Արցախն Այս Շաբաթ


Մարտունիի Սօս գիւղէն համայնապատկեր մը

—Հայաստանի Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան Հ1 հեռուստաընկերութեան եթերով, Մայիս 13-ին, ներկայացուց՝ Արցախի կարգավիճակին հետ կապուած Հայկական կողմի 6 կէտանոց սկզբունքները։ Ըստ անոր՝ ասոնք Ազտրպէյճանի ներկայացուցած 5 կէտերուն պատասխանն են։ 

Հայկական 6 կէտերուն մէջ կը նշուի, Հայաստանը երբեք չէ ունեցած եւ չունի տարածքային պահանջքներ Ազրպէյճանէն: Ան հիմնաւորուած է 1991-ի Դեկտեմբեր 8-ին ԱՊՀ-ն ստեղծելու մասին համաձայնագիրով, ուր Հայաստան ճանչցած են Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը` միանալով տուեալ կառոյցին:  Հայկական կողմին համար հիմնարար են Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցերը:

Տող գիւղի հայկական եկեղեցիին գմբեթէն հանուած է խաչը

— Ազրպէյճանցիները պղծած են գրաւուած Տող գիւղի հայկական եկեղեցին` պոկելով գմբէթի խաչը, տեղեկացուցած է քաղաքագէտ Գագիկ Համբարեան եւ տեսանիւթ մը հրապարակած է գիւղէն եւ երեղեցիէն:

— Մայիս 9-ին, 1992-ի Շուշիի ազատագրութեան, Պաշտպանութեան բանակի օրուան եւ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին առիթով Ատեփանակերտի մէջ հազարաւոր արցախցիներ ուղղուեցան Քաղաքային յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախեան պատերազմներուն եւ Համաշխարհային 2-րդ Պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն յիշատակին:

Ստեփանակաերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ՝ յարգանքի տուրք նահատակներու յիշատակին

Այս առիթով Արցախի պետական պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ նոյնպէս այցելեցին յուշահամալիր, ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ խոնարհեցին նահատակներու շիրիմներուն:

— Մայիս 9-ին, Ստեփանակերտի Աստուածամօր Ս․ Հովանի Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ Մեծ հայրենական, Արցախեան առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք Մայր Տաճարէն Հայոց բանակի պահապան Աշոտ Երկաթի պատմական Ս․ Խաչի առաջնորդութեամբ սկիզբ առաւ խաչերթ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր հոգեւորականները յարգանքի տուրք մատուցեցին բոլոր նահատակներու յիշատակին։

— «Աննա Աստուածատուրեան» հիմնադրամը մեկնարկեց «Սէր Արցախ» բարեգործական նախագիծ մը , որով Արցախ ծնած իւրաքանչիւր փոքրիկ պիտի ստանայ իր առաջին նուէր-տուփը:

Հայկական արտադրաութեան խաղալիքներ

Ծրագիրին խորհուրդն է արժեւորել պատմական հողին վրայ ընտանիքներ կազմելու եւ երեխաներու ապագան այստեղ կերտելու դերն ու կարեւորութիւնը: Նախագիծը սկիզբ պիտի առնէ Յունիս 1-ին` Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը։ Նուէր-տուփերուն մէջ ներառուած բոլոր իրերը բարձրորակ հայկական արտադրանք են եւ կը գնուին Հայաստանէն ու Արցախէն: Իւրաքանչիւր տուփի մէջ կան գիշերանոց, քնապարկ, սրբիչներ, վերմակ, խնամքի հիմնական պարագաներ (անձեռոցիկներ, մանկական օճառ, ջերմաչափ եւ ծծակ), նորածինի համար նախատեսուած մաքրութեան պարագաներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ անհատական պատուերով պատրաստուած փափուկ մանկական գիրքեր եւ փայտէ անիւներով խաղալիքներ: 

Սօս Գիւղը

— Մարտունի Սօս գիւղի բնակիչները կը զբաղին գիւղատնտեսական աշխատանքներով: Սօսի գիւղապետ Յունան Գրիգորեանի խօսքով` գիւղին մէջ կ’ապրին աշխատասէր, սեփական քրտինքով հաց վաստակող ու հայրենիքը սիրող արցախցիներ: «Մեր գիւղին մէջ տղամարդիկ, մէկը միւսին թեւ ու թիկունք ըլլալով, գիւղին պատկանող խաղողի ամբողջ այգիները մշակած են»: Ըստ Գրիգորեանի՝  բնականոն կը գործէ գիւղի միջնակարգ դպրոցը, ուր ուսուցիչները կը կրթեն ու դաստիարակեն 168 աշակերտներ: Նորակառոյց մանկապարտէզ կը յաճախէ 31 սան: Բուժկէտը, համայնքապետարանը եւս կը գործեն: «Պատերազմէն ետք գիւղի երիտասարդները նոր ընտանիքներ կը կազմեն։ Ասիկա կ’ապացուցանէ, թէ արցախցիին ընկճելը այդքան ալ հեշտ բան չէ, նոյնիսկ անհնար է», հաստատեց ան:

— Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով վերանորոգուեցաւ ու կահաւորուեցաւ Ասկերանի Նախիջեւանիկ գիւղի մանկաբարձական բուժկէտը: Նախիջեւանիկ գիւղապետ Սեւակ Պետրոսեանի խօսքով` բուժկէտը ունէր նորոգութեան կարիք:

«Գիւղը ունի 257 բնակիչ, դպրոցը՝ 86 աշակերտ: Վերջերս «Բարի Արցախ» խորագիրը կրող նախագիծով գիւղին մէջ կառուցուեցաւ խաղավայր։ Ունինք 34 նախադպրոցական տարիքի երեխայ։ 172 հա վարելահող եւ այգի մնացած թշնամիին տիրապետութեան տակ, բայց բնակիչները չեն ընկրկիր, իրենց տնամերձ հողատարածքները կը մշակեն, եւ որեւէ մէկը գիւղէն հեռանալու ցանկութիւն չունի», վստահեցուց Պետրոսեան::

— Մայիս 8-ին  Ստեփանակերտի մէջ նշուեցաւ Պաշտպանութեան Բանակի հիմնադրութեան 30-ամեակը: Տեղի ունեցած գեղարուեստական յատարգիրով հնչեցին հայրենասիրական երգեր եւ պարեր։

Փոխգնդապետ Կարմեն Ասլանեանի խօսքով՝ 1992-ի Մայիս 9-ը միշտ պէտք է յիշենք ու մեծարենք այն քաջերը, որոնք անհաւանական մարտու մէջ կրցան ազատագրել մեր մշակութային հնամեայ բերդաքաղաք Շուշին: «Շուշիի ազատագրման օրը ստեղծուեցաւ  կանոնաւոր բանակը: Այսօր մենք կ՛ապրինք ծանր ժամանակաշրջան եւ զայն պէտք է կարենանք յաղթահարել»։ Ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր ոք իր գործունէութիւնը պէտք է ծաւալէ ի նպաստ հայրենիքի բարգաւաճման, եւ համոզում յայտնեց, որ Արցախի յաղթանակները դեռ առջեւն են:

— Մայիս 12-ին, Արցախի Պետական Համալսարանին մէջ կազմակերպեց 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած ուսանող-ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած գիտաժողով։ Գիտաժողովը մեկնարկեց լռութեան րոպէով:

Գիտաժողով

Համլսարանի տնօրէն Արմէն Սարգսեան նշեց, որ 44-օրեայ պատերազմին համալսարանի 26 ուսանողներ նահատակուեցան, որպէսզի մենք ապրինք, որպէսզի ուսումնական գործընթացը շարունակուիէ,-ասել է Ա. Սարգսեանը:

Պետնախարար Արտակ Բեգլարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ գիտաժողովը լրացուցիչ պարտաւորութիւններ առաջ կը բերէ, եւ եւս մէկ անգամ կը յիշեցնէ, որ ինչպէս պէտք է ապրիլ, սորվիլ ու գիտական գործունէութիւն ծաւալել։

— Արցախի Պետական Համալսարանի մէջ Ռազմագիտութեան ամպիոն պիտի բացուի։

Մայիս 13-ին ԱԺ գիտութեան, կրթութեան մշտական յանձնաժողովի կողմէ ընդունուեցաւ  օրէնք, որով կը նախատեսուի Արցախի պետական Համալսարանին մէջ բանալ Ռազմագիտութեան ամպիոն:

Քննարկուեցան ամպիոնի կանոնադրութիւնը, ամպիոնի խնդիրները, դասախօսական կազմը, պարտականութիւնները, ժամաքանակը եւ այլն։

— Մայիս 8-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ երուսաղէմահայ երգիչ Ափօ Սահակեանի համերգը։

Ափօ Սահակեանի համերգը՝ Ստեփանակերտի մէջ

«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնած «Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» ծրագիրով Արցախ եկած երգիչը համերգներ ունեցաւ Մարտուիի եւ Ստեփանակերտի մէջ։

«Թուֆենկեան»ի հանրային կապերու պատասխանատու Ռուբէն Ճանպազեանի խօսքով` ծրագրի նպատակը Սփիւռքի հայրենակիցները Արցախ բերելն է, որպէսզի անոնք այս դժուարին պահուն ժողովրդին ուժ հաղորդեն: