Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Յուլիս 19ին. Առաջադրուած է 2 Թեկնածու


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 19ին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.

«Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 168րդ յօդուածի 1ին մասին համաձայն՝ գործող Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն ոչ շուտ, քան 50 եւ ոչ ուշ, քան 40 օր առաջ Ազգային ժողովը խմբակցութիւններու առաջարկով կ՛ընտրուի Հանրապետութեան նախագահ, որ կը պաշտօնավարէ մինչեւ գործող Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտը:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Արցախի Հանրապետութեան օրէնքի 149րդ յօդուածի 2րդ մասին համաձայն՝ խմբակցութիւնները Հանրապետութեան նախագահի թեկնածուներ կ՛առաջադրեն գործող Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու աւարտէն ոչ շուտ, քան 64 եւ ոչ ուշ, քան 57 օր առաջ:

«Սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներու մէջ՝ սոյն թուականի Յուլիս 5-12 ներառեալ, Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու համար առաջադրուած են երկու թեկնածուներ՝

«Էդուարդ Արտաւազդի Աղաբեկեան («Շարժում -88» խմբակցութեան կողմէ).

«Բակօ Սահակի Սահակեան («Հայրենիք», «Դաշնակցութիւն» եւ «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւններուն կողմէ):

Հաշուի առնելով Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար Սահմանադրութեամբ նախատեսուած ժամկէտները եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Արցախի Հանրապետութեան օրէնքի 149րդ յօդուածի 3րդ եւ 4րդ մասերու պահանջները՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին, որ իրաւունքի ուժով պիտի  գումարուի 2017 թուականի Յուլիս 19ին, ժամը 11ին»: