Արցախի Մէջ Պիտի Բացուին Ընկերային֊Հոգեբանական Կեդրոններ


«Սոցիալական աշխատողների ասոցացիա»յի նախագահ Միրա Անտոնեան 

«Արցախփրես»,- «Սոցիալական աշխատողների ասոցացիա»ն (Ընկերային աշխատողներու միութիւնը-Թ․) պատերազմէն ետք Արցախի մէջ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ ծանր հոգեկան վիճակի մէջ գտնուող անձերու:

Միութեան նախագահ Միրա Անտոնեանի խօսքով՝ յայտնի պատճառներով Արցախի մէջ կան մեծ թիւով մարդիկ, որոնք աջակցութեան կարիք ունին:

«Աջակցութիւնը մարդուն օգնելն է, որպէսզի ան վերականգնէ կեանքի սովորական ռիթմը, եւ ան ետ վերադառնայ իր առօրեային, կարենայ գտնել այն յենակէտերը, որոնք զինք ապրեցուցած են մինչ պատերազմը: Մեզի համար նպատակ է օգնել մարդուն, որ իր խնդիրները իր իսկ վերահսկողութեան տակ պահէ: Մեր ազգաբնակչութիւնը պէտք է ստանայ որակեալ ընկերային ծառայութիւն` որակեալ մասնագէտի միջոցով», աղբիւրին յայտնած է միութեան նախագահը:

Ըստ անոր` Հայաստանի ընկերային աշխատողներու միութիւնը կատարած է հետազօտութիւն, որով պարզ դարձած է, թէ բազմաթիւ մարդիկ կարիք ունին հոգեկան աջակցութեան, որուն համար անհրաժեշտ են համապատասխան մասնագէտներ:

«Մենք ընտանիք առ ընտանիք ուսումնասիրութիւններ կատարած ենք եւ հաւաքած հսկայական տուեալներ, որոնք մեզի կ՛ապացուցեն, թէ որ ուղղութեամբ պէտք է աշխատինք: Աջակցութիւն ցուցաբերելու համար մեզի անհրաժեշտ են մասնագէտներ, եւ քանի որ Արցախի մէջ չկան մասնագէտներ, սկսանք հինգ ուղղութեամբ աշխատելու` տեղական անձնակազմի պատրաստումը եւ գործող անձնակզմի կարողութիւններու զարգացումը, շարունակական կրթութեան հնարաւորութիւններու ստեղծումը Արցախի մէջ, գործող մասնագէտներուն իրենց աշխատանքին մէջ օգնելը, որպէսզի աւելի հմտօրէն աշխատին, ստեղծումը նոր ծառայութիւններու, ընկերա-հոգեբանական կեդրոններու, որոնք հնարաւորութիւն կու տան՝ մեր ձեռքերը հասնին ամբողջ ազգաբնակչութեան», ըսած է Անտոնեան:

Խօսելով համայնքներու մէջ ընկերային-հոգեբանական կեդրոններ հիմնելու մասին` ան շեշտեցած է, որ Արցախի պահպանուած գիւղերուն մէջ անհրաժեշտ են 172 մասնագէտներ, իսկ շրջանային մակարդակով մօտ 50 մարդու կարիք կայ, որոնք դարմանատուներու-ընկերային աշխատողներ պէտք է ըլլան, կամ հոգեբաններ: «Մասնագէտները պիտի աշխատին տեղւոյն վրայ, կամ երթալ֊ գալով, որովհետեւ հոգեբանի կամ դարմանատունի ընկերային աշխատողի ծառայութիւններ ստանալու մշակոյթը Արցախի մէջ տակաւին չէ ձեւաւորուած, եւ այդ ամէնը բնական է, որովհետեւ մենք կը գտնուինք միասնական, իրարու սատարելու իրավիճակին մէջ», ընդգծած է ան: