Արցախը Հանդէս Կու Գայ Արկածային Զբօսաշրջութեան Նոր Հնարաւորութիւններով. «Ճանապարհ Թրէյլ»


«Արմենփրես»․- Արցախը հանդէս կու գայ արկածային զբօսաշրջութեան նոր հնարաւորութիւններով: Քայլարշաւով հետաքրքրուողներուն կ՝առաջարկուի Արցախի ամբողջ երկայնքով «Ճանապարհ Թրէյլ» կոչուող արահետը, որ կ՛երկարի Արցախի Ծար գիւղէն մինչեւ Հադրութ, որ կ՝առանձնանայ իր արկածային պատմութիւններով, գեղեցիկ բնական տեսարաններով  ու զանազան ճարտարապետական հարուստ յուշարձաններով:

«Երթուղին մասնաւորապէս ընտրուած է Ստեփանակերտէն հիւսիս ինկած արահետներու վրայ, սակայն կը ծրագրուի իրականացնել «Ճանապարհ Թրէյլ»ի ամբողջական գծանշում, կահաւորում ու բարեկարգում, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի ապահով եւ անվտանգ անցնելու երթուղին: Քանի որ երթուղին բաւական հանրաճանաչ դարձած է արկածային զբօսաշրջութեան սիրահարներու համար, նախագիծին հեղինակները արահետները աւելցուցած են տարբեր յաւելուածներու մէջ` ուղղորդումը դիւրացնելու նպատակով», նշած է ծրագրի կառավարիչ Արտակ Գրիգորեան:

Երթուղին համաշխարհային կը համարուի, որովհետեւ կարելի է տարանջատել իրարմէ եւ անցնիլ այն մասը, որ առաւել հետաքրքրական է ճանապարհորդին համար. ըլլայ Շուշիէն Հունոտի կիրճ, թէ Ազոխէն Գտչավանք ու Տող` մէկօրեայ արշաւի համար կամ ամբողջ երթուղին` երկշաբաթեայ տեւողութեամբ:

Արահետը կարելի է անցնիլ տարուան որեւէ եղանակի, նոյնիսկ ձմրան, համապատասխան հագուստով: Արդէն հետաքրքրուողներ կան, գործող արահետով քայլարշաւ կը կազմակերպեն Ռուսիայէն, եւրոպական երկիրներէն, Միացեակ Նահանգներէն եկած զբօսաշրջիկները:

«Ըստ նախագիծին՝ ամէն փուլի աւարտ կը հասնի որեւէ բնակավայրի մօտ, որ հնարաւորութիւն կու տայ զբօսաշրջիկին շփուելու տեղացիներու հետ, ծանօթանալու բարքերուն ու աւանդոյթներուն: Արցախի անտառապատ լեռներուն մէջ կանաչ բացատներու առկայութիւնը հրաշալի հնարաւորութիւն է բանակումներ սիրող ճամբորդներու համար: Բանակում կարելի է կազմակերպել նաեւ տեղացիներու ագարակներուն մէջ կամ տնամերձ տարածքներու վրայ», նշած է Արտակ Գրիգորեան:

2015ին երթուղին երկարացուած է մինչեւ Սեւանի աւազան` Վարդենեաց լեռնանցքով, նպատակ ունենալով զայն հասցնել մինչեւ Երեւանի մատոյցներ:

Արտակ Գրիգորեանի խօսքով, մերօրեայ զբօսաշրջիկի հիմնական ակնկալիքը` որքան հնարաւոր է մեծ տպաւորութիւն ստանալ այս կամ այն զբօսաշրջային ուղղութիւն այցելելէն: Խօսքը ոչ միայն տարատեսակ զբօսաշրջավայրեր կամ յուշարձաններ այցելելու մասին է, այլ տարբեր հետաքրքրական զբաղմունքներու եւ փորձի, որոնց կ՝առնչուի զբօսաշրջիկը այցելութեան ժամանակ: Ան ընդգծած է, որ Արցախի մէջ եւս նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին զբօսաշրջիկներու այցը հետաքրքրական ու բազմաբնոյթ դարձնելու համար:

«Լեռնային գծանշուած արահետներով Արցախի հիւսիս – հարաւ երթուղիէն մինչեւ Արցախի հանրայայտ գինիի երթուղիներով անցնիլը կամ «Մուկլիմանդիլ» սրճարանին մէջ սալսայի դասընթացներէն մինչեւ Ստեփանակերտի Շահումեանի անուան պուրակին մէջ ազգագրական պարերու բաց դասեր: Այս շարքը կարելի է երկար շարունակել», աւելցուցած է Արտակ Գրիգորեան` նշելով, որ տարուէ տարի կ՝ընդլայնուին Արցախի մէջ զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները: