Արցախը Ես Եմ. Եթէ Սահմանին Չեմ, Ուրեմն Թիկունքին Եմ


Սալբի Սաղտըճեան


Քառօրեայ պատերազմ. այսպէս բնորոշուեցաւ Ապրիլ 2-5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ յարձակումները՝ Արցախի սահմանի ամբողջ երկայնքով: Հրադադարի ամէնօրեայ խախտումները թէեւ նորութիւն չէին, բայց այս անգամ յարձակումը իր տարողութեամբ շատ աւելի մեծ էր եւ ուժգին: Ապրիլ 1 լոյս 2-ին Ատրպէյճանը ձեռնարկեց լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ ոչ միայն հայկական զինուած ուժերու պաշտպանական դիրքերուն, այլ նաեւ՝ խաղաղ բնակավայրերուն վրայ: Թշնամին կ՛օգտագործէր ամէն տեսակի արդիական զէնքեր, ինչպէս նաեւ, ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւններուն, ՏԱՀԵՇ-ի վարձկաններ:

Ռազմական գործողութիւններու առաջին իսկ օրէն, Հայաստանի գրեթէ ամբողջ մարզերէն, կամաւորներ սկսան զինուորագրուիլ՝ յայտնելով առաջին գիծ մեկնելու ցանկութիւն. ազատամարտիկներ, զինուորական ծառայութիւնը աւարտած երիտասարդներ, տարբեր տարիքի տղամարդիկ, սփիւռքահայեր, նոյնիսկ կիներ: Պաշտպանութեան նախարարութեան շտապներուն մէջ սկսան հերթեր գոյանալ: Կամաւորներու թիւը շատ էր: Երեւանի պետական համալսարանին մէջ միայն առաջին օրը կամաւորագրուեցան մօտ 100 ուսանող 40 ուսանողուհի: Կամաւորագրուողներէն շատեր կը նեղուէին, որ իրենց ծանօթները բախտաւոր են, որ մեկնած են առաջնագիծ, իսկ իրենք դեռ կարգի կը սպասեն: 70-ամեայ գիւմրեցի պապիկը կը սրտնեղէր, որ զինք չեն հերթագրած՝ իր տարիքին պատճառով: «Մասնակցել եմ Արցախեան ազատագրական կռիւներին, եթէ ինձ չտանեն, ոտով եմ գնալու: Կռուողի համար ինչ կարեւոր է տարիքը», կ՛ըսէր 60-ը անց այլ ազատամարտիկ մը: Իսկ ճակատ մեկնող նախկին ազատամարտիկ մը կ՛ըսէր, թէ կ՛երթան՝ ամբողջացնելու 90-ականներուն կիսատ ձգած իրենց գործը:

Առաջնագիծ մեկնող կամաւորներուն տրամադրութիւնը շատ բարձր էր: Բոլորը ճակատ կը մեկնէին ժպիտով, երգով ու պարով: Այս երեւոյթը զարմացուցած էր օտարները: Ռուս քաղաքական գործիչ Տենիս Տւորնիքով կ՛ըսէ. «Աշխարհը շշմած է, աչքերը կը տրորէ՝ տեսնելով, թէ ինչպէս ժպտացող տղամարդիկ պատերազմելու կ՛երթան իրենց եղբայրներուն կողքին, այն մանչուկին համար, զոր դպրոցի մուտքին մօտ սպաննեց ինչ-որ յիմար հրետանաւոր»:

Հայաստանի բնակչութիւնը՝ մոռցած իրենց ամէնօրեան հոգերը, նիւթական դժուարութիւնները, կառավարութեան հանդէպ ունեցած իր դծգոհութիւնները, մէկ բռունցք դարձած կը փութար իր զօրակցութիւնը յայտնելու մեր երկրորդ Հանրապետութեան: Հայաստանի բոլոր բնակավայրերուն՝ մայրաքաղաքին, թէ մարզերուն մէջ, սկսան նիւթական եւ պարենային օգնութիւններ հաւաքել՝ ուղղարկելու Արցախի մէջ մարտնչող մեր բանակի զինուորներուն եւ տարհանուած սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան:

Օրեր շարունակ եռուզեր էր համալսարաններու, մարզպետարաններու, դպրոցներու, բացօդեայ տարածքներու մէջ: Իւրաքանչիւրը պարտաւոր կը զգար իր լուման ներդնելու Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Երեւանի բնակիչներ կ՛ուղղուէին քաղաքի գլխաւոր այգիներէն մէկը համարուող Մաշտոցի պուրակ, ուր «Աջակցենք սահմանամերձ բնակավայրերին» նախաձեռնութեան կողմէ՝ չորս օր շարունակ տեղի ունեցաւ Արցախ ուղարկուելիք առաջին անհրաժեշտութեան իրերու եւ սնունդի (ուտելիք, հագուստ, դեղորայք եւ այլն) հաւաքագրում:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան անդամ Տիանա Յովսէփեան ներկայացնելով այդ օրերուն ՀՕՄ-ի կատարած աշխատանքներն ու հաւաքագրած օգնութիւնները ըսաւ. «Պատերազմի առաջին օրէն իսկ տարբեր կազմակերպութիւններ, համալսարաններու ուսանողներ, անհատ անձիք, ծանօթներ, ընկերներ առաջարկեցին իրենց օժանդակութիւնը: Մենք սկսանք հաւաքագրել բոլորի ուղարկած օժանդակութիւնները. մեծ օժանդակութիւններ ստացանք տաբեր դպրոցներու աշակերտներէ՝ Երեւանի եւ մարզերու. Հագուստ, ուտելիք, քաղցրաւենիք, դեղորայք, մաքրութեան պարագաներ: Մենք՝ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին հետ կապի մէջ ըլլալով՝ շատ արագ ուտելիք, պարէն հագուստ, դեղերայք ուղարկեցինք Թալիշի եւ Մատաղիսի փախստականներուն: Մենք նաեւ մեր հայ զինուորի կողքին ենք: Մեր բանակը, մեր տղաները պէտք չէ զգան, որ իրենց թիկունքը դատարկ է: Հաւաքագրելով պարէն, հագուտներ, ներքնաշոր, գուլպաներ, տաք հագուստ մենք շուտով ուղարկեցինք Արցախ, թէ բանակին եւ թէ կամաւոր խումբերուն: Արդէն հինգ բեռնաւորուած մեքենայ ուղարկած ենք եւ ըստ պատշաճի անոնք ճիշդ ձեւով բաշխուած են: Հիմա ունինք բեր, որ պէտք է Քարվաճառ երթայ, այնտեղի զօրամասի զինուորներուն»:

Օժանդակութեան եւ զօրակցութեան իրենց բաժինը ունեցան նաեւ արուեստագէտները: Երեւանի սիմֆոնիկ նուագախումբը բացօդեայ համերգ կազմակերպեց եւ կոչ ուղղեց հանդիսատեսին նուիրատւութեամբ նեցուկ կանգնելու Հայոց բանակին: Կարգ մը ցուցահանդէսներու հասոյթը նուիրաբերուեցաւ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:

«Արցախը ես եմ, եթէ սահմանին չեմ, ուրեմն թիկունքին եմ» կարգախօսով Երեւանի մէջ տեղադրուեցան մեծ պաստառներ՝ կոչ ընելով բնակչութեան նուիրատւութիւններ ընելու բացուած դրամատնային հաշուեհամարին, ուր հաւաքագրուած գումարները պիտի յատկացուին Հայոց բանակի սպարազինութեան: Համայնքներ, մարզպետարաններ, համալսարաններ, դպրոցներ, կազմակերպութիւններ, պետական եւ մասնաւոր ընկերութիւններու աշխատողներ, արուեստագէտներ, նոյնիսկ թոշակառուներ, կը փութան իրենց լուման ներդրելու հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին:

Տեղի ունեցաւ մոմերով երթ: Երեւանի կեդրոնէն հազարաւոր հայորդիներ իրենց ձեռքին վառած մոմերով քալեցին մինչեւ Եռաբլուր, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ սահմանին զոհուած քաջարի զինուորներուն հոգիներուն համար եւ ծաղիկներ զետեղուեցան նահատակներու շիրիմներուն:

Զօրաշարժ. այսպէս կարելի է բնորոշել քառօրեան պատերազմէն ետք տեղի ունեցած ժողովրդային այս շարժումը: Պատերազմէն տուժածներուն, սահմանին կանգնած հայ զինուորին ու կամաւորին թիկունքին կագնելով՝ օգնութիւնները, դրամահաւաքը, ցոյցերը, երթերը կը շարունակուին Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ:

Այդ օրերուն հայ ազգը ցուցաբերեց անկանխատեսելի միասնականութիւն: Հայաստանն ու Սփիւռքը ոտքի ելան, ապացուցելու, որ իրենք կանգնած են Արցախի թիկունքին: Հայ ժողովուրդը ապացուցեց, որ հայու ոգին անկոտրուն է:

Հիմա թէեւ համեմատական հրադարադ է, բայց մեր հայրենիքը կը գտնուի պատերազմի վերսկսման վտանգին առջեւ: Սահմաններու պաշտպանութիւնը, բանակի սպարազինութիւնը ամէնէն առաջնային խնդիրներն են: Արցախի թիկունքը պէտք է միշտ ամուր ըլլայ: Մեր համախմբուած ու միասնական աշխատանքով միայն կրնանք յաղթել թշնամիին: