Արցախի բոլոր դպրոցները պիտի ունենան շարժական տարրալուծարաններ. Արցախն այս շաբաթ


Քաղաքական

* Ազրպէյճանցիները դարձեալ կրակած են գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներու ուղղութեամբ

21-22 Նոյեմբերին Ասկերանի Սարուշէն գիւղին տարածքին գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող խաղաղ բնակիչներու ուղղութեամբ ազրպէյճանական մարտական յենակէտերէ անկանոն կրակոցներ արձակուած են, որուն հետեւանքով գիւղատնտեսական աշխատանքները կանգ առած է: Տուժած քաղաքացիներ չկան։

25 Նոյեմբերին Մարտունիի Թաղավարդ գիւղի տարածքին նոյնպէս թշնամին կրակած է թրաքթորով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող գիւղացիներու վրայ։ Նոյն օրը նման դէպք պատահած է նաեւ Մարտակերտի Ճանկաթաղ գիւղի տարածքին՝ խոչընդոտելով գիւղացիներու աշխատանքը։ Ոստիկանութիւնը փաստերը հաւաքելով տրամադրած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:

* Արցախի մէջ նախարարներու փոփոխութիւններ Եւ քննարկումներ

23 Նոյեմբերին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով, պաշտօններէ հեռացուեցան պետական նախարար նշանակուած Ռուբէն Վարդանեանի վերահսկողութեան տակ գտնուող ոլորտներու բոլոր պատասխանատուները։ Պաշտօնանկութեան մասին Վարդանեան ըսաւ, թէ ճգնաժամային այս իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ են կառավարման նոր մօտեցումներ:

Ռուբէն Վարդանեանի խորհրդական Մեսրոպ Առաքելեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ չբացառեց, որ նախարարի պաշտօններ ստանան ոչ միայն արցախցիներ, այլ նաեւ սփիւռքահայեր եւ հայաստանցիներ: Թէ որո՞նք պիտի ըլլան նոր նախարարները, Առաքելեան անուններ չտուաւ, այլ ըսաւ, որ տեղի կ’ունենան քննարկումներ: Ռուբէն Վարդանեան եւս աւելի ուշ տեղեկացուց, որ արդէն սկսած է քննարկումները նոր նախարարներու նշանակման հարցով:

* Լեմքինի հիմնարկը կը սատարէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին` ցեղասպանութենէն խուսափելու համար

Ցեղասպանութեան կանխարգելման Լեմքինի հիմնարկը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին կողքին, որ 30 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ յայտնած է ինքնորոշման իր կամքը: 24 Նոյեմբերին հիմնարկը յայտարարութիւն տարածած է` «Ցեղասպանութեան միջոցով «խաղաղութիւն» կամ «բարեկեցութիւն» գոյութիւն չունի» խորագիրով:

«Լեմքինի հիմնարկը իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին, որ բարձրաձայնած է ինքնորոշման իր կամքին մասին: Ազրպէյճանը յաւակնութիւններ ունի Արցախի նկատմամբ` հակառակ անոր, որ այդ տարածքին մէջ հազարամեակներ շարունակ բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր եղած են»,  գրուած է յայտարարութեան կից թուիթըրեան գրութեան մէջ:

Հիմնարկը կը շեշտէ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է լրջօրէն վերաբերի արցախցիներու ինքնորոշման պահանջներուն, ինչպէս նաեւ պէտք չէ անտեսէ՝ տարածաշրջանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները, որ «արեւմտեան Հայաստանի մէջ ամբողջութեամբ ոչնչացուց հայկական ներկայութիւնը», ինչպէս նաեւ «հայերու նկատմամբ ազրպէյճանցի ազգայնականներու ցեղասպանական թշնամանքը»:

Ընկերային

* Կառուցուող «Գետաւան» ջրաելեկտրակայանը Արցախի ելեկտրականութեան պահանջը ամբողջութեան պիտի բաւարարէ

23 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովի նիստին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ բուռն կերպով կ’ընթանայ 17 մէկաուաթ հզօրութեամբ կայանի շինարարութիւնը պետական միջոցներով։ «Եթէ ֆինանսական միջոցները բաւարարեն, կը նախատեսուի կառուցումը աւարտել գալիք տարի, եթէ ոչ, ապա անպայման պիտի աւարտի 2024-ին», ըսաւ ան։

* Արցախի բոլոր դպրոցները պիտի ունենան շարժական տարրալուծարաններ

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը 2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը Արցախի բոլոր դպրոցներուն պիտի նուիրէ կենսաբանութեան եւ քիմիագիտութեան շարժական տարրալուծարաններ:

Հիմնադրամի հանրային կապերու պատասխանատու Ռուբէն Ճանպազեան «Արցախպրես»-ին յայտնեց, որ հիմնադրամը Արցախի աշակերտներուն ուսուցման որակ բարելաւելու նպատակով, որոշեց տարրալուծարաններ նուիրել դպրոցներուն։ Ան «ռէԱրմենիա» հարթակի միջոցով դրահաւաք կազմակերպեց, եւ անհրաժեշտ գումարը արդէն հաւաքուած է:

* Ասկերանի Խաչմաչ համայնքին մէջ նոր թաղամաս կը կառուցուի

Պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած քաղաքացիներու համար Ասկերանի Խաչմաչ համայնքին մէջ սկիզբ առած է կառուցումը նոր թաղամասի: Թաղամասը պիտի բաղկանայ 2-5 սենեականոց 32 տուներէ: Ներկայիս մեկնարկած է 15 առանձնատան շինարարութիւնը, որուն ֆինանսաւորումը կ’իրականացուի պետական պիւտճէի միջոցներով:

* ՀՕՄ-ի հովանաւորութեամբ Արցախի մէջ տեղադրած են ջուր տաքցնող 101 արեւային վահանակներ

ՀՕՄ-ի հովանաւորութեամբ, Արցախի շարք մը համայնքներուն մէջ տեղադրուած են ջուր տաքցելու 101 արեւային վահանակներ: ՀՕՄի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան «Ապառաժ»-ին նշած է, որ ծրագիրի իրագործումը կապ ունի անցեալ տարուան Մարտին Արցախի մէջ ստեղծուած ուժանիւթի ճգնաժամին հետ։ Սկզբնական փուլով ծրագիրի շահառուն հանդիսացած են զոհուած եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը ու բազմազաւակ ընտանիքները։ Կազ չունեցող համայնքներուն մէջ, Արցախի կառավարութիւնը կ’օժանդակէ՝ անհրաժեշտ գումարին 50 տոկոսը վճարելով, իսկ կազ ունեցող համայնքներուն մէջ ՀՕՄ-ը կը հոգայ վահանակներ տեղադրելու ամբողջ ծախսը:

Մշակութային

* Ստեփանակերտի մէջ Մոնթէի 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ

25 Նոյեմբերին, թիւ 5 միջնակարգ դպրոցին մէջ Շուշիի արհեստագիտական  համալսարանի կողմէ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի (Աւօ) 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ․ ցուցադրուեցաւ Մոնթէ կեանքին ու գործունէութեան մասին պատմող տեսանիւթ, այնուհետեւ ուսանողներն ու աշակերտները կատարեցին հայրենասիրական երգեր, ասմունք:

* «Արցախիս կողքին, Արցախիս հետ» խորագիրով բանաստեղծական երեկոյ Ստեփանակերտի մէջ

22 Նոյեմբերին  Մուրացանի անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցած երեկոյին հնչեցին հայրենասիրական երգեր, գրադարանի ընթերցողներն ու ներկաներն ասմունքեցին արցախցի բանաստեղծներ` Հրաչեայ Բեգլարեանի, Սոկրատ Խանեանի, Հրանտ Ալեքսանեանի բանաստեղծութիւններէն:

 Ներկայ էին մտաւորականներ, գրադարանի ընթերցողներ, գրասէր հասարակութիւն:

* Լոռի-փամբակի երկրագիտական թանգարանին մէջ բացուած է Շուշիի գորգերու ցուցադրութիւն

23 Նոյեմբերին Վանաձորի Լոռի-փամբակի երկրագիտական թանգարանին մէջ բացուած ցուցադրութեան, ներկայացուած են 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ոչնչացումէ փրկուած մշակութային ժառանգութեան իւրօրինակ նմուշները:

Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է թանգարանի տնօրէն Արմինէ Աւդալեանի եւ Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիր-տնօրէն Վարդան Ասծատրեանի նախաձեռնութեամբ:

Ցուցադրութիւնը մշակութասէր հասարակութեան հնարաւորութիւն կու տայ, մէկ տարի շարունակ, հիանալու այս եզակի ցուցադրութեամբ եւ զգալու արցախեան հինաւուրց քաղաքի շունչը:

* Համազգայինի սաները մասնակցեցան Խերխանի բերքի տօնին

23 Նոյեմբերին Մարտունիի Խերխան գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ «Բերքի տօն», որուն շրջանի գիւղերը ներկայացուցին իրենց շրջանի բերքն ու բարիքը։ Միջոցառման մասնակցեցան նաեւ յարակից գիւղի ` Մաճկալաշէնի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Մունք» պարի եւ «Հմուտ ձեռքեր» խումբերու սաները:

Ըստ «Երկիր»-ի՝ Համազգայինի «Մունք» պարախումբի սաները ներկայացած են ազգային պարերով` փառատօնի մասնակիցներուն պագեւելով բարձր տրամադրութիւն:

Խերխանի բերքի տօնը եւ «Մունք» պարախումբի ներկայացումը (լուսանկարը՝ «Երկիր»-ի)