Արցախի Մէջ Վառեցաւ Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերուն 3-րդ Ջահը


Տիգրանակերտի մէջ կը վառեն Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն 3-րդ ջահը։

“Արմենփրես”,- Արցախի Տիգրանակերտ բերդին մէջ, Յունիս 22-ին վառեցաւ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն 3-րդ ջահը:

Ջահը վառելու արարողութիւնը կատարուեցաւ պատմական ներկայացումով․ Տիգրան Մեծ թագաւորը՝ ըստ ներկայացումին՝ իր զօրախումբով Տիգրանակերտի բարձունքէն իջեցուց ջահը:

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն 3-րդ ջահի վառելու պատիւը տրուեցաւ  2016-ին տեղի ունեցած ապրիլեան պատերազմի մասնակից, զինուորական Արթուր Աղասեանին։ Ան նշած է, թէ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն 3-րդ ջահը վառելու  պատուին արժանանալը իրեն համար մեծ խորհուրդ ունի:

Արարողութեան ներկայ եղած Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան նշած է,  թէ Համահայկական 7-րդ խաղերը Արցախի մարզամշակութային կեանքին մէջ մեծ իրադարձութիւն են: «Մեզի համար շատ կարեւոր է Արցախի մէջ համախմբուած տեսնել աշխարհի տարբեր անկիւններէ հազարաւոր հայ երիտասարդներ: Ուրախալի է, որ արդէն սփիւռքահայ նոր սերունդը պիտի ծանօթանայ Արցախին, շփուի եւ կապեր հաստատէ արցախցիներու հետ: Անոնք այսուհետեւ միշտ պիտի կապուին իրենց հայրենիքին հետ եւ չեմ բացառեր, որ անոնցմէ շատերուն համար այս իրադարձութիւնը ըլլայ տունդարձի նոր ճանապարհի սկիզբ», ըսած է նախարարը:

«Տիգրանակերտը մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնն ու պատմական յիշողութիւնն է եւ շատ ուրախալի է, որ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն որոշած է ջահը վառել տալ այստեղ: Անիկա մեր դարաւոր ժառանգութիւններէն եւ տարածաշրջանի կարեւոր յուշարձաններէն մէկն է, եւ անոր հանրահռչակումը մեր բոլորի պարտքն է», ըսած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան։

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Համահայկական խաղերու գլխաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Յովհաննիսեան, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ ուրիշներ:

“Տիգրան Մեծ թագաւոր” իր զօրախումբով Տիգրանակերտի բարձունքէն իջեցուց Համահայկական 7-րդ խաղերուն 3-րդ ջահը։