Արցախի Մասին Վաւերագրական Ֆիլմ Պատրաստող Լեհ Լրագրողը՝ Սպառնալիքներու Թիրախ


«Մարմարա»․- Լեհ լրագրող Թոմաս Մաթսէյշուք, որ Արցախի մասին վաւերագրական ֆիլմ մը կը պատրաստէ, յայտարարած է, որ սպառնալիքի կ՛ենթարկուի ազրպէյճանցիներու կողմէ, որովհետեւ կը պաշտպանէ հայերը։

Մաթսէյշուք, որ նաեւ կը հետեւի Արեւմուտքի մէջ վերջերս բազմացած իսլամներու թիւին ստեղծած հարցերուն, ծանր խօսքերով արտայայտուած է Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հասցէին՝ պնդելով, որ այս երկուքը կը ծրագրեն բնաջնջել հայ ազգը, եւ աւելցուցած է, որ պէտք է հայերը պաշտպանելու ջանքեր ի գործ դրուին, որովհետեւ հայերը մաս կը կազմեն եւրոպական քաղաքակրթութեան ժառանգութեան։

Մաթսէյշուք ըսած է, որ ինք չի վախնար սպառնալիքներէն ու մօտ ատենէն ռուսական հեռատեսիլի կայաններէն մէկէն պիտի խօսի Արցախի մասին, համագործակցաբար ռուս զինուորական լրագրողի մը հետ։

Մաթսէյշուք նաեւ ըսած է, որ Եւրոպա այլեւս պէտք է արթննայ ու պէտք է յանգի այն եզրակացութեան, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դիպուած մը չէր, եւ եթէ Արցախ կորսնցնէ իր պայքարը՝ «նոյն դէպքը կրնայ մեր աչքերուն առջեւ կրկնուիլ»։

«Պէտք է աւելի արագ շարժելով այս վտանգը կանխել։ Արցախի, Քոսովոյի, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի իսլամականացումը այսօր այլեւս հասած է միջքաղաքակրթութիւններու բախման վիճակի։ Մենք՝ կա՛մ այս վիճակը ըմբռնելով զայն կանխել պիտի ջանանք, կա՛մ յիսուն տարի ետք մեր թոռները իսլամացած պիտի ըլլան», ընդգծած է Մաթսէյշուք։