Արցախը Երկիր Մըն է, Ուր Կայ Իրական ժողովրդավարութիւն, Մարդիկ Կը Պայքարին Իրական Արժէքներու Համար, Կայ Մտքի, Գործելու, Խօսքի Ազատութիւն․ Պելճիքացի Պատգամաւոր


ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Արցախ ժամանած են Պելճիքայի Թագաւորութեան Դաշնային եւ Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարաններու պատգամաւորներ Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ, Էմանուէլ տէ Պոք եւ Փիեռ Քոմփանի:

Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Արցախի նախագահին, Ազգային Ժողովի նախագահին, Արտաքին գործոց նախարարին հետ: Բացի պաշտօնական հանդիպումներէն կը նախատեսուին հանդիպումներ նաեւ ժողովուրդի տարբեր խաւերու հետ:

Մարտ 21ին կայացած է պատգամաւորներու մամլոյ ասուլիսը:

«Մեզի համար հետաքրքական է գալ եւ բացայայտել արցախեան իրականութիւնը», նշած է Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ եւ աւելցուցած, որ իրենց գործընկերները կը հետաքրքուին Արցախով, երբ անոնց կը բացատրեն, որ Արցախը երկիր մըն է, ուր կայ իրական ժողովրդավարութիւն, մարդիկ կը պայքարին իրական արժէքներու համար, կայ մտքի, գործելու, խօսքի ազատութիւն եւ այլն: Վալոնիա-Պրիւքսել Դաշնային խորհրդարանի անդամը արդէն երրորդ անգամ Արցախ կ՛այցելէ հաճոյքով կը նկատէ, որ ան մեծ արագութեամբ կը զարգանայ:

«Մեր այցին նպատակը ոչ միայն Արցախը բացայայտելն է, այլեւ շփման եւ համագործակցութեան եզրեր գտնելը, յատկապէս առողջապահութեան ապահովագրութեան, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ», ընդգծած է Վարնաֆ:

Փիեռ Քոմփանի, որ առաջին անգամ Արցախ կը գտնուի, իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին հասկցած է, որ Արցախի մէջ ապրողները անջատողականներ չեն, անոնց պայքարը արժէքներու համար է: Ցաւօք, ազատութիւնը կը ստիպէ գին վճարելու, թէեւ անիկա անգին է: «Ձեր ընտանիքները, վստահ եմ, վճարած են այդ թանկ գինը, որպէսզի դուք պայքարիք ժողովրդավարութեան եւ ձեր ժողովուրդին հետ միանալու համար», աւելցուցած է Պրիւքսելի Շրջանային խորհրդարանի անդամը, որ զարմացած է տուեալ իրավիճակի մէջ մարդոց հանգստութեան եւ կեանքի նկատմամբ սիրոյ վերաբերեալ:

Պատգամաւոր Էմանուէլ տէ Պոք նշած է, որ իրենք կը հասկնան, թէ Արցախի մէջ որքան դժուար պայմաններու մէջ են ժողովրդավարական արժէքները պահպանելն ու զարգացնելը:

«Առաջին անգամ Արցախ եմ. ես այստեղ բացայայտեցի ամէն ինչ: Որոշ արժէքներու իմաստը սկսած եմ նորովի հասկնալ. այդ արժէքները մեր մօտ հասանելի ու հաստատուած են, իսկ այստեղ ատոնք կրնան վտանգուած ըլլալ: Մենք այսօր չենք կրնար չհետաքրքրուիլ Արցախի խնդրով, չէ որ վաղը նոյն խնդիրը մենք ալ կրնանք ունենալ: Ես կը հասկնամ, թէ իսկապէս որքան դժուար է նման իրավիճակի մէջ պահպանել ժողովրդավարութիւնը: Ժողովրդական արժէքներ հաստատելու, պահպանելու եւ զարգացնելու գործընթացին մէջ մենք միշտ Արցախի կողքին պիտի ըլլանք», ըսած է Պոք։

Պատգամաւորներուն կ՛ուղեկցէին ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախմբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի քաղաքական հարցերով պատասխանատու Հեղինէ Էւրիեան: