Արցախի եւ Հայաստանի Մէջ Նշուեցան Շուշիի Ազատագրութեան 28 եւ Հայրենական Պատերազմի 75 Ամեակները


Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաները Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին առջեւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեց Արցախեան ազատամարտին եւ Հայրենական մեծ պատերազմին զոհուած հայորդիներու յիշատակին

«Թորոնթոհայ»,- Այսօր` Մայիս 9-ին, Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման ու Շուշիի ազատագրութեան 28 եւ Հայրենական պատերազմի 75 ամեակներու  առիթով՝ Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախի եւ Հայաստանի պետական պաշտօնեաներ եւ զինուորական բարձրաստիճան զինուորականներ:

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան տիկնոջ՝ Անահիտ  Սահակեանի հետ, երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան տիկնոջ` Քրիստինէ Յարութիւնեանի հետ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Աննա  Յակոբեանի հետ, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովներու նախագահներ Արարատ Միրզոյան եւ Աշոտ Ղուլեան, պետական պաշտօնեաներ, զինուորականներ ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ դրին արցախեան պատերազմին եւ Հայրենական մեծ պատերազմին զոհուած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, ինչպէս նաեւ արցախեան պատերազմին նահատակուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն:

Նոյն օրը, Երեւանի մէջ առանձին-առանձին «Յաղթանակ»ի զբօսայգի այցելեցին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, հոգեւորականներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ: Անոնք ծաղիկներ խոնարհեցին «Մայր Հայաստան» յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ` յարգանքի տուրք մատուցելով զոհուածներու յիշատակին:

Հայրենական Պատերազմի 75-ամեակին առիթով յուշահամալիրին առջեւ տեղի ունեցաւ պատուոյ երթ` Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած վեթերաններու ներկայութեամբ: Անոնք զինուորականներու ուղեկցութեամբ անմար կրակին առջեւ ծաղիկներ խորնարհեցին, այդ ընթացքին Երեւանի վրայ ՀՀ ռազմաօդային ուժերու Սու-30 օդանաւերը թռիչքներ կատարեցին։

«Քորոնա» համաճարակի պատճառով Մայիսեան Եռատօնին արգիլուեցաւ ժողովուրդային մասնակցութիւնը։ Փակ մնացին «Յաղթանակ» զբօսայգի եւ «Եռաբլուր» տանող բոլոր ճանապարհները։ Ստեփանակերտի մէջ որեւէ արգելք չկար, այլ յորդոր՝ պահելու ընկերային հեռաւորութիւնը։

Մայիսեան յաղթանակներուն առիթով Երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ համերգ մասնակցութեամբ՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան նուագախումբին, Երգի պետական թատրոնին եւ այլ երգիչ-երգչուհիներու։

Արցախի եւ Հայաստանի ղերավարներ կ՛ուղղուին դէպի Ստեփանակերտի քաղաքային պանթէոն։

 

Շուշիի Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին առջեւ՝ յարգանքի տուրք։

 

Նախագահ Արմէն Սարգսեան “Մայր Հայաստան” յուշահամալիրի անմար կրակին առջեւ ծաղկեպսակ կը զետեղէ։

 

Գարեգին Բ․ Կաթողիկոս ծաղկեպսակ կը զետեղէ անմար կրակին առջեւ, Երեւան։

 

“Մայր Հայաստան” յուշահամալիրը Մայիս 9-ին։

Պատերազմական օդանաւերը կը սաւառնին “Մայր Հայաստան” յուշարձանին վրայէն