Արցախը Ելեկտրականութեան Արտադրութեամբ Ինքնաբաւ Է


«Արցախփրէս».- Արցախի ուժանիւթի եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան գլխաւոր մասնագէտ Արմէն Մեժլումեան յայտարարեց, որ ընթացիկ տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր, Արցախի մէջ արտադրուած է հանրապետութեան ելեկտրական ուժի պահանջները նոյնիսկ աւելիով գոհացնելու չափ ելեկտրականութիւն։

Ըստ Մեժլումեանի՝ գործող ջրելեկտրակայաններէն (ՀԷԿ) 11 կայանները տեղակայուած են  Քաշաթաղի, 7ն՝ Մարտակերտի եւ 2ը՝ Շահումեանի շրջաններուն մէջ:

«Ներկայիս Արցախի մէջ կը կառուցուի 17 ՀԷԿ, որունցմէ 9ը՝ Քաշաթաղի, 5ը՝ Շահումեանի, 2ը՝ Մարտակերտի եւ 1ն ալ Հադրութի շրջաններուն մէջ: Նշուած 17 ՀԷԿերէն 2ը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել մինչեւ 2019ի Յունուար 1ը, իսկ  միւսները՝ մինչեւ 2020ի Հոկտեմբերը», յայտնեց Մեժլումեան:

Ան նշեց նաեւ, որ 2016ին արտադրուած 296.4 միլիոն քիլոուաթ/ժ ելեկտրուժի փոխարէն, 2017ին արտադրութեան ծաւալը կազմած է 327.8 միլիոն քիլոուաթ/ժ, իսկ 2018ի 9 ամիսներուն արտադրուած է 290.4 միլիոն քիլոուաթ/ժ, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած է 20.5 տոկոսով:

«2017 թուականի ելեկտրականութեան ընդհանուր սպառումը կազմած է 304.2 մլն. քիլօուաթ/ժ: Հաշուարկային հաշուով Հայաստանի ելեկտրական ցանցերէն ստացած ենք 23.3 միլիոն. քիլօուաթ/ժ ելեկտրականութիւն: Ընթացիկ տարուան 9 ամիսներուն ելեկտրականութեան ընդհանուր սպառումը կազմած է 267.2 միլիոն քիլօուաթ/ժ: 2017ին ելեկտրականութեան արտադրութեամբ Արցախը հասած է 93.4 տոկոսի ինքնաբաւութեան, իսկ ընթացիկ տարուան 9 ամսուան մէջ՝ 108,7 տոկոիսի», յայտնեց ան: