Արցախը Եւ Ազատագրուած Տարածքները Մեզի Համար Զարգացման Հնարաւորութիւն Են, Ոչ Թէ Բեռ. Արմէն Ռուստամեան


«Թերթ»․- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան անդրադառնալով ԼՂ հակամարտութեան վերաբերեալ ՀՅԴի դիրքորոշման, նշած է, որ իրենք երկրի զարգացումը չեն փորձեր կապել Արցախի հետ:

«Յայտնի թեզ կայ, որ քանի դեռ Արցախի հարցը չէ լուծուած, Սերգօ՛ ջան, լաւ չես ապրիր, բնականաբար մենք ատոր բացարձակ հակառակ դիրքերէն կը նայինք: Մեզի համար զարգացման հնարաւորութիւն են, ոչ թէ բեռ են Արցախը եւ ազատագրուած տարածքները, որմէ պէտք է ազատուիլ: Ատոր համար մեր կարգախօսն է, որ Հայաստանը պէտք է զարգանայ առանց ազգային շահերը զիջելու», ըսած է ան։

Ան նշած է, որ Արցախի բանակցային գործընթացի հետ կապուած յստակ ըսած են, որ պէտք է պաշտպանել այն, ինչ որ ԼՂ ժողովուրդը իր Սահմանադրութեամբ փաստած է:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով ՀՅԴ մօտեցումները ինչ-որ առումով կը տարբերի՞ն այսօրուան իշխանութեան դիրքորոշումներէն, Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց. «Ղարաբաղի ժողովուրդին մօտեցումը մեզի համար ուղղորդող մօտեցում է: Քանի դեռ Ղարաբաղի անկախութիւնը չէ ճանչցուած, Ղարաբաղի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ վերականգնուած, խօսիլ որեւէ զիջման մասին անիմաստ է, վերջ: Փոխզիջումը այդտեղէն կը սկսի. կարգավիճակ տարածքներու դիմաց հասկացութիւնը, որ գլխիվայր շուջած են, պէտք է վերականգնուի, եւ ըստ էութեան այսօրուան իշխանութիւնները ատիկա կը փոձեն վերականգնել: Այսինքն` սկիզբը կարգավիճակ, յետոյ տարածքներու մասին խօսակցութիւն: Մինչեւ հիմա եղած է հակառակը, որ մեզի համար անընդունելի է»:

Ան նշած էե որ չեն խօսիր որեւէ զիջման մասին, քանի դեռ Ղարաբաղի անկախութիւնը Ազրպէյճանը չէ ճանչցած: Ա․Ռուստամեան նկատեց, որ Ազրպէյճանը պատրաստ չէ որեւէ ձեւով հարցը կարգաւորելու խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:

«Ան կը հասկնայ, որ ապացոյցներ չունի բանակցային սեղանին ներկայացնելու, միակ փաստարկը ուժով հարցը լուծելն է, սա է իր մօտեցումը: Ազրպէյճանին ձեռնտու չէ հրադադարի պահպանումը, ատոր համար բոլոր այն մեքանիզմները, որոնք կոչուած են ատիկա փաստելու, ան կը հրաժարի: Այսինքն` ան ցոյց չի տար, որ պատրաստ է խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով հարցը կարգաւորել», ըսած է ան եւ նշած, որ Ազրպէյճանը չի կատարեր նաեւ Մինսկի խումբի պահանջները:

Ըստ անոր` Մինսկի խումբի արձագանգը համարժէք չէ Ազրպէյճանի գործողութիւններուն եւ կը գտնէ, որ պէտք է աւելի հասցէաւորուած` յստակ ըսուի, որ Ազրպէյճան չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները: