Արցախի Մէջ Թշնամիին Գնդակէն Զոհուած է Զինուոր Հայկ Չիլինգարեանը


“Նիուզ”․- Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, Յունուար 7ին, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է զինծառայող, 1998ի ծնունդ Վաչէ Նուէրի Չիլինգարեանը: Աւելի ուշ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեան յայտնած է, որ 19ամեայ զինծառայողը զոհուած է հակառակորդի դիպուկահարի կրակոցէն: Անոր խօսքով, կայ նաեւ երկու վիրաւոր, որոնք թեթեւ մարմնական վնասուածքներ ստացած են, վիճակները բաւարար է։

Վաչէ Չիլինգարեանը Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ գիւղէն էր: Համայնքին ղեկավար Սուլիկօ Շուշանեան յայտնած է, որ Վաչէն 1 տարուան զինծառայող էր:

«Յունուար 23ին ծառայութեան 1 տարին պիտի լրանար: Ընտանիքի միակ որդին էր, իրմէ փոքր երկու քոյր ունի», ըսած է գիւղապետը:

Նախագահ Բակo Սահակեան Յունուար 8ին ստորագրած է հրամանագիր, որու համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայող Վաչէ Չիլինգարեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: