Արցախեան Շարժման 30ամեակին Նուիրուած Տօնական Հանրահաւաք Ստեփանակերտի Մէջ


«Արցախփրես»․- Փետրուար 13ին, Արցախեան շարժման 30ամեակին նուիրուած` Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է տօնական երթ եւ հանրահաւաք:

Երթի մասնակիցները պաստառներով, դրօշներով, կոչերով, «միացում» կանչերով մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներէն շարժեցան դէպի Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակ, ուր կայացաւ Ղարաբաղեան շարժման 30ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ:

Հանրահաւաքին օրհնութեան խօսք յղեց Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցան Ղարաբաղեան շարժման մասին պատմող փաստավաւերագրական ֆիլմեր:

Հանրահաւաքին՝ Արցախեան շարժման 30րդ տարեդարձին առիթով՝ շնորհաւորական ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան` ըսելով, որ 1988 թուականը բեկումնային եղած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

«Երեք տասնամեակ առաջ, այս օրերուն, համայն հայութիւնը համախմբուեցաւ, դարձաւ մէկ բռունցք` ողջ աշխարհին ազդարարելով սեփական բնօրրանին մէջ ազատ ու անվտանգ ապրելու համար մաքառելու իր պատրաստակամութեան մասին: Համաժողովրդական այս պոռթկումը մարտահրաւէր էր բռնատիրութեան, հալածանքներու, մարդու իրաւունքներու խախտումներու, բոլոր այն արհաւիրքներուն, որոնց մէջէն անցած է մեր ժողովուրդը իր բազմադարեայ պատմութեան ընթացքին: Եւ այս շարժման պսակը դարձաւ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը: Այս գոյապայքարին մէջ, դժբախտաբար, մենք ունեցանք նաեւ անդառնալի կորուստներ: Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած են մեր ժողովուրդի լաւագոյն զաւակները: Անոնք զոհ չեն, անոնք մարտիրոսուած հերոսներ են, որոնք անմահացան եւ կը շարունակեն իրականացնել հայրենիքի պաշտպանի իրենց սուրբ առաքելութիւնը` ոգեշնչելով եւ պարտաւորեցնելով` անմնացորդ ծառայելու հայրենիքին, աշխատելու ի փառս անոր զարգացման ու զօրացման: Բոլորս հաստատակամ ենք եւ պիտի ընենք հնարաւորը, որպէսզի վաղուան օրը ըլլայ յուսալի, մեր հայրենիքը` աւելի հզօր ու բարեկեցիկ: Հակառակորդը միշտ պէտք է գիտնայ, որ մեզի հետ ուժի լեզուով խօսիլը դատապարտուած է ձախողման: Մեր ժողովուրդը, մեր բանակը եւ ողջ հայութիւնը որեւէ պահու արժանի հակահարուած պիտի տայ մեր ազատութեան ու անվտանգութեան սպառնացող իւրաքանչիւր ոտնձգութեան», նշեց նախագահը:

Ղարաբաղեան շարժման առաջամարտիկներէն Համլէտ Գրիգորեան, իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Ղարաբաղեան շարժման 30ամեակը համահայկական փառապանծ տօն է: «Վերյիշենք անոնց, որոնք 20րդ դարուն հայկական հիմնահարցը անթեղուած չեն ձգած եւ քայլ առ քայլ մօտեցուցած են մեր հինաւուրց երկրամասի անկախութեան: Փաստ է, որ մեր հանրապետութիւնը դեռ ճանչցուած չէ, բայց փաստ է նաեւ, որ միջազգային ո՛չ մէկ ատեանի մէջ՝ առայսօր՝ չեն կասկածած մեր հանրապետութեան օրինականութեան: Մենք` Արցախեան ազատամարտի տարեց վկաներս, կը հպարտանանք 1980-90ական թուականներու սերունդով եւ կը յորդորենք երիտասարդները, որ մեր յաջողութիւններուն կրկնապատկողը ըլլան, քանզի երկար ճանապարհ ունինք անցնելու՝ Արցախը Մայր Հայաստանին վերամիաւորելու սուրբ գործին մէջ եւ իրականացնելու 30 տարի առաջ հայ ժողովուրդի սրտէն ծնած` «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք ու մէկ պետութիւն» կարգախօսը», ըսաւ Գրիգորեան:

Ղարաբաղեան շարժման գործիչ, Արցախի հերոս Ժաննա Գալստեան, վերյիշելով 1988 թուականի հանրահաւաքը, ըսաւ. «Այն ժամանակ մենք ճնշուած էինք: 1988ին մեզմէ իւրաքանչիւրը հրապարակ ելած է պարզ նպատակով մը` շրջելու հայոց պատմութեան վերջին 100ամեակի շեղած անիւը: Դուրս եկած է գիտակցելով, որ ինքը հզօր կայսրութեան պատժիչ մեքենայի անիւներուն տակ կրնար մնալ: Իսկ այսօր, բարեբախտաբար, մեզի կը պաշտպանէ հայոց հզօր բանակը: Այսօր մենք հաւաքուած ենք այստեղ ո՛չ միայն յարգանքի տուրք մատուցելու Ղարաբաղեան շարժման առաջամարտիկներուն, այլեւ ազդարարելու պայքարի նոր փուլ, որ կը կոչուի զարգացման փուլ: 30 տարի անց՝ մենք պէտք է 1988ի դասերը քաղենք, իսկ մեր ամենամեծ դասը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է, իսկ երկրորդ դասը` հետեւողական ըլլալը եւ երրորդը` յոյսերս մի՛այն մեր վրայ դնելը. այդժամ յաղթանակները անխուսափելի պիտի ըլլան: Մենք կը տեսնենք, որ մեր թշնամին ոչինչով կը փոխէ իր գործելակերպը, ձեռագիրը եւ նոյնը մնացած է առայսօր: Կեցցէ՛ հայ ժողուուրդը, հայոց բանակը եւ այն ժողովուրդը, որ պիտի ապրի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մէջ»:

Ձեռնարկին ընթացքին, տեսակապի միջոցով՝ ղարաբաղեան շարժման 30ամեակին առիթով՝ իրենց շնորհաւորական ուղերձները յղած են նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ, ԱՄՆի, Եւրոխորհրդարանի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներն ու մշակութային յայտնի գործիչներ:

Աւարտին հնչին ազգային երգեր, պարեղանակներ` Վերածնունդի հրապարակը վերածելով ազգային մեծ տօնախմբութեան հարթակի:

Հանրահաւաքին ներկայ եղած են Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Արցախի ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, Արցախեան շարժման առաջամարտիկներ եւ անոնց գործը այսօր շարունակող երիտասարդներ եւ հիւրեր: