Արցախի Մէջ Զոհուած Է 22ամեայ Զինուոր Մը


22 Յունուարի երեկոյեան հակառակորդին կողմէ մահացու հրազէնային հարուած ստացած է պայմանագրային զինուոր, 22ամեայ Կարէն Ուլուբաբեանը: Նահատակ զինուորը մասնակցած է 2014ի օգոստոսեան եւ 2016ի ապրիլեան գործողութիւններուն:

Նշենք, թէ 22Յյունուարէն 23 Յունուար լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդը հիմնականին մէջ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ զինադադարի դրութիւնը խախտած է աւելի քան 55 անգամ` հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 430 կրակոց: Շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կրակած է արձակազէնի հրացաններէ (92 կրակոց), ինչպէս նաեւ գործածած է 82 միլլիմեթրնոց ականանետ (2 արկ): Բանակի յառաջապահ զօրամասերը հակառակորդին նախայարձակ գործողութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: