Արցախեան Շաբաթ


Ասկերանի Խնապատ գիւղէն տեսարան մը

Այսուհետեւ «Թորոնթոհայ» շաբաթական դրութեամբ ամփոփ ձեւով պիտի ներկայացնէ մէկ շաբթուան ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւնները։

Արցախի Ամբողջ Տարածքը Զրկուած է Կազէ

Մարտ 8-ի գիշերը, անորոշ պատճառներու Հայաստանէն Արցախ մատակարարուող կազի խողովակի, Շուշիի հատուածին մէջ, վթարի հետեւանքով ամբողջ Արցախը զրկուեցաւ կազէ:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ԱՄԻՊ) գրասենեակը յայտնեց, որ ուսումնասիրութիւններէ ետք պարզուած է, որ կազատարը վնասուած է այն հատուածին մէջ, որ կը գտնուի ազրպէյճանական բանակի վերահսկողութեան տակ եւ ազերիները թոյլ չեն տար, որ կազ մատակարարող ընկերութեան աշխատողները մօտնենան վթարի վայր եւ նորոգեն զայն ։

ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան նշեց, որ «կազի մատակարարումը վերականգնելուն խոչընդոտելը ազերիներու կողմէ` Արցախի մէջ մարդասիրական խնդիրներ յարուցելու եւ բնականոն կեանքը խաթարելու դիտաւորութեան ապացոյցն է»։

Մարտ 12-ին Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան յայտնեց, որ գիշերը Արցախի մէջ ձիւն տեղացած է եւ ջերմաստիճանը 0-էն վար է: «Արդէն հինգերորդ օրն է, որ շուրջ 100 000 բնակիչներ (ընդհանուր բնակչութեան 80%-ը եւ կազով ապահովուած բնակչութեան 100%-ը) ամբողջովին զրկուած են կազէ, ներառեալ՝ ջեռուցումէ ու տաք ջուրէ․․․այս զրկանքներուն պատճառը ազրպէյճանական կողմի սանձարձակ պահուածքն է, որ թոյլ չի տար ռուս խաղաղապահներուն և մեր մասնագետներուն մօտենալ վթարի վայր եւ վերանորոգել զայն․․․: Ատոր զուգահեռ` կը շարունակուին քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակոցները մեծ ու փոքր տրամաչափի զենքերէ, ինչպէս նաև խոչընդոտներ կը ստեղծուին գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու համար»։

«Հետեւութիւնը մէկն է. Ազրպէյճան կը ցանկայ շարունակել իր յանցագործութիւնը մարդկութեան դէմ և հայաթափել Արցախը, սակայն մենք ամուր կանգնած ենք մեր հինաւուրց հայրենիքին մէջ և ոչ մէկ զրկանք պիտի չսասանէ մեր կամքը», ըսած է ան:

Ազրպէյճան կը կրակէ Արցախի կարգ մը գիւղերու վրայ եւ կը սպառնայ գիւղացիներուն, որ լքեն գիւղը

Այս շաբաթուան ընթացին Ազրպէյճան լարուած մթնոլորտի մէջ պահեց Արցախի կարգ մը գիւղերու բնակիչները․ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի զէնքերէ, ականանետերէ կրակոցներ արձակեցին Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ, Փառուխ, Նախիջևանիկ, Մարտունիի Խնուշինակ և Կարմիր Շուկայ գիւղերուն ուղղութեամբ: Մարտ 10-ի առաւօտեան ազերիներու արձակած կրակոցէն վիրաւորուեցաւ Խրամորթի բնակիչ մը, Նախիջեւանիկի մէջ վնասուեցաւ գիւղատնտեական մեքենայ (թրաքթոր) մը, Մարտ 11-ի առաւօտեան ազերիներու արձակած արկը ինկաւ Ասկերանի շրջանի Խնապատ գիւղի դպրոցին մօտ:

Ազրպէյճան նաեւ բարձրախօսներով գիւղերը լքելու սպառնալիքներ հնչեցուց:

Թշնամին  տարբեր միջոցներով կը փորձէ հոգեբանական ճնշում գործադրելով խաթարել գիւղերու բնականոն առօրեան, գիւղատնտեսական աշխատանքները։ 

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան նշեց, որ  Ազրպէյճան էթնիկ և կրօնական ատելութեան քաղաքականութիւնը ունի յստակ նպատակ` հայաթափել Արցախը և էթնիկ զտում իրականացնել:

Եւրոխորհրդարանը կոչ կ’ընէ Ազրպէյճանին՝ պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը

Մարտ 10-ին Եւրոպական Խորհրդարանը 635 կողմ, 2 դէմ եւ 42 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» բանաձեւը, որով  կոչ ուղղեց Ազրպէյճանին պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ յիշեցուց, որ ԼՂ 2-րդ պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ յարձակման ենթարկուած են բազմաթիւ կրօնական վայրեր` ներառեալ Շուշիի Ս․ Ամենափրկիչ տաճարը:

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Եւրոխորհրդարանի այս բանաձեւը համարեց կարեւոր բարոյական և քաղաքական քայլ:

Նոր բնակարաններ՝ սպաներուն

Մարտ 12-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ բնակարաններու յատկացում՝ վիճակահանութեան մը ընթացքին։

Բնակարաններ տրամադրուեցան Պաշտպանութեան բանակի պահեստազօրու 20 սպաներու, որոնք մեծ աւանդը ունին Արցախի պաշտպանութեան գործին մէջ, ընտանիքներուն։   Իսկ Մարտ 9-ին Ասկերանի Կարմիր գիւղի տարածքին սկիզբ առաւ նոր թաղամասի մը շինարարութիւնը։ Թաղամասը բաղկացած պիտի ըլլայ 64 առանձնատուներէ, որոնցմէ 14-ը` 2 սենեականոց, 30-ը` 3, 16-ը` 4  և 4-ը` 5 սենեականոց։ Տուները պիտի տրամադրուին տեղահանուած արցախցի ընտանիքներու։