Արցախի Մէջ Թշնամիին Կրակոցներէն Զոհուած Են Երեք Զինուորներ


“Նիուզ”․- Հակառակորդը հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետերէն Յունիս 16ին, ժամը 18:05ի մօտ, խախտած է հրադադարը, Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են զինծառայողներ Արայիկ Ռուդիկի Մատինեանը (1997ի ծնունդ), Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը (1997ի ծնունդ) եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (1997ի ծնունդ):

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

20ամեայ Վիգէն Պետրոսեան Գեղարքունիքի մարզի Սեւան քաղաքի բնակիչ էր:  Վիգէն Պետրոսեանը շուտով պիտի զօրացրուէր: Ան ունի իրմէ մեծ եւ փոքր երկու եղբայր:

Վարդան Սարգսեան Արագածոտնի մարզի Լուսագիւղի բնակիչ էր: Լուսագիւղի գիւղապետ Քաջիկ Զաքարեանը նշած է, որ Վարդան Սարգսեանը ընտանիքի միակ արու զաւակն էր, ունի իրմէ մեծ երկու քոյր: Վարդանը ընկերային ծանր պայամններու մէջ ապրող ընտանիքէ էր, հայրը անտառապահ է եւ կը զբաղի գիւղատնտեսութեամբ: Վարդանը պիտի զօրացրուէր քանի մը ամիսէն: