Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Գանատական Պատուիրակութեան Հետ Քննարկած է Համագործակցութեան Հեռանկարները


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Օգոստոս 30ին ընդունած է «Մէկ ազատ աշխարհ» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան նախագահ Մաժետ Շաֆին եւ Գանատայի խորհրդարանի ստորին պալատի Պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխաններ Ռաքել Հարտըրը եւ Թոնի Քլեմընտը:

Պատուիրակութեան Արցախի մէջ կ՛ուղեկցի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան:

Ողջունելով հիւրերը` խորհրդարանի նախագահը կարեւոր համարած է Գանատայի հետ կապերը, զանոնք համարելով պահանջուած Արցախի ու Հայաստանի համար` հաշուի առնելով այդ երկրին մէջ հայկական համայնքի ներկայութիւնը: Աշոտ Ղուլեան յոյս յայտնած է, որ այցի ծիրէն ներս պատուիրակութեան անդամները կը յաջողին Արցախի անկախ պետականութեան ու այստեղ ապրող ժողովուրդին մասին լիարժէք պատկերացում կազմելու:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` պատուիրակութեան ղեկավար Մաժետ Շաֆի նշած է, որ Արցախը ազատութեան համար պայքարի օրինակ է, եւ իր կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը յայտնած է համագործակցութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Ռաքել Հարտըրը եւ Թոնի Քլեմընտ, որոնք առաջին անգամ տարածաշրջան կը գտնուին, կարեւոր համարած են Արցախի պատմութեան ու ներկայ քաղաքական իրավիճակին ծանօթանալու ու տեղեկութիւններով իրենց գործընկերներու հետ կիսուելու հնարաւորութիւնը:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Գանատահայ համայնքի հետ փոխգործութեան, խորհրդարանական դիւանագիտութեան եւ տարածաշրջանում տիրող իրադրութեան վերաբերեալ:

Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան, փոխնախագահ Դաւիթ Մելքումեան, Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Կարինէ Աճեմեան, Հայ դատի Գանատայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պալեան: