Արցախն այս շաբաթ


— «Ազրպէյճանի նախագահը հնչեցուցած է արցախահայութեան տեղահանման եւ ցեղասպանութեան ծրագիրը», յայտնած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ մեկնաբանելով Ալիեւի կատարած վերջին յայտարարութիւնները այն մասին, որ Ղարաբաղի այն բնակիչները, որոնք չեն փափաքիր Ազրպէյճանի քաղաքացիներ դառնալ, կրնան «բնակութեան այլ վայր ընտրել իրենց համար»։

«Ազրպէյճանի նախագահը յստակ եւ բացայայտ յայտարարեց, որ գլխաւոր նպատակը Արցախը կուլ տալն է, եւ անոնք, որոնք համաձայն չեն, կրնան հեռանալ։ Մենք գիտենք, որ անոնք քանի մը հազար մարդոց ցուցակ ունին, որոնց մտադիր են գնդակահարելու, ասիկա մենք հաստատ գիտենք։ Բնականաբար, բնակչութեան 99,9 տոկոսը, կը հեռանայ Արցախէն, եթէ, ի հարկէ, յանկարծ անիկա յայտնուի Ազրպէյճանի կազմին մէջ։ Ոչ ոք այստեղ կը մնայ։ Այսինքն՝ Ալիեւը հնչեցուցած է հայերու տեղահանման եւ ցեղասպանութեան ծրագիրը։ Այլ բան է, թէ ինչպէս ան պիտի հասնի ատոր եւ որուն հետ պիտի խօսի այս թեմաներով։ Ես կը կարծեմ, որ արցախեան պետականութեան կազմաքանդման թեմայով անոր հետ հազիւ թէ Արցախէն ոեւէ մէկը խօսի։ Եւ մենք պէտք է հնարաւորինս անկեղծ ըլլանք մենք մեզի եւ աշխարհին հետ։ Ահա թէ ինչ կը սպասուի մեզի։ Մենք շատ կ’ափսոսանք, որ համաշխարհային հանրութիւնը այդպէս ալ համր մնաց Ալիեւի այդ մարդատեաց արտայայտութիւններուն հանդէպ», նշած է նախարարը։

Մէկ այլ առիթով նախարար Բաբայեան յայտնած է, որ Ազրպէյճանի հետ ուղիղ բանակցելուն պատրաստ են, եթէ ներգրաւուին հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր կողմերը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, Ազրպէյճանը, Արցախն ու Հայաստանը։ «Ազրպէյճանը պէտք է ընդունի Արցախը` որպէս հակամարտութեան լիիրաւ կողմ, այնուհետեւ հաւասարը հաւասարի հետ կրնանք բանակցիլ», ըսած է ան:

Բաբայեան ընդգծած է, որ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար յստակ ձեւաչափ կայ, որ  ընդունուած է ԵԱՀԿ-ի Պուտափեշտի գագաթնաժողովի ժամանակ` 1994-ին:

— 7 Հոկտեմբերին Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները յայտարարութիւն տարածած են Տոնեցքի, Լուկանսքի, Խերսոնի Եւ Զափորոժիէի Ռուսիոյ վերամիաւորման մասին` կոչ ընելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ եւ ՄԱԿ երկիրներուն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները կ’արձանագրեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 1991-ին իրաւական առումով անթերի իրացուցած է ինքնորոշման իր իրաւունքը` միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն, ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ այդ ժամանակ գործող ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան համապատասխան:

«Ընդունելով ՄԱԿ կանոնադրութեան ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքը եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Յուլիս 2010-ի վճիռը, ըստ որուն՝ միջազգային իրաւունքը չի արգելեր այնպիսի անկախութեան հռչակումը, ինչպէս Քոսովոն է, կոչ կ’ընենք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն եւ ՄԱԿ-ի անդամ միւս 190 պետութիւններուն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, ատով իսկ ի չիք դարձնելով անոր բնակչութեան առջեւ ծառացած գոյաբանական լրջագոյն սպառնալիքները», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

— 4 Հոկտեմբերին MediaHub.am-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան Հայաստան-Ազրպէյճան նախապատրաստուող խաղաղութեան պայմանագրին անդրադառնալով ըսած է․ «Արցախահայութեան շահերու հաշուին որեւէ փաստաթուղթ պէտք չէ ստորագրուի: Մեզի համար անընդունելի է ցանկացած փաստաթուղթ, որ կրնայ անտեսել Արցախեան հիմնախնդրի գոյութիւնը, հարուածի տակ դնել Արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանկարը եւ սահմանափակել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը»։

— 6 Հոկտեմբեր 2022-ին վարչապետ Փաշինեանի, նախագահ Ալիեւի, նախագահ Մակրոնի եւ նախագահ Միշելի հանդիպման արդիւնքով ընդունուած է յայտարարութիւն, որուն մէջ կը նշուի, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը։

Համատեղ յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991-ին Ալմա Աթայի հռչակագրին, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ ատիկա հիմք պիտի հանդիսանայ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու աշխատանքներուն»:

Ընկերային եւ մշակութային կեանքը Արցախի մէջ

— Մարտակերտի Յարութիւնագոմեր գիւղին մէջ կ’իրականացուին տուներու եւ ճանապարհներու վերանորոգութիւն։ Պատերազմին գիւղը վնասներ չէ կրած:

Գիւղապետ Հենրիկ Սարգսեանը «Արցախպրես»-ին յայտնած է, որ կուպրապարուած է գիւղի գլխաւոր ճանապարհը, վերանորոգուած է բուժկէտը, դպրոցի շէնքը, ուր 75 աշակերտ կը յաճախէ, իսկ մանկապարտէզը` 15 փոքրիկ:

Գիւղացիներուն մեծ մասը կ’աշխատի համայնքային հաստատութիւններու, «Բէյզ Մեթըլս» ընկերութեան, «Արցախբանկ»-ի մասնաճիւղին եւ ոստիկանական համակարգին մէջ: Բացի այդ, անոնք կը զբաղին նաեւ հողագործութեամբ ու անասնապահութեամբ: Համայնքը հիւրընկալած է տեղահանուած 6 ընտանիք։

Գիւղի հիմնական խնդիրներէն են՝ ոռոգման եւ խմելու ջուրի հարցը, երեխաներուն համար խաղավայրի, համայնքային կեդրոնի կառուցումը, ինչպէս նաեւ փողոցները լուսաւորութեան հարցը։

— Մարտակերտի Պողոսագոմերի դպրոցի շէնքը վթարային է եւ վերակառուցման կարիք ունի, յայտնած է գիւղապետ Արտակ Առուստամեանը:

«Համայնքի կազմին մէջ ընդգրկուած է նաեւ Ղազարահող գիւղը: Կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնցմէ առաջնահերթը դպրոցի վթարային շէնքի վերակառուցումն է: Ունինք 45 աշակերտ եւ 19 նախադպրոցական: Բացի այդ, գիւղին մէջ մանկապարտէզի տարիքի 32 երեխայ կայ, ուստի նաեւ մանկապարտէզի կարիք ալ կայ», յայտնած է ան:

Բնակիչներուն մեծ մասը հիմնականօրէն կ’աշխատին «Բէյզ Մեթըլս» ընկերութեան մէջ, մէկ մասն ալ հողահործութեամբ կը զբաղի։ Պատերազմէն ետք կուպրապատուած են գիւղի ճանապարհները, փոխուած են շատ տուներու տանիքներ, ներկայիս ջուրի հարցը կը լուծուի:

(լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի)

—Ասկերանի Այգեստան գիւղի տարածքին պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած բնակիչներու համար նոր բնակավայրի կառուցման աշխատանքները ընթացքի մէջ են։(լուսանկարները՝ «Արցախպրես»-ի)

Արցախի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան պատասխանատուներէն Գուրգէն Թեւոսեան յայտնած է, որ շինարարութիւնը սկսած է անցեալ տարի: Կը կառուցուի երկու սենեականոց 40 առանձնատուն, երեք սենեականոց` 80, չորս սենեականոց` 99 եւ հինգ սենեականոց` 35: Շինարարութիւնը կ’իրականացուի պետութեան միջոցներով։

— Մարտունիի Բերդաշէն գիւղին մէջ դպրոցին կից կը կառուցուի ձեռնարկներու համար նախատեսուած դահլիճ եւ մարզասրահ։

Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, դպրոցի կից մասնաշէնքը եռայարկ է, այժմ կ’իրականացուին ներքին յարդարման աշխատանքները, որոնք կը կատարուին պետական միջոցներով։

— 4 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է «Արցախեան գոյամարտ» խորագիրը կրող զարգացման խաղ-մրցոյթ, որուն մասնակցած են 6՝ Ստեփանակերտը, Մարտունին, Մարտակերտը, Ասկերանը, Շուշին ու Հադրութը ներկայացնող խումբերը:

10-12 դասարաններու աշակերտները մրցած են Արցախեան գոյամարտի մասին գիտելիքներով: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակից Նաիրա Ղահրամանեանի խօսքով` խաղին նպատակն է աշակերտներուն գիտելիքի մակարդակը բարձրացնել, համախմբել, գիտելիքներով հարուստ աշակերտները բացայայտել ու խրախուսել:

— Արցախի մէջ եւս երկու երկարօրեայ դպրոցներ պիտի գործեն Խնապատի եւ Կիչանի մէջ։ Հովանաւորը «Բառնաբաս» միջազգային հիմնադրամն է:

«Երկարօրեայ դպրոց»-ը Արցախի կառավարութեան կողմէ իրականացուող ռազմավարական ծրագիր է, որուն նպատակն է բարձրացնել կրթութեան որակը Արցախի բոլոր գիւղերուն մէջ` աշակերտներուն համար ապահովելով դասերու պատրաստում, ժամանց, մարզանք եւ առողջ սնունդ: Ներկայիս այս ծրագիրը կը գործէ Արցախի սահմանամերձ 14 գիւղերու մէջ:

— 5 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ Ուսուցիչի օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ։ Ներկայ էին Պետական նախարար Արտագ Բեգրալեան, Ազգային ժողովի  նախագահ Արթուր Թովմասեան, պաշտօնատար այլ անձիք:

Շնորհաւորելով ուսուցիչները՝ Բեգլարեան արժեւորեց անոնց առաքելութիւնը պետականակերտման գործին մէջ: «Կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր վաստակին, անխոնջ ծառայութեան, առաքելութեան համար: Կը հաւաստիացնեմ յառաջիկային աւելի մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնենք ուսուցիչներու եւ ընդհանրապէս կրթական համակարգի խնդիրներուն վրայ, որպէսզի  փուլ առ փուլ եւ համատեղ ջանքերով կարենանք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, աստիճանաբար բարձրացնել ուսուցիչի դերը  մեր հասարակութեան մէջ»։

Ուսուցիչներու մեծարման երեկոյին ելոյթներ ունեցան Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան  երաժշտական քոլեճի, Արուեստի եւ Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցներու սաները:

— 6 Հոկտեմբերին ՀՅԴ անդամ, Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր, Ասկոլկա) ծննդեան օրն է: Ստեփանակերտի Բեկորի անունը կրող պուրակին մէջ հաւաքուած էին Բեկորի ընտանիքի անդամները, կուսակցական, մարտական ընկերները, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, ուսուցիչներ ու աշակերտներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի խօսքով` Բեկորի ոգին պիտի մշտարթուն պահել, իսկ այդ ոգիին կարիքը միշտ եղած է ու պիտի ըլլայ. «Ես կը ցաւիմ, որ մեր շարքերուն մէջ այդ ոգիին տէր մարդկոց ցանկը նուազած է բոլոր ոլորտներու մէջ` քաղաքական, ռազմական, հասարակական: Ժամանակակիցներս շատ լաւ կը յիշենք ամենածանր պայմաններուն մէջ վճռական եւ ճիշդ որոշում կայացնելու Բեկորի ունակութիւնը, որ մեզի շատ անհրաժեշտ է մանաւանդ այս օրերուն», «Ապարաժ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ան:

Հերոսին թոռնիկը` Աշոտը, հաւաստիացուցած է, որ լաւ պիտի սորվի, որ հերոս պապիկը հպարտանայ իրմով:

— 4 Հոկտեմբերին Փարիզի մէջ մեկնարկած «Փարիզ-Ստեփանակերտ-Երեւան» փառատօնի ծիրէն ներս 5-6 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած են ֆիլմերու ցուցադրութիւն եւ գիրքերու քննարկումներ։ Ցուցադրուած են հայ եւ ֆրանսացի բեմադրիչներու ֆիլմեր:

Արցախի Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան աշխատակից Արուս Գասպարեան ըսած է, որ ներկայացուած ֆիլմերը հիմնականօրէն նախատեսուած են 11 եւ բարձր տարիքի խումբերու համար: Մասնաւորապէս ցուցադրուած են բեմադիչ Նիքոլա Պարիի «Թիմփլեպախի երեխաները», Նորա Մարտիրոսեանի «Երբ որ քամին հանդարտուի» եւ Մարի Ամիգէի ու Վենսան Միւնիէի «Ձեան յովազը» ֆիլմերը։

Նորա Մարտիրոսեանի ֆիլմը ֆրանս-հայկական համատեղ արտադրութեան ֆիլմ է` նկարահանուած Արցախի մէջ: Ֆիլմը ստացած է 4 Սեզար մրցանակ` «Լաւագոյն դերասան», «Լաւագոյն սենար», «Լաւագոյն բեմադրում», «Լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգերուն մէջ: Ըստ սենարի` միջազգային քննիչ Ալենը կը մեկնի Արցախ օդակայանի բացման հնարաւորութիւնը գնահատելու նպատակով: Առնչուելով տեղի բնակիչներու եւ  խորհրդաւոր երեխայի մը հետ` ան կը բացայայտէ նոր աշխարհ մը։

 «Փառատօնը արցախցի հանդիսատեսին հնարաւորութիւն ընձեռեց դիտել ֆիլմեր, որոնք համացանցի վրայ դեռ չկան:  Մասնակցութիւնն ու հետաքրքրութիւնը ֆիլմերու նկատմամբ գերազանցած են սպասումները: Նոյնիսկ տարբեր դպրոցներէ առաջարկներ եղան ֆիլմերը ցուցադրել իրենց դրպոցներուն մէջ, որպէսզի բոլոր աշակերտները հնարաւորութիւն ունենան դիտելու: Թոյլտւութիւն արդէն ստացանք եւ պիտի սկսինք այս  ֆիլմերը ներկայացնել նաեւ դպրոցներու մէջ», ըսած է Գասպարեան:

— Արցախցի բռնցքամարտիկ Էրիկ Առստամեանը դարձաւ Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան։ Արցախի Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն նշեցին, որ այս յաղթանակը աննախադէպ է, քանի որ Արցախի մարզական պատմութեան մէջ առաջին անգամ բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեան ունեցան։

8 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանին մօտ Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան, մարզական ոլորտի պատասխանատուներ եւ խումբ մը մարզասէրներ դիմաւորեցին բռնցքամարտիկ ախոյեանը։

Պատանի բռնցքամարտիկը իր յաղթանակի գրաւականներէն կը համարէ մեծ հաւատքն ու կամքը: «Հպարտ եմ, որ այս դժուար պահուն կրցայ թէկուզ քիչ մը ուրախացնել մեր ժողովուրդը», ըսած է ան:

5 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ դիմաւորած են նաեւ երիտասարդներու եւ մեծերու խառն մենամարտերու Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մեդալակիր, արցախցի մարզիկ Վասակ Բարսեղեանը: Մրցումը տեղի  ունեցած է 27 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբերին Իտալիոյ մէջ: Արցախէն մրցումին մասնակցած էին արցախցի երկու մարզիկներ՝ Վասակ Բարսեղեանը եւ Լեւոն Ծատրեանը: