Արցախի Մէջ Վերաբնակեցուած Սուրիահայ Բժիշկը Առանձնատուն Ստացաւ


«Արցախփրես»․- Սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչօ, որ փրկուած է Իսլամական պետութիւն խմբաւորման (ISIS) հալածանքէն եւ քանի մը տարի առաջ` հաստատուած Արցախի մէջ, Յունիս 9ին իր նոր տան բնակարանամուտը նշեց Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ:

Առանձնատունը կառուցուած է Թուֆենկեան հիմնադրամին կողմէ` Քաշաթաղի մէջ վերաբնակիլ ցանկացող սուրիահայերուն աջակցելուն ուղղուած ծրագրին ծիրէն ներս: Բնակարանամուտի հանդիսութեան մասնակցած են Թուֆենկեան հիմնադրամի խորհուրդի անդամ եւ զարգացման տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան, հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, Քաշաթաղի վարչակազմի ղեկավարի օգնականը, «Հայրենասէր» կազմակերպութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ Իշխանաձորի գիւղապետը եւ տեղի լրատուամիջոցներու եւ համայնքի ներկայացուցիչները:

Հայկ Խաչօն իր ընտանիքին` երեք դուստրերուն հետ Արցախ տեղափոխուած է 2015ին` Սուրիական պատերազմին ընթացքին: Սուրիոյ մէջ Իսլամական պետութիւն խմբաւորումը (ISIS) բռնած էր բժիշկը եւ ստիպած հրաժարիլ քրիստոնէութենէն: Ազատ արձակուելէն ետք՝ Հայկ Խաչօ որոշած է ապաստան գտնել Արցախի մէջ եւ ընտանիքին հետ նոր կեանք սկսիլ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ:

Մասնագիտութեամբ ջիղերու բժիշկ է։ Ան այժմ, իբրեւ ընդհանուր բժիշկ, կ՝աշխատի գիւղին միակ հիւանդանոցին մէջ, որ Թուֆենկեան հիմնադրամին կողմէ կառուցուած է 2004-2005 թուականներուն:

«Երբ առաջին անգամ ոտք դրի Իշխանաձոր, անմիջապէս զգացի տանս նման: Մարդիկ շատ ջերմ էին եւ զիս ընդունեցին բաց սրտով: Ես եւ երեք դուստրերս` բոլորը դեռահաս, այստեղ շատ ապահով կը զգանք: Շնորհակալ եմ այս տան համար` անիկա իսկապէս նոր կեանք կը պարգեւէ մեզի», ըսած է Հայկը:

Բժիշկ Խաչոյի առանձնատան կառուցումը սկսած է 2016ի Սեպտեբերին եւ աւարտած 2017 Յունիսին: Ամայի աւերակներէ վերանորոգուած կացարանի փոխակերպուած այս տունը այժմ լիովին պատրաստ է Հայկ Խաչոյին եւ անոր երեք դուստրերուն համար արժանապատիւ կացարան ապահովելու:

«Մենք ուրախ ենք, որ ան նոր տուն գտած է իր նախնիներու հայրենիքին մէջ: Հայկը երկու անգամ բռնուած է Իսլամական պետութիւն խմբաւորման կողմէն եւ երկու անգամ անոր սպառնացած են սպաննել: Ան յաջողած է կենդանի մնալ եւ երկու անգամ փախչիլ մահէն: Մեր պատիւը եւ պարտականութիւնն է աջակցիլ բոլոր անոնց, որոնք կ՝ուզեն գալ եւ ապրիլ այս ազատագրուած հայկական տարածքներուն մէջ», ըսած է  Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան:

Հիմնադրամի խորհուրդի անդամ եւ զարգացման տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան, իր խօսքին մէջ նշած է Իշխանաձորի կարեւորութիւնը՝ իբրեւ հարաւային Քաշաթաղի շրջանին մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածք: «Իշխանաձորը անցակէտ է, եւ մեր պարտականութիւնն է ապահովել, որ անիկա զարգանայ եւ համապատասխանաբար բնակեցուած ըլլայ: Հայկ Խաչօն իր ներդրումը կ’ունենայ այս շրջանի զարգացման գործին մէջ: Գիւղը բացած է իր դռները Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ եկող հայերու համար: Մենք ուրախութեամբ կրնանք ըսել, որ ասիկա Հայաստանն է, բոլոր հայերուն հայրենիքը», նշած է Գասպարեան: