Արցախն Այս Շաբաթ


«Genesis Armenia» ուղեղային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ մեկնարկած «Արցախն Ապրում է» խորագիրով փառատօնը սկիզբ առաւ Ճարտար գիւղէն

Արցախի շուրջ քաղաքական զարգացումներ

— «Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»- Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահագներու դեսպան Լին Թրեյսի հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ  ԱՄՆ-ն կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դերակատարումը իր ապագան որոշելու հարցով։ Դեսպանին խօսքով` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը առանցքային գործօն է, սակայն համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար միակ միջազգայնօրէն ճանչցուած սկզբունքը չէ: Այդ իմաստով իր երկիրը համոզուած է, որ տեւական հակամարտութեան առանցքային խնդիրները պէտք է կարգաւորուին բանակցութիւններու միջոցով ու համապարփակ լուծմամբ` հիմք ընդունելով տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ ուժի չկիրառման միջազգայնօրէն ճանչցուած սկզբունքները։

Կեանքը Արցախի մէջ

— Ասկերանի Նորագիւղ համայնքին մէջ նոր թաղամասի կառուցումը կը շարունակուի։ Ըստ Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան` թաղամասը բաղկացած պիտի ըլլայ 145 տուներէ: Առաջին փուլով կը կառուցուին 90 առանձնատուներ, որոնցմէ 60-ի շինարարութիւնը պիտի աւարտի այս տարուան վերջը։ ️Թաղամասին կառուցումը կը ֆինանսաւորէ Արցախի կառավարութիւնը: ️

— Գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Վիլեն Աւետիսեան տեղեկացուց, որ Արցախի մէջ այս տարուան գարնանային ցանքը աւատրած է։ Ցանուած են՝ ցորեն, գարի, հաճար, եգիպտացորեն, քիչ քանակութեամբ հնդկացորեն, արեւածաղիկ, իւղատու բոյսերէն՝ կտաւատ, ընդեղէն, սիսեռ, ոլոռ, լուբիա եւ այլն։ Ըստ անոր ցանուած բոյսերը նոյն են, պակսած են ծաւալները, որուն միակ պատճառը հողատարածքներու կորուստն է:

— Արցախի` շփման գիծին մօտ գտնուող գիւղերուն մէջ «Կրթութիւն Յանուն Ապագայի» կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած են գիւղատնտեսութիւնը նոր մեթոտներով զարգացնելու դասընթացքներ։

«Քանի որ պատերազմի հետեւանքով Արցախի գիւղատնտեսական կարողականութիւնը (potential) պակսած է, ունինք վարելահողերու, արօտավայրերու, ոռոգման ջուրի կորուստ, ուստի անհրաժեշտ է՝ գիւղացիները գտնեն այլ ձեւեր գիւղատնտեսութիւնը զարգացնելու համար։ Որպէս այլընտրանք մենք ընտրեցինք տնամերձ հողերու վրայ ջերոցներու կառուցումը: Դասընթացքը տեղի կ՛ունենայ թէ՛ տեսական, թէ՛ գործնական գիտելիքներ փոխանցելով գիւղացիներուն», ըսաւ կազմակերպութեան նախագահ Իրինա Գաբրիէլեան եւ աւելցուց, որ ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ։

— ATP բարեգործական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ, Green Training Center աջակցութեան ծրագիրով Մարտունիի Հերհեր, Կարմիր Շուկայ եւ Թաղավարդ գիւղերուն մէջ կը կառուցուին ջերմոցներ: «Արցախի մէջ ծրագիրը կ’իրականացուի երկու փուլով: Նախ Մարտունիի շրջանին մէջ կը կառուցուի 25 ջերմոց, ապա` Ասկերանի շրջանին մէջ՝ եւս 24-ը եւ 1-ն ալ` Շուշիի Արհստագիտական համալսարանին` փորձեր կատարելու համար։

Ըստ Մարտունիի շրջանի պատասպանատուներէն Մ. Զարգարեանի՝ գիւղացիներուն տրամադրուած են խնձորենիի, տանձենիի, կեռասենիի, սեւ սալորի, ընկուզենիի տունկեր, ազնուամորիի, մոշի, բանջարեղէններէն` վարունգի, լոլիկի, պղպեղի տարբեր տեսակներ, ծնեբեկի, ստեպղինի, դդումի, սոխի, սխտորի եւ ծաղիկներու սերմեր: Ջերոցներու կառուցումէն ետք տեղի պիտի ունենան նաեւ դասըթացքներ։

—Մարտակերտի Մոխրաթաղ գիւղին մէջ կը կատարուին ճանապարհներու ասֆալտապատում եւ խմելու ջուրի ցանցի կառուցումը: Կ’ասֆալթապատուի մայրուղիէն Մոխրաթաղ տանող 4 քմ․ երկարութեամբ ճանապարհը, որմէ ետք կը նախատեսուի բարեկարգել գիւղի մէջի ճանապարհները։

— «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի միջոցով Ասկերանի Յովսէփաւան գիւղին մէջ կը շարունակուի կառուցումը նոր թաղամասին, ուր 32 ընտանիք տուն պիտի ստանայ։

— Արցախի շարք մը դպրոցներուն համար տեղադրուած են արեւային ջրատաքցուցիչներ: Արեւային համակարգեր տեղադրուած են Մարտունիի Թաղավարդ, Կարմիր Շուկայ, Սօս, Քերթ, Բերդաշէն, Աշան, Մարտակերտի Հաթերք, Մաղաւուզ, Չափար, Ասկերանի Խրամորթ, Աստղաշէն, Պատարայ եւ Շուշիի Եղցահող գիւղերու դպրոցներուն վրայ: Կը կը քննարկուի նաեւ արեւային կայաններ տեղադրելու կարելիութիւնը։ Պատերազմի հետեւանքով Արցախի ելեկտրականութեան համակագը մեծ կորուստներ ունեցաւ, այս ձեւով նպատակ կայ երկրի հոսանքի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովել։

— Ամարասի վանահայր Տէր Սեպուհ քահանայ Յակոբեանի ձեռամբ, Մայիս 17-ին` դպրոցական վերջին զանգին ընդառաջ, Ամարասի վանական համալիրին մէջ կատարուեցաւ ընդհանրական մկրտութիւն: Ծնունդով Սօս գիւղէն 16 երիտասարդներ եւս դարձան Հայ Առքելական Ս․ եկեղեցւոյ զաւակներ:

Մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— Մայիս 19-ին Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ կազմակերպուած է Վարդատօն` նուիրուած բանաստեղծ, աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիին: Միջոցառումը սկսաւ Նարեկացիի հարթաքանդակի առջեւ ծաղիկներ դնելով, որմէ ետք ներկաները  յարգանքի տուրք մատուցեցին զոհուած հերոսներու յիշատակին: Համալսարանի տնօրէն Վարդան Յակոբեան նշած է, որ յաջորդ ուսումնական տարուընէ սկսեալ համալսարանին մէջ պիտի ներառուի «Նարեկագիտութիւն» մասնագիտութիւնը:

««Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանը կրթական եւ գիտական հաստատութիւն է: Կառոյցը` որպէս առաքելութիւն, ստանձնած է ազգային արժեհամակարգի պահպանումը եւ տարածումը մեր հասարակութեան մէջ: Այս ծիրէն ներս այսօր կը նշենք արդէն աւանդոյթ դարձած, Նարեկացիին նուիրուած Վարդատօնը», ընդգծած է համալսարանի դասախօսներէն Ամալիա Գրիգորեան:

— Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Հադրութ. Բռնազաւթուած Յուշարձաններ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը։ Մայիս 18-ը Թանգարաններու միջազգային օրը բացուած ցուցահանդէսին, ցուցադրուած են Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած Հադրութի տարածքին գտնուող հրաշալի յուշարձաններուն լուսանկարները։ Արցախի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Անահիտ Յակոբեան նշեց․ «Այս նկարներուն մէջ մենք կը փորձենք վերագտնել մեր յուշերը, մեր արժէքները, մեր կորսուած տարածքները: Լեցուինք յոյսով ու հաւատանք, որ օր մը պիտի վերականգնենք մեր տարածքները` իրականացնելով մեծ Հայաստանի մէջ ապրելու մեր երազանքը»:

_ Նոյն օրը բացումը կատարուեցան նաեւ «Իմ Շուշի» ցուցահանդէսին։ Բեմադրիչ, ծնունդով շուշեցի Վլադիմիր Գէորգեանի անհատական ցուցահանդէսին ցուցադրուած են անոր անհատական լուսանկարները։

«Ներկայացուցած եմ մօտ քառասուն աշխատանք` տարիներու ընթացքին իմ լուսանկարներուն մէկ չնչին մասը, որոնք սիրողական կը համարեմ: Նպատակ ունեցած եմ ցուցահանդէսի միջոցով համախմբել բոլոր շուշեցիները, որպէսզի գան ցուցադրութեան ու իրենց կարօտը առնեն», ընդգծած է Գէորգեան:

Ան նշած է, որ ներկայացուած լուսանկարները կը վաճառուին, իսկ հասոյթը բարեգործական ծրագիրներու պիտի յատկացուի:

«Ներկայացուած լուսանկարներուն մէջ հեղինակը պատկերած է հայրենի Շուշիի հողը, սրբավայրերը, շէնքերը: Ես լիայոյս եմ, որ այս նկարներուն միջոցով իւրաքանչիւրս կը գտնենք դէպի Շուշի տանող ճանապարհը», նշած է «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» կազմակեերպութեան տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան:

— Մայիս 19-ին, Ճարտար գիւղին մէջ, սկիզբ առաւ «Genesis Armenia» ուղեղային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ մեկնարկած «Արցախն Ապրում է» խորագիրով փառատօնը:

«Genesis Armenia» կեդրոնի պատասխանատու Գառնի Մութաֆեան նշած է․ «Այսօր ցուցադրած ենք երկու ներկայացում, որմէ ետք հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցած է շփուելու իր սիրելի դերասանին հետ, ապա  ազգագրական պարի բացօթեայ դասերու մասնակցելու», աւելցնելով, որ փառատօնը պատերազմէն ետք առաջին մշակութային մեծ միջոցառումն է Արցախի մէջ: Փառատօնին նպատակներէն մէկը յետպատերազմական Արցախի մէջ մշակութային կեանքը աշխուժացնելն է: 

Ճարտարի արուեստի դպրոցի տնօրէն Յովիկ Յարութիւնեանի խօսքով` վերջին շրջանին Ճարտարի ակումբը դեռ այսքան մարդաշատ չէր եղած: