Արցախի Հանրապետութիւնը Կը Նշէ Անկախութեան 28-րդ Տարեդարձը


Արցախի եւ Հայաստանի պետական այրերը՝ ժողովուրդին հետ միասին՝ քայլերթով կ՛ուղղուին դէպի Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր։

Սեպտեմբեր 2-ին Արցախի Հանրապետութիւնը կը տօնէ իր անկախութեան օրը։ 1991 թուականի նոյն օրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախութեան մասին հռչակագիր ընդունեց, այսպիսով տասնեակ տարիներ առաջ՝ 1921-1923 թուականներուն, Ստալինի հակահայկական որոշման վրայ գիծ քաշելով՝ բռնեց իրական անկախութեան դժուարին ճանապարհը:

1990-ի Մարտին տեղի ունեցաւ Խորհրդային Միութիւնը պահելու հանրաքուէ, որուն Ատրպէյճանը Անդրկովկասի մէջ միակ պետութիւնն էր, որ կողմ քուէարկեց խորհրդային համակարգի պահպանման:

Հանրաքուէէն ետք Խորհրդային Ատրպէյճանի այն ժամանակուան իշխանութիւնը շղթայազերծելով «Օղակ» ռազմաքաղաքական գործողութիւնը, որուն հիմնական նպատակն էր Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը իր հայրենի հողէն տարհանելը: Ատրպէյճանի ռազմական ստորաբաժանումները տասնեակ հայաբնակ գիւղեր եւ այլ բնակելի տեղեր գրաւեցին: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը արտաքսման շեմին կը գտնուէր:

Օգոստոս 30-ին ատրպէյճանցիները հռչակեցին իրենց անկախութիւնը:

Այս պարագային Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը օրհասական խնդրի առջեւ էր՝ կամ նոր կազմաւորուած Ատրպէյճանի հպատակութեան տակ մնալ, ինչ որ բնակչութեան ընդհանուր կործանման ու Նախիջեւանի բնակչութեան բախտի կրկնութեան հաւասար էր, կամ ալ՝ պայքարիլ յանուն Անկախութեան:

Արցախի բնակչութիւնը ընտրեց պայքարի ճանապարհը: Ճանապարհ, որով քալելու համար հայերս չունէիք ո՛չ դաշնակից, ո՛չ աջակից, ո՛չ ալ բարեկամ: 1991-ի Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդը «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան մասին» Հռչակագիր ընդունեց:

Այս առիթով՝ այսօր, Ստեփանակերտի մէջ տօնակատարութիւնները սկիզբ առին աւանդական քայլերթով։ ԱՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի ու Հայաստանի պետական և զինուորական բարձրաստիճան այրերու ուղեկցութեամբ Վերածնունդի հրապարակէն հազարաւոր քաղաքացիներու հետ միասին քալեց դեպի Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր։ Անոնք ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրին Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն: Յաջորդիւ տեղի ունեցաւ ԱՀ Պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը։

Կէսօրին մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ ռազմական սարքերու եւ սպառազինութեան ցուցահանդէս:

Նախագահ Սահակեան պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ պաշտօնատար այլ անձերու ուղեկցութեամբ շրջեցաւ տաղաւարները ու ծանօթացաւ ներկայացուած արտադրանքին եւ սեփական արտադրութեան նոր զէնքերու նմուշներուն:

Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կարէն Աբրահամեան ըսաւ, որ ցուցադրութեան նպատակն է հանրութեան ներկայացնել զինուած ուժերուն մէջ առկայ նոր նմուշները եւ խթանել տեղական արտադրանքը:

«Սեփական արտադրութեան նոր զինանմուշները պիտի յագեցնեն առաջնագիծը եւ պիտի բարձրացնեն զօրքի կենսունակութիւնը: Սպառազինութեան որոշ տեսակներ արդէն փորձուած են, որոշներն ալ դեռ փորձարկման մէջ են: Մեր սպաներն ու զինուորները գոհ են այն տեսակներէն, որոնք գործնականօրէն կը կիրառուին: Վստահ ենք, որ յառաջիկային մեր բանակը պիտի համալրուի արդիականացուած սպառազինութեամբ եւ նոր զէնքերով», յայտնեց  Աբրահամեան:

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ։