Արցախն այս շաբաթ


Արցախի ապահովական իրավիճակը

  • Երկուշաբթի, 1 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան Արցախի հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան սահմանի շարք մը հատուածներուն վրայ ազրպէյճանական բանակը «դիմեց սադրանքիկատարելով շփման գիծը հատելու փորձեր, որոնք Ազրցախի զինուած ուժերը կասեցուցին։

    Իրավիճակը շարունակեց մնալ լարուած մինչեւ 3 Օգոստոս, երբ դարձեալ ազերիները յարձակում գործեցին կիրառելով տարբեր տրամաչափի զէնքեր, նռնականետեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր։ Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ ազերիները խախտելով հրադադարը թիրախի տակ առած են հայկական մարտական դիրքերն ու զօրամասերէն մէկը, որուն հետեւանքով Արցախի բանակը ունեցած է երկու զոհ եւ 19 վիրաւոր։

    Արցախի առողջապահութեան նախարար Միքայէլ Հայրիեան 3 Օգոստոսին յայտնեց, որ «վիրաւորներէն մէկուն վիճակը ծայրայեղ ծանր է, մէկը՝ ծանր, մնացածին վիճակը միջին եւ թեթեւ է: Գրեթէ բոլոր վիրաւորումները բեկորային են»։

    Շաբաթ, 6 Օգոստոսի գիշերը եւառաօւտեան շփման գիծի որոշ հատուածներուն վրայ ազրպէյճանական բանակը կրկին խախտեց հրադադարը՝ կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ։ Հայկական կողմէն կորուստներ չկան, յայտնեց Արցախի Պաշտպանութեան բանակը։

  • Իրավիճակին առնչութեան Արցախի ազգային ժողովի խմբակցութիւնները յայտարարութիւն տարածեցին, ըսելով, որ Ազրպէյճանի կազմին մէջ խաղաղ գոյակցութիւնը Արցախի համար բացառուած է, շեշտելովխաղաղութիւնը բարձրագոյն արժէք է, սակայն խաղաղութիւն չ’ըլլար ուժի սպառնալիքի տակ, մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումով: Պատգամաւորները կոչ ըրին տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն եւ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն խստօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւնները եւ գործնական քայլեր ձեռնարկելուկանխելու համար նոր ոճրագործութիւններ, իսկ ռուս խաղաղապահներուն յորդորեցին իրականացնել բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւններըապահովելու կայունութիւնը:
  • Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 2 Օգոստոսին հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու մասնակցութեամբ: Պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեան զեկուցեց, որ իրավիճակը կը մնայ լարուած, սակայն Պաշտպանութեան բանակը կը հսկէ իրադրութեան։

    Նիստին ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանը Արցախին կապող միջանցքի հարցը: Ազրպէյճանցիները Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու միջոցով պահանջած են յառաջիկային երթեւեկութիւնը նոր ճանապարհով կազմակերպել: Քննարկուած են ձեռնարկուելիք քայլերը, ներառեալռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջոցով անվտանգ երթեւեկութեան ապահովումը:
  • 5 Օգոստոսին Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեան Քաշաթաղի բնակչութեան, շրջանի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկեց Աղաւնոյի, Ներքին Սուսի եւ Բերձորի բնակչութեանմինչեւ 25 Օգոստոսը տարհաելու հարցերը։

    Aravot.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չավուշեան ըսած է՝ «Ժողովուրդն ազնիւ է, ուզում է պայքարել, դուրս չգալ, բայց մնալու է շրջափակման մէջ, խառնուելու է: Յաղթանա՞կ ենք պարգեւելու ազերիներին: [ՀՀ վարչապետ Նիկոլ] Փաշինեանը հասցրել է այս ամէն ինչին, հիմա էլ ասում էդուք որոշէք: Կամ մնում էք մնացէք ադրբեջանական կազմում: Այսինքն, պետական մակարդակով պէտք է հարցերն ուղղել Նիկոլ Փաշինեանին, որն ասում էիք` միջանցքի հետ կապ չունի, կը պայքարենք, կը փորձենք, հիմա ի՞նչ եղաւ: Բնակիչն ի՞նչ պէտք է անի: Այնքան է թուլացրել Փաշինեանը, լուծարել, հիմա էլ գցում է ուրիշի վրա՞յ: Նորութիւն չէ, որ հայ ժողովուրդը անտէր է մնացել»:
  • 5 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ հասարակական եւ ընդդիմադիր ուժերու խումբ մը ներկայացուցիչներ բողոքի ցոյց կազմակերպեց, պահանջելով՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան պայմաններու կատարումը եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը պատշաճ մակարդակով ապահովումը:
  • Ցոյցի կազմակերպիչներէն, Արցախի Յեղափոխական կուսակցութեան նախագահ Արթուր Օսիպեան ըսաւ, որ վերջին օրերու լարուածութեան հարցով հանդիպում ունեցած են ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարին հետ եւ պահանջած, որ «պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկուին, որովհետեւ Ռուսիան պաշտօնապէս ստանձնած է Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու պատասխանատուութիւնը: Խաղաղ բնակչութիւնը տրուած այդ երաշխիքներու հիման վրայ ետ վերադարձած է»:

Ընկերային կեանքը Արցախի մէջ

  • 30 Յուլիսին Ասկերանի Դահրաւ գիւղին մէջ 6 ընտանիք ստացաւ նորակառոյց բնակարաններ։

    Նշուած 6 տուները կառուցուած են Արցախի կառավարութեան եւ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի համաֆինանսաւորմամբ, որոնցմէ իւրաքանչիւրի նուիրատուները եղած են Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանը, Երեւանի պետական համալսարանը, «Երեմեան փրոճեքթս»-ը, որոնք եւ այլ նուիրատուներ մասնակցութիւն ունեցած են նաեւ տուներուն կողքին գոմեր կառուցելու եւ անասուններ յատկացնելու գործին:

    Բնակարանամուտի արարողութեան ընթացքին Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն ու աջակիցներունԱրցախի ժողովուրդի կողքին կանգնելու եւ իրենց ցուցաբերուած նիւթական ու բարոյական աջակցութեան համար:

  • Մարտունիի Մաճկալաշէն գիւղին մէջ այս օրերուն բերքահաւաք է: Գիւղապետ Լեռնիկ Աւանեսեան տեղեկացուց, որ բնակիչներուն մէկ մասը զբաղուած է ջերմոցներու մշակութեամբ:

    Անոնք կ’աճեցնեն լոլիկ եւ վարունգ։ Մեծ ջերմոցներ ունեցողները հաւաքած բերքը կը տրամադրեն խանութներուն։ «Արդեն աւարտած են ցորենի եւ գարիի բերքահաւաքը: Այս տարուան բերքը, նախորդ տարիներու համեմատ, բաւական մեծ է: Առատ էր նաեւ թութը, որուն մէկ մասը վաճառած են, մնացածով օղի եւ դօշաբ պատրաստած»։ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով տուժած է անասնապահութիւնը: Գիւղի հիմնական արօտավայրերը անցած են թշնամիին հսկողութեան տակ, որուն պատճառով գիւղացիներուն մեծ մասը ստիպուած վաճառած է անասունները: Գիւղի բնակիչները կը զբաղին նաեւ խաղողագործութեամբ, որուն բերքը նոյնպէս առատ է այս տարի։

  • Երեքշաբթի, 2 Օգոստոսին, Ասկերանի Պատարայ գիւղին մօտ մեկնարկեց Արցախի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ուսանողական միջազգային 10-օրեայ վրանային ճամբարը: Համալսարանի մամլոյ պատասխանատու Զարինէ Սառաջեան տեղեկացուց, որ «ճամբարին կը մասնակցի մօտ 100 ուսանող Արցախի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ արտերկրի տարբեր համալսարաններէն: Նպատակ ունինք ամրապնդել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը: Կը կազմակերպուին պաշտօնական հանդիպումներ, հրատապ թեմաներով դասախօսութիւններ, այցելութիւն զօրամասեր, զարգացման խաղեր, բանավէճեր եւ քննարկումներ, մարզական, մշակութային միջոցառումներ, համերգային ծրագիրներ»: