Արցախն Այս Շաբաթ


Մայիս 28-ի առիթով Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած երթէն պատկեր մը

Արցախի շուրջ  տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներ

— «Արցախփրես», «Թորոնթոհայ»- Մայիս 22-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը: 

Եռակողմ հանդիպում՝ Պրիւքսէլի մէջ

Հանդիպման ընթացքին կողմերը պայմանաւորուեցան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման եւ սահմաններու սահմանագծման աշխատանքներ սկսելու մասին։ Արցախի մասով նշուեցաւ «ապահովել Ղարաբաղի էթնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը»:

— Այս ձեւակերպումին ի պատասխան՝ Արցախի իշխանութիւններուն վերաբերմունքը յստակ է, ըսաւ Արցախի նախագահի խօսնակ Լուսինէ Աւանեսեան եւ յիշեցուց Արցախի նախագահին եւ Ազգային ժողովին ընդունած հիմնական դրոյթները, որոնք են՝  

1. Արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը որեւէ զիջման ենթակայ չէ: Այդ հարցի բացառիկ տէրը Արցախի ժողովուրդն է:

2. Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը կը մնայ իշխանութիւններու ուղենիշը: Ազրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ անընդունելի է:

3․ Ոչ միայն կարգավիճակի, այլեւ ժողովրդագրական առումով վերադարձ անցեալին անընդունելի է: Արցախը ունի իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու խնդիր:

— Արցախի Ազգայի Ժողովի խմբակցութիւնները իրենց յայտարարութեան մէջ նշեցին, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են առաջնորդուիլ բացառապէս Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային ատեաններուն մէջ առաջ տանելու եւ պաշտպանելու դիրքորոշումով՝ հիմք ընդունելով 1992-ի Յուլիս 8-ի ՀՀ Գերագոյն Խորհուրդի որոշումը` համաձայն որուն՝ «Հայաստանը անընդունելի կը համարէ միջազգային կամ ներպետական ամէն փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղը նշուած ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»:

— Արցախի Արտաքին գործոց Նախարար Դաւիթ Պապայեան հարցազրոցի մը ընթացքին նշեց, որ նախքան 44-օրեայ պատերազմը Արցախի համար երկու հիմնական կարգավիճակ ընդունելի կը համարուէր` անկախութիւն կամ միացում Հայաստանի հետ, ի դէպ՝ անկախութիւնն կ՛ընկալուէր միջանկեալ կարգավիճակ Հայաստանի հետ միաւորուելու հեռահար ճանապարհին:

Արցախի գործող իշխանութիւնները, հաշուի առնելով նոր իրավիճակը (status quo) ու նոր իրողութիւնները, նոր մօտեցում որդեգրած են։ «Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, հակառակ պարագային Արցախի մէջ հայ չի մնար», հաւաստիացուց ան:

This image has an empty alt attribute; its file name is 164161-1024x1024.jpg
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի
հանդիպումը Փարիզի քաղաքապետԱնն Իտալկոյի հետ

— Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Մայիս 27-ին, Գորիս քաղաքին մէջ ընդունեց Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը։ Յարութիւնեան գոհունակութիւնը յայտնեց Փարիզի քաղաքապետին` ցուցաբերած նախաձեռնողականութեան եւ համարձակութեան համար, ընդգծելով, որ Արցախի իշխանութիւնները շատ բարձր կը գնահատեն Ֆրանսայի քաղաքական շրջանակներու հետ շփումները: Իտալկօ նշեց, որ Փարիզը պատրաստ է Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական ծրագիրերով աջակցելու:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած կազմով հանդիպում, որուն մասնակցեցան Արցախի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ֆրանսայի մէջ Հայասատնի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի պատասխանատուներ, Սիւնիքի մարզպետը, պաշտօնատար այլ անձինք: Քննարկուեցան մարդասիրական բնոյթի հարցեր։

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— Մայիս 22-ին Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկեց «Ապագայ Հայկականը» (FUTURE ARMENIAN) նախաձեռնութեան ժողովրդագրական ֆորումի բացման արարողութիւնը։ Ֆորումին նպատակն է քննարկել եւ մասնագէտ հայերու առաջարկները ներկայացնել Արցախի առջեւ ծառացած ժողովրդագրական հիմնախնդիրներու լուծման համար: Ժողովին ներկայ աւելի քան վաթսուն մասնակիցներ քննարկեցին եւ կարծիքներ յայտնեցին Արցախի ժողովրդագրական խնդիրներուն եւ հնարարուր լուծումներուն մասին։

«Ապագայ Հայկականը» (FUTURE ARMENIAN) նախաձեռնութեան
ֆորումը՝ Ստեփանակերտի մէջ

Նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Ռիչըրտ Ազարնիեան կը կարծէ, որ հայերուն ապագան մեզմէ իւրաքանչիւրին ձեռքն է: «Անցիալի սխալները մեզի հասցուցած են այս վիճակին, որմէ դուրս գալու համար պէտք է լուծենք բոլոր խնդիրները։ Մեր բոլորին պարտականութիւնն է փոխել մենք մեզի եւ հասկնալ` որքան կարեւոր է Արցախը մեզի համար: Պէտք է իւրաքանչիւրս մտածենք հայութեան ապագային համար եւ նոյնիսկ մտքով չպատկերացնենք հայերուն ապագան որեւէ այլ ազգի ափերուն մէջ», ընդգծեց ան։

Նախաձեռնութեան համահիմնադիր, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի խօսքով` ամենամեծ վտանգը անտարբերութիւնն է, եւ եթէ հասարակութիւնը պայքարի այդ անտարբերութեան դէմ, հայրենիքը չի կանգնիր մարտահրաւէրներու առջեւ: «2022-ի Աշնան տեղի պիտի ունենայ «Ապագայ հայկական»ի համաժողովը, որ պիտի համախմբէ շուրջ 200 մասնակիցներ եւ յայտնի փորձագէտներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն», յայտնեց Վարդանեան:

— Մարտակերտի բարձր լեռնային Չլդրան գիւղին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը նորոգէ գիւղի ջուրի խողովակները եւ դպրոցը: Գիւղի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները կը սորվին դպրոցի արդէն իսկ վերանորոգուած սենեակներուն մէջ: Հիմնադրամը ներկայիս կը կառուցէ նոր մասնաշէնք մը` նոր դասասենեակներ, սանհանգոյցներ, բուժկէտ եւ միջոցառումներու սրահ:

— Արցախի մէջ 2021-2022 ուսումնական տարեշրջանին մօտ 1000 աշակերտ կ’աւարտէ 12-րդ դասարանը, իսկ Արցախի Պետական համալսարանը կ’ունենայ 497 շրջանաւարտ։

— Մայիս 28-ին Արցախի պետական ​​նախարար Արտակ Բեգլարեան տեղեկացուցէ, որ ազերիները կ՛ոչնչացնեն Աւետարանոց գիւղի Հայրենական մեծ պատերազմի հայ հերոսներու յուշարձանը։ «Սա յանցագործութիւն է ոչ միայն հայերու, այլեւ Խորհրդային Միութեան իրաւայաջորդ Ռուսաստանի Դաշնութեան դէմ», գրած է ան:

Մայիս 28-ին, Ստեփանակերտի մէջ տօնական համերգով աւարտին հասաւ «Genesis Armenia» ուղեղային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած «Արցախն Ապրում է» խորագրով մշակութային փառատօնը: Համերգին ելոյթ ունեցան յայտնի Ներսիկ, Արաբօ եւ Աղասի Իսպիրեանները եւ արցախցի երգիչներ։

«Genesis Armenia»-ի նախաձեռնած միջոցառումներէն պատկերներ

Մինչ այդ նախորդող շաբթուան մէջ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի «44 աստիճանի վրայ», «Լոռեցի Սաքոն» թատերգութիւնները, «Գծաւորը» մանկական ներկայացումը եւ Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոնի դերասան Արա Գէորգեանի «Ծխելու Վնասի Մասին» մոնոներկայացումը։

«Genesis Armenia»-ի PR պատասխանատու Գառնի Մութաֆեան նշեց, որ 10 օր շարունակ փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուեցան բազմաթիւ միջոցառումներ: «Այսօր կ՛ամփոփենք 10-օրեայ փառատօնը: Եղած ենք Ճարտարի, Մարտունիի, Մարտակերտի, այսօր` Ստեփանակերտի մէջ: Վաճառուած տոմսերուն ամբողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Ստեփանակերտի մէջ վերաբացուած Շուշիի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնին»: Ան հաւաստիացուց, որ նման միջոցառումներ յաճախ պիտի կազմակերպուին:

— Մայիս 22-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան ստեղծագործական կենտրոնի սաներու՝ «Արցախ, Երկիր Հայոց» խորագիրով մշակութային միջոցառումը։ Կեդրոնի խորհուրդի նախագահ Լիւդմիլա Բարսեղեան նշեց, որ իրենց նպատակն է` ներկաներուն եւս մէկ անգամ յիշեցնել Արցախի պատմութիւնը: «Միջոցառումը կայացաւ, որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կեդրոնի մանկավարժներուն, որոնք այս մեծ աշխատանքը կատարեցին։ Ամենամեծ դժուարութիւնը 306 սաները փոքր բեմին վրայ կառավարելն էր: Ունէինք նաեւ երեխաներ, որոնք առաջի անգամ բեմ կը բարձրանային», ըսաւ ան:

     

— Պելճիքահայ թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեան, որ յայտնի է Շուշիի ռմբակոծուած եկեղեցւոյ մէջ իր յայտնի կատարումով, Արցախ կը գտնուի։ Ան Մայիս 28-ին հանդիպեցաւ Արցախի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլէճի ուսանողներուն հետ եւ հիացաւ անոնց կատարումներով։ Յայտնի երաժիշտը նշեց, որ թէեւ յաճախ Արցախ կ՛այցելէ, բայց ամէն անգամ երբ վիրաւոր Շուշին կը տեսնէ հոգիին ցաւը չի կրնար նկարագրել: «Ամէն անգամ այստեղ գալով` կը փորձեմ Արցախի շէնացման համար լաւ բան մը ընել: Այս անգամուան այցս, Արսէն Ջուլֆալակեանի նախաձեռնութեամբ, մարզահրապարակներ կառուցելու ծրագիրով էր։ Սա եւս մէկ առիթ էր շփուելու Արցախի երիտասարդներուն հետ: Այսպիսի ծրագիրերը կ’ոգեւորեն արցախցիները եւ կը յիշեցնեն, որ անոնք մենակ չեն: Մենք չենք կրնար մեր կեանքը ապրիլ ինչպէս եւրոպացին, մենք մեր ուսերուն ունինք մեծ պարտականութիւն, մենք կ’ապրինք մեր հերոս տղաներու կորսնցուցած կեանքին գնով եւ պարտաւոր ենք զայն ապրիլ արժանապատիւ․․․», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ Յուլիս 18-31-ը Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Զարթօնք» ամառնային երաժշտական ակադեմիան` Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Ակադեմիայի գեղարուեստական ղեկավարն է  ՀՀ ժողովրդական արտիստ, սոփրանօ Յասմիկ Պապեանը:  

— Մայիս 24-ին, գանատահայ բարերար Վահէ Թղլեանի հովանաւորութեամբ մեկնարկած «Դէպի Երկիր» ծրագիրով՝ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուեցաւ ժամանակակից գրող Սուսաննա Ղազարեանի «Սէ՛ր Իմ, Հայրենիք» գիրքի շնորհանդէսը: Սա հեղինակին չորրորդ գիրքն է:

 «Գիրքը հայրենասիրական ստեղծագործութիւններու շարք է: Գիրքը պիտի տպագրուէր 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, սակայն քիչ ուշացումով ընթերցողներուն հրամցուեցաւ: Այստեղ  անդրադարձած եմ նաեւ պատերազմին։ Կան նաեւ մեր հերոսներուն նուիրուած ստեղծագործութիւններ: Բայց որքան ալ անդրադարձած եմ ցաւոտ թեմաներու, այնուամենայնիւ, գիրքը կոչ է, որ մենք ամէն ինչէն շատ պիտի սիրենք եւ պաշտպանենք մեր հայրենիքը, որովհետեւ միայն մեր հողին վրայ ամուր կրնանք կանգնիլ», ըսաւ գիրքին հեղինակը։

 — Նոյն օրը Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը, թուագրում յանուն պահպանութեան» խորագիրով անգլալեզու կայքի շնորհանդէսը։

 Կայքին հեղինակներն են միջազգային փորձագէտ Ասպետ Գոչիկեան, Երեւանի Մատենադարանի գիտաշխատող Նազէնի Ղարիբեան եւ  յուշարձանագէտ Գագիկ Սարգսեան: Կայքը ֆինանսաւորած է ՀԲԸՄ-ը: Գոչիկեանի խօսքով՝ նպատակ ունեցած են ստեղծել այնպիսի կայք, որ հասանելի կ’ըլլայ օտար վերլուծաբաններուն եւ անոնց ուսումնասիրութիւններուն համար աղբիւր կը հանդիաանայ:

— Մայիս 28-ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան նուիրուած, Ստեփանակերտի Ս․ Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն տեղի ունեցաւ խաղաղ երթ: Երթը մեկնակրկեց Տէրունական աղօթքով, այնուհետեւ մասնակիցները «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» կոչերով շարժեցան դէպի Վերածնունդի հրապարակ, ուր խօսքերով հանդէս եկան քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ:

Մայիս 28-ի երթէն պատկերներ