադրումը եւ որակեալ բժշկական ծառայութիւններու  մատուցումը Արցախի մէջ:

«Հայաստան» հիմնադրամին կողմէ կառուցուող շէնքեր

—«Հայաստան» հիմնադրամի փոխտնօրէն Արարատ Խլղաթեան անցեալ շաբաթ այցելեց Արցախ` մօտէն իմանալու հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ Արցախի մէջ կատարուող ծրագիրներուն:

Ան Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ ծանօթացաւ կատարուող բնակարաններու եւ ճանապարհներու շինարարութեանց։

Բերդաշէնի մէջ Ապրիլ 17-ին` Ս․ Զատիկի առիթով պիտի կազմակերպուի աւանդական ուտելիքներու հիւրասիրութիւն։ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ՝  տեղի պիտի ունենայ Ժենգեալով հացի պատրաստութիւն, հիւրասիրութիւն, տեղական Berdashen Wine գինիներու հիւրասիրութիւն, ազգային պարերու  ներկայացում, արցախեան բարբառի եւ մշակոյթի վերաբերեալ խաղ, ձեռագործ յուշանուէրներու ցուցադրութիւն, տեղական խոտաբոյսերով թէյի հիւրասիրութիւն, զատկական փիլաւի ու կարմիր ներկած ձուի պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ պտոյտներ գիւղի պատմամշակութային վայրեր։