Արցախի Մէջ Գործող ՀՕՄի 8 Մանկապարտէզներէն Ներկայիս Կը Գործեն 4-ը


ՀՕՄի պատասխանատուներու «Սօսէ» մանկապարտէզներ այցելութենէն պատկերներ

Արցախի Հայ Օգնութեան Միութեան ֆէյսպուքեան էջը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի մէջ գործող ՀՕՄի 8 մանկապարտէզներէն ներկայիս կը գործեն 4-ը։ Միւս մանկապարտէզները կը գտնուին թշնամիին ենթակայութեան տակ անցած գիւղերուն մէջ։

Օրերս Ստեփանակերտի, Աշանի, Ակնաբերդի եւ Խնձիրստանի մէջ գործող «Սօսէ» մանկապարտէզներ այցելած են ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Համեստ Սասունեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Շաղիկ Մարուխեան, ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեան։ Անոնք տեղւոյն վրայ ծանօթացած են պատերազէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մէջ յառաջացած խնդիրներուն, շփուած են մանկապարտէզի փոքրիկներուն հետ։