Արցախի Նախագահը Ընդունած է Սերժ Թանգեանն ու Ատոմ Էկոյեանը


Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 3ին ընդունած է՝ «Թուֆենկեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ՝ Արցախ ժամանած մշակոյթի գործիչներու մեծ խումբ մը, որուն մէջ էին հանրայայտ երաժիշտ եւ երաժշտահան Սերժ Թանկեան, բեմադրիչ, սենարիստ Ատոմ Էկոյեան, բարերարներ եւ «Արցախ Ֆոնտ» կազմակերպութեան ԱՄՆ մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Արցախի կեանքին, պետականաշինութեան, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն առնչուող տարբեր հարցեր:

Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է նման այցելութիւնները Արցախ` նշելով, որ ատոնք դրական ազդեցութիւն կը ձգեն հանրապետութեան մէջ մշակոյթի զարգացման, Արցախը արտաքին աշխարհին ճանաչելի դարձնելու եւ ներհայկական կապերու ամրապնդման վրայ: