Արցախն Այս Շաբաթ


«Թումօ» տուփի բացում՝ Ասկերանի մէջ

Արցախի կարգավիճակի մասին քաղաքական արձագանգներ

— Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Հայաստանի մէջ յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է անշեղօրէն կատարել Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են 2020-ի Նոյեմբեր 9-ին եւ  2021-ի Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին»։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն եւ ընդգծեց, որ ռուսական այդ զօրակազմը կայունացնող դեր ունի եւ ինք երախտապարտ է անոնց։

Թոյվօ Քլար

— Առանց Ղարաբաղի հայերուն կարծիքը հաշուի առնելու` հնարաւոր չէ հասնիլ կարգաւորման, Յունիս 6-ին «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլար (Toivo Claar)` պատասխանելով հարցումին, թէ ինչ նկատի ունէր, երբ պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ տեւական եւ արդար խաղաղութեան համար պէտք է քննարկուին հիմնական բոլոր հարցերը` շահագրգիռ բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ:

Քլար նաեւ նշեց. «Կը կարծեմ` ի վերջոյ, Ղարաբաղի հայերը, ի հարկէ, կողմերէն մէկն են եւ պէտք է ըլլան լուծման մաս` ինչ ձեւով ալ ատիկա տեղի ունենայ»: Ան կարգաւորման հասնելու տարբերակ չի տեսներ` առանց արցախցիներու կարծիքն ու տեսակէտը հաշուի առնելու:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— Արցախի կառավարութիւնը պիտի աջակցի Յակոբավանքի վերականգնմանը։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Յունիս 5-ին այցելեց Յակոբավանքի վանական համալիր եւ մասնակցեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի ձեռամբ մատուցուած Ս․ Պատարագին: Նախագահը կարեւոր նկատեց վանական Համալիրի վերականգման ծրագիրը եւ նշեց, որ արդէն այդ նպատակով պետական անհրաժեշտ միջոցներ տրամադրելու յանձնարարական տուած է:

Յակոբավանքը կը գտնուի Արցախի Մարտակերտի շրջանի Քոլատակ գյուղին մօտ, անտառածածկ բլուրի մը վրայ:

— Յունիս 5-ին, շնորհիւ «Թումօ Հայաստան»ի, բարերարներու եւ Արցախի կառավարութեան ջանքերուն, Մարտունիի եւ Ասկերանի մէջ բացուեցան Թումօ տուփեր:

«Թումօ»ի գլխաւոր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան նշեց, որ դասերը պիտի սկսին Յուլիս 1-էն, ունին դասախօսներ, իսկ Թումօ տուփը շաբաթական 320 աշակերտի համար կրնայ 14 ոլորտներէ գիտելիքներ մատուցել:

«Հիմնական նպատակը «Թումօ»ն հասանելի դարձնելն է Հայաստանի եւ Արցախի` 12-18 տարեկան երիտասարդներուն համար: Շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, որ մեր ցանկութիւնը իրականացաւ, եւ, վերջապէս, Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ պիտի ունենանք Թումօ տուփեր: Շրջաններու մէջ տուփերու տեղադրումը կը կրճատէ Թումօ հասնելու ժամանակը։ Առաջ երեխաները ստիպուած էին 40 րոպէ կորսնցնել եւ հասնիլ Ստեփանակերտ, հիմա հնարաւորութիւն ունին գալ այստեղ եւ այդ 40 րոպէն օգտագործել գիտելիքի համար: Միակ խնդիրը փոխադրամիջեցի հարցն է, որ պիտի փրձենք լուծել, որպէսզի ամենափոքր գիւղէն ալ կարենան գալ», նշեց Փափազեան:

Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան ընդգծեց, որ շուտով Թումօ տուփեր պիտի բացուին նաեւ Մարտունիի Կարմիր Շուկայ եւ Մարտակերտի Գետաւան գիւղերուն մէջ։

— Մարտակերտէն 52 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Վաղուհաս համայնքի բնակչութեան մեծ մասը ունի աշխատանք:

Վաղուհասի համայնքապետ Յովհաննէս Պետրոսեան յայտնեց, որ գիւղը այժմ 709 բնակիչ ունի` որոնց շարքին 11 տեղահանուած ընտանիք:

«Բնակիչները հիմնականօրէն կ’աշխատին հանքարդիւնաբերութեան մէջ, համայնքի, դպրոցի եւ նորաբաց մանկապարտէզի մէջ, մէկ մասն ալ անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ կը զբաղի», աւելցնելով, որ պատերազմէն ետք գիւղատնտեսութեամբ զբաղողներուն թիւը նուազած է:

53 երեխայ կը յաճախէ նարաբաց մանկապարտէզ, որ նաեւ  13 աշխատատեղ ստեղծած է գիւղին մէջ։  Գիւղապետարանը բարեգարոծական հիմնադրամներու դիմած է, որ գիւղի երեխաներուն համար խաղավայր կառուցուի։ Գիւղախետը տեղեկացուցած է նաեւ, որ ներկայիս հայրենիքի նահատակներուն համար յուշարձան կը կառուցուի, իսկ գիւղին մէջ վերաբնակած տեղահանուածներուն համար բնակարաններու կառուցման շուտով կը սկսին։ Գիւղի ենթակառուցուածքներու հարցը մասամբ լուծուած է, կը մնայ ոռոգման ջուրի խնդիրը:

— Յունիս 5-ին, Ստեփանակերտի մէջ բեմադրուած է «Երկնքից Երեք Խնձոր Ընկաւ» ներկայացումը` ըստ Նարինէ Աբգարեանի համանուն վէպին: Բեմադրիչը Նիւ Եորքէն ժամանած Կարինէ Քոչարեանն է: Բեմէն ներկայացուող պատմութիւնը դատարկուող գիւղի մասին է, ուր իրենց կեանքի աւարտին կը սպասեն ծերերը, սակայն, այստեղ կեանք կը ծնի՝ որպէս ապրելու կամք:

«Այստեղ կը շեշտուի, որ գիւղացիները չեն լքեր հայրենի եզերքը», կ՛ընդծէ դերասանը եւ համոզում կը յայտնէ` ներկայացումը արցախցիներուն մէջ պիտի ամրապնդէ այն գաղափարը, որ ոչ մէկը պիտի լքէ իր հայրենիքը:

— Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանը 2021-2022 տարեշրջանին տուաւ 154 շրջանաւարտ` 9 մասնագիտութիւններով։ Համալսարանի տնօրէն Ալիսա Բաղդասարեան նշեց, որ «Կովկասագիտութիւն», «Իրաւագիտութիւն» եւ «Օտար լեզու»ներ մասնագիտութիւններու շրջանաւարտները ամենէն շատն են։

— Յունիս 6-ին, Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլէճին մէջ տեղի ունեցաւ 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական համերգը` նուիրուած քոլէճի 60-ամեակին: Քոլէճի խումբ մը սաներ մասնակցած են Հայաստանի, Յունաստանի, Չեխիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած կարեւոր մրցոյթ-փառատօներու, ուրկէ շատերը վերադարձած են գնահատականներով: Այդ առիթով` համերգի ընթացքին Արցախի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ անոնք պարգեւատրուեցան վկայականներով:

Հեղինակը կը մակագրէ իր գիրքերը

— Յունիս 8-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հադրութի Դրախտիկ գիւղէն տեղահանուած Մանուէլ Յովսէփեանի` «Դրախտիկ. Եդեմի Փոքրիկ Մասունք» գիրքին շնորհանդէսը: Հեղինակը,  նշեց, որ վաղուց որոշած էր գրել հայրենի գիւղին մասին: «Աշխարհի գողտրիկ անկեան մասին սկսայ գրելու 2017-2018 թուականներուն, երբ դեռ անհոգ կ’ապրէինք դրախտավայր Դրախտիկի մէջ: Արդէն բաւական ուսումնասիրութիւններ կատարած էր, տեղեկութիւններ հաւաքած: Սակայն սկսաւ ահասարսուռ 44-օրեայ պատերազմը: Ցաւօք, չկրցայ փրկել հաւաքած այդ տուեալները: Դրախտս մնաց հեռուն` թշնամիին կողմից  բռնազաւթուած: Բայց նորէն ուժ գտայ ու որոշեցի կիսատ գործս անպայման աւարտին հասցնել», ըսաւ ան:

Գիրքին մէջ կը ներկայացուի Դրախտիկի պատմականը՝ արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ Խորհրդային ժամանակաշրջան, այնուհետեւ Արցախեան պատերազմը։ Այնտեղ զետեղուած են նաեւ Արցախեան բոլոր պատերազմներուն յանուն հայրենիքի նահատակուած դրախտիկցիններու կենսագրութիւնները:

— Յունիս 8-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ բացօթեայ դասական համերգ՝ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի 8-ից 15 տարեկան սաներու մասնակցութեամբ:

 Երաժշտական դպրոցի տնօրէն Արթուր Պետրոսեան նշեց, որ «դասական երգացանկով այս համերգը կազմակերպուած է մեր հանրութեան համար, որպէսզի քիչ մը կտրուին առօրեայ հոգերէն` լսելով  երեխաներու կատարումները»։

— Յունիս 10-ին, «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական ծրագրին կողմէ Մարտունիի Ննգի գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ բացուեցաւ «Լուսատտիկ» գրական ակումբը:

 «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ի ծրագիրով Ննգիի դպրոցին մէջ դասաւանդող Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Սօսէ Քոչարեան նշեց, որ աշակերտական տարբեր ծրագիրներէ ետք,  աշակերտները ընտրած են գրական ակումբ բանալու ծրագիրը: Ակումբը «Լուսատտիկ» կոչած են` ցանկալով, որ երեխաները իրենց ընթերցասիրութեամբ ու գիտելիքներով լոյս սփռեն միապաղաղ առօրեային վրայ։

Գիրքերը՝ Մոնթէ Մելքոնեանի, Գարեգին Նժդեհի մասին, ինչպէս նաեւ մանկապատանեկան, արկածային գեղարուեստական գրականութիւն, ստացած են «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»ի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ:

Կազմակերպութեան Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Նարինէ Վարդանեանի խօսքով` ներկայիս աշակերտական ծրագիրներ կ՛իրականացնեն 23 համայնքներու մէջ: