Արցախի Մէջ Եւս 20ամեայ Զինուոր Մը Զոհուած է. Չորս Նահատակները Յետմահու Պարգեւատրուեցած են «Մարտական Ծառայութիւն» Մետալով


ԵՐԵՒԱՆ․ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 17ի առաւօտեան Ազրպէյճան Արցախի հիւսիսային ուղղութեամբ դիմած է հերթական սադրանքի, որուն պատճառով զոհուած է պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1997ի ծնունդ Նարեկ Գասպարեան:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսելով կորստեան ծանր վիշտը, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն եւ կը վստահեցնէ, որ միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու անհասցէ յայտարարութիւններէն ոգեւորուած հակառակորդի դարանակալ գործողութիւններու պատասխանը պիտի ըլլայ թիրախային եւ անհամարժէք:

Միւս կողմէ, նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 17ին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինուորներ Վարդան Սարգսեան, Արայիկ Մատինեան եւ Վիգէն Պետրոսեան յետմահու պարգեւատրուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Նոյն օրը, այլ հրամանագիրով մը նախագահ Բակօ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար զինուոր Նարեկ Գասպարեանը յետմահու պարգեւատրած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Յունիս 17ին առաւօտեան ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով եւս երեք զինուոր վիրաւորուած է։ Անոնք Ստեփանակերտէն տեղափոխուած են Երեւան։

«Զիուորական հիւանդանոցին մէջ գտնուող զինուորը ստացած էր բեկորային վնասուածքներ, նաեւ գլուխէն, վիրահատական միջամտութիւն դեռ չենք ըներ, որ չվնասենք: «Մալաեան» ակնաբուժական հիւանդանոցին մէջ գտնուող զինուորը, որ ստացած էր աչքերու այրուածքներ, գիտէք, վիրահատուած է, մանր -մունր բեկորները հեռացուցած են, պէտք է վէրքերը լաւանան, որ հասկնանք` տեսողութեան վրայ ինչպիսի ազդեցութիւն ունեցած է», Հայաստանի պաշտօանութեան նախարարութեան Բուժծառայութեան վարչութեան պետ Կամաւոր Խաչատրեան:

Իսկ երրորդ զինուորին՝ Եուրի Արմէնի Զաքարեանի Վիճակը ծայրայեղ ծանր է: Ան ունի գլխու թափանցող հրազէնային վիրաւորում,  անգիտակից վիճակի մէջ է, անոր միացուած է արհեստական շնչառութիւն: «Հետազօտութիւններու արդիւնքներէն մեկնած` վիրահատական միջամտութեան կարիք չունի, որովհետեւ ան վիրահատուած է Ստեփանակերտի հիւանդանեցին մէջ»,  ըսած է զինուորական հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքի պետ Գայիանէ Յովհաննիսեան: